ԵԹԷ ԾԱՌԻՆ ՃԻՒՂԵՐԸ ՉԸԼԼԱՅԻՆ

Նս­տած եմ պան­դո­կի սեն­եա­կիս պատշ­գա­մը: Գրե­թէ միշտ նոյն սեն­եակն է, որ կը վար­ձեմ ամէն ան­գամ, որ ար­ձա­կուր­դի կ՛եր­թամ, ուս­տի լաւ գի­տեմ նա­եւ այս պատշ­գա­մը: Նս­տած եմ ու կը նայիմ դէ­պի պար­տէզ, որ ծա­ռա­խիտ է եւ կա­նա­չու­թեան մէջ կ՛եր­կա­րի կ՛եր­թայ մին­չեւ մօ­տա­ւոր ծո­վե­զեր­քը: Վա­րը, ճիշդ իմ պատշ­գա­մին դի­մա­ցը ճիւ­ղե­րը չոր­ցած ծառ մը կայ: Մինչ քո­վի բո­լոր ծա­ռե­րը բեռ­նա­ւոր­ուած են տե­րեւ­նե­րով. այս մէ­կը տե­րեւ չու­նի: Չոր­ցա՞ծ ծառ է, թէ իր տե­րեւ­նե­րը թա­փած են: Չեմ գի­տեր: Միայն թէ ու­շադ­րու­թեամբ կը նա­յիմ այդ ծա­ռին, որով­հե­տեւ անոր վե­րի ճիւ­ղե­րուն վրայ չորս-հինգ ճնճ­ղուկ­ներ պար սար­քած են` իրա­րու հետ խա­ղա­լով: Շատ եր­ջա­նիկ ըլ­լալ կը թուին այդ թռ­չուն­նե­րը: Մէկ ճիւ­ղէն դէ­պի միւ­սը կը ցատ­կեն, կ՛ոս­տոս­տեն, իրա­րու կը քսուին, թե­րեւս իրա­րու հետ կը համ­բուր­ուին, իրա­րու հետ կը սի­րա­բա­նին, յե­տոյ դարձ­եալ կը թա­ռին ճիւ­ղի մը վրայ, դարձ­եալ կ՛ոս­տոս­տեն զուարթ ճռուո­ղիւն­նե­րով: Անոնք տե­րեւ­նե­րով բեռնա­ւոր միւս ծա­ռե­րուն հետ գործ չու­նին, իրենց նա­խընտ­րու­թիւնը գա­ցած է տե­րե­ւա­թափ եղած այս ծա­ռին: Ի՛նչ վար­պե­տու­թեամբ իրենց եր­կու փոք­րիկ ոտ­քե­րով կը կառ­չին ծա­ռին ճիւ­ղե­րուն: Ես ան­ձանձ­րոյթ կը հե­տե­ւիմ անոնց այս խա­ղին: Մօ­տա­ւո­րա­պէս հինգ վայրկ­եան կը տե­ւէ: Յե­տոյ յան­կարծ բո­լորն ալ կը հե­ռա­նան, կ՛եր­թան: Կար­ծես թա­տե­րա­կան ներ­կա­յա­ցում մըն էր, որ կը վեր­ջա­նայ:

Եր­կար կը մտա­ծեմ թռ­չուն­նե­րուն սար­քած այս խա­ղին վրայ եւ յան­կարծ ես ին­ծի կը հարց­նեմ.

«Հա­պա՞ եթէ ծա­ռին ճիւ­ղե­րը չըլ­լա­յին»:

Թե­րեւս մին­չեւ հի­մա բնաւ չէի մտա­ծած, որ ծա­ռե­րու ճիւ­ղե­րը մեծ նշա­նա­կու­թիւն ու­նէ­ին թռչուննե­րուն հա­մար: Թռ­չուն­նե­րը այս ճիւ­ղե­րուն վրայ ապա­հո­վա­բար այն­քան հան­գիստ են, որքան մենք հան­գիստ ենք մեր բազ­կա­թոռ­նե­րուն մէջ: Հար­կաւ տա­նի­քի մը վրայ կամ հարթ մակերե­սի մը վրայ ալ կը թա­ռին թռ­չուն­նե­րը, բայց հի­մա ին­ծի այն­պէս կը թուի, թէ տա­նիք­նե­րը կամ հարթ գե­տին­նե­րը սի­րե­լի չեն թռ­չուն­նե­րուն, մա­նա­ւանդ, սա փոք­րա­հա­սակ ու սի­րուն ճնճղուկ­նե­րուն: Եւ հի­մա դարձ­եալ ին­ծի այն­պէս կը թուի, որ այս սի­րուն թռ­չուն­նե­րը դժ­բախտ են, եթէ իրենց տրա­մադ­րու­թեան տակ ծառ մը չկայ, եւ կը ստիպ­ուին թա­ռիլ տա­նի­քի մը վրայ կամ այլուր: Բա­րե­բախ­տա­բար անոնք ան­պայ­ման ծառ մը կը գտ­նեն: Ո՜վ գի­տէ, Մայր Բնու­թիւնը թերեւս թռ­չուն­նե­րուն հա­մար է, որ ստեղ­ծած է ծա­ռե­րու ճիւ­ղե­րը:

Բայց թռ­չուն կայ, թռ­չո՛ւն ալ կայ: Դի­մա­ցի ծա­ռը դրախ­տա­յին վայր էր ճնճ­ղուկ­նե­րուն հա­մար, բայց աղաւ­նի­նե­րը կը նա­յի՞ն թա­ռիլ այդ բա­րակ ճիւ­ղե­րուն վրայ ու սի­րա­բա­նիլ իրա­րու հետ: Մեծա­հա­սակ ճա­յե­րը կր­նա­յի՞ն գալ ու հանգ­չիլ այդ վտիտ ճիւ­ղե­րուն վրայ: Արա­գիլ մը, որ տանիքնե­րու ծխ­նե­լոյզ­նե­րը կը սի­րէ, կր­նա՞ր իր այդ ծան­րութ­եամբ թա­ռիլ ծա­ռի մը ճիւ­ղե­րուն վրայ:

Պան­դո­կիս այս պատշ­գա­մէն է, որ ես, ամէն ան­գամ որ ար­ձա­կուր­դի կ՛եր­թամ, կը դի­տեմ թռչուննե­րը:  Բայց պատշ­գա­միս թռ­չուն­նե­րը ընդ­հան­րա­պէս աղաւ­նի­ներ են: Ամէն ան­գամ որ կ՛եր­թամ ու գո­նէ կէս ժամ­ուան մը հա­մար կը նս­տիմ պատշ­գա­մի մէջ, ան­պայ­ման կու գան եր­կու աղաւ­նի­ներ, ընդ­հան­րա­պէս մէ­կը սպի­տակ փե­տուր­նե­րով, միւ­սը` սեւ փե­տուր­նե­րով: Ես հի­նէն ի վեր նկա­տած եմ, որ աղաւ­նի­ներ ընդ­հան­րա­պէս զոյգ կը պտտ­կին, եթէ մէ­կը կու գայ, ետե­ւէն ու­րիշ մըն ալ կու գայ:

Այս ան­գամ, հա­կա­ռակ որ Մարտ ամս­ուան մէջ էինք, օդը այն­քան գե­ղե­ցիկ էր, որ նս­տայ պատըշգա­մը  եւ սկ­սայ ու­տել գետ­նախըն­ձո­րի «չիփս»: Ան­մի­ջա­պէս որ բա­ցի գետ­նախն­ձո­րի ծրարը, սեւ փե­տուր­նե­րով աղաւ­նի մը եկաւ ու սկ­սաւ  դառ­նալ շուրջս: Եր­կու կտոր չիփս նե­տե­ցի թռ­չու­նին: Թռ­չու­նը մէկ կող­մէ կը վախ­նար ինձ­մէ, մէկ կող­մէ ալ կը ջա­նար մօ­տե­նալ ու խլել գետնախն­ձո­րի շեր­տը: Եր­կու շերտ եւս նե­տե­ցի: Ո՜վ զար­մանք, յան­կարծ երեք աղաւ­նի­ներ եւս եկան: Քա­նի մը շերտ գետ­նախն­ձոր եւս նե­տե­ցի: Հի­մա չորս աղաւ­նի­ներ իրա­րու մըր­ցա­կից դարձած էին գետ­նախն­ձոր­նե­րը խլե­լու հա­մար: Վա­խով դո­ղով կը մօ­տե­նա­յին, կը կտ­ցէ­ին գետնախն­ձո­րը, որ կը փշր­ուէր, կտոր մը կ՛առ­նէ­ին ու քիչ մը կը հե­ռա­նա­յին զայն ու­տե­լու հա­մար, յե­տոյ դարձ­եալ կը մօ­տե­նա­յին, զի­րար կը քշէ­ին, եր­բեմն իրա­րու վրայ կը յար­ձա­կէ­ին զի­րար հեռաց­նե­լու հա­մար: Վախ­նա­լով հան­դերձ ինձ­մէ, յս­տակ կեր­պով ին­ծի կը նա­յէ­ին, որ­պէս­զի տեսնէ­ին, թէ նոր գետ­նախն­ձոր կը նե­տե՞մ: Ես այս ան­գամ յատ­կա­պէս ոտ­քե­րուս տակ կը նե­տէի ու կը սպա­սէի, որ թռ­չուն­նե­րէն մէ­կը վա­խով դո­ղով մօ­տե­նար ին­ծի: Թռ­չուն­նե­րէն մէ­կը կամ միւ­սը, միշտ աչ­քը վրաս` կա­մաց-կա­մաց կը մօ­տե­նար ու կայ­ծակ­նա­յին արա­գու­թեամբ կտոր մը կը խլէր ու հե­ռու կը փախ­չէր: Շու­տով փշ­րանք մը ան­գամ չմ­նաց պատշ­գա­միս մէջ, եւ երբ անոնք համոզուե­ցան, որ ես այ­լեւս նոր գետ­նախն­ձոր պի­տի չնե­տէի, բո­լո­րը մէկ հե­ռա­ցան պատշ­գա­մէս: Ան­շուշտ` առանց շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լու:

Եթէ ծա­ռին ճիւ­ղե­րը չըլ­լա­յին:

Նա­եւ.

Եթէ թռ­չուն­նե­րը անօ­թի չըլ­լա­յին:

Պատշ­գա­միս չորս հիւր աղաւ­նի­նե­րը ին­ծի ան­գամ մը եւս յի­շե­ցու­ցին, որ եթէ անօ­թի ես, ամէն տեսակ վտան­գը աչք կ՛առ­նես ու­տե­լիք մը յափշ­տա­կե­լու հա­մար: Թռ­չուն­նե­րը զիս իբ­րեւ վտանգ կը տես­նէ­ին, բայց չէ­ին կր­նար ան­տար­բեր մնալ գե­տին նետ­ուած գետ­նախըն­ձոր­նե­րուն նկատմամբ: Ես ի՞նչ կըր­նա­յի ընել, որ­պէս­զի բա­ցատ­րեմ, թէ ինձ­մէ վախ­նա­լու պէտք չու­նէ­ին:

Յա­ջորդ ան­գամ գետ­նախն­ձո­րի չիփ­սի ծրա­րը հոն պի­տի պար­պեմ ու ես ներս պի­տի քաշ­ուիմ: Ո՛վ գի­տէ, որ­քան պի­տի ու­րա­խա­նան աղաւ­նի­նե­րը:

 

Ռ.Հ.