Մինչ ցուցարարները նոր կառավարութիւն կը պահանջեն` Ռուսիան ու Թուրքիան կը մեկուսացնեն Հայաստանը

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան կը գրէ.

Այս յօդուածով կը փորձեմ բացատրել Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու յանկարծակի վերականգնման պատճառները, որ նաեւ ջերմօրէն ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի, եւ որոշակիօրէն Իրանի կողմէն` մինչ Երեւանի մէջ խոշոր առճակատում  տեղի կ’ունենար զինուած ընդդիմադիր խումբի մը եւ ոստիկանութեան միջեւ:

Մոսկուան եւ Անգարան՝ մէկ կողմ ձգելով իրենց հակամարտութիւնը` նախորդ տարի սուրիական սահմանի մօտ Թուրքիոյ կողմէ ռուսական ռազմական օդանաւին խոցման պատճառով, այժմ “հաշուարկով ամուսնութիւն” կնքած են` մեկնելով իրենց փոխադարձ ազգային շահերէն: Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներուն կողմէն ընդունուած այս գործնական որոշումը նպատակ ունի առաւելագոյնի հասցնելու իրենց տնտեսական օգուտները եւ համակարգելու արտաքին քաղաքականութիւնները` հնարաւորութիւն ընձեռելով աւելի լաւ դիմակայելու Արեւմուտքի ճնշումները:

Ռուսիան կը տառապի փլուզուող տնտեսութենէն,  գլխաւորաբար անոր դէմ որոշուած արեւմտեան պատժամիջոցներու պատճառով` Ուքրանիոյ Ղրիմի կցումէն ետք: Միւս կողմէն, Թուրքիոյ, (հակառակ անոր անդամակցութիւնը ՆԱԹՕ-ին եւ Եւրոպայի խորհուրդին), չի թուլատրուիր միանալ Եւրոմիութեան եւ ան կը մեղադրուի Սուրիոյ մէջ ԻԼԻՊ-ին աջակցելու համար: Աւելին, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան վրդոված է, որ բազմաթիւ եւրոպական երկիրներ խստօրէն քննադատած են իր կոշտ միջոցները ընդդէմ քաղաքական հակառակորդներու, Յուլիս 15-ի յեղաշրջման փորձէն ետք: Էրտողան նաեւ դժգոհ է, որ Միացեալ Նահանգները Թուրքիոյ չարտայանձնեց մահմետական հոգեւորական Ֆեթհուլլահ Կիւլէնը, զոր ան կը մեղադրէր ռազմական յեղաշրջման փորձի կազմակերպման մէջ:

Ռուսիան ու Թուրքիան, մերժելով  “անհարկի արեւմտեան միջամտութիւնը” իրենց ներքին եւ արտաքին գործերուն, որոշեցին հիմք դնել նոր դաշինքի մը, որ զիրենք կը  հանէ Արեւմուտքի մեկուսացումէն: Այդ նպատակին հասնելու համար Ռուսիոյ նախագահ Փութին Օգոստոս 8-ին Պաքուի մէջ հանդիպեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւին եւ Իրանի նախագահ Ռոհանիին, իսկ Օգոստոսի 9-ին Ս. Պեթերզպուրկի մէջ` Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին: Այս չորս երկիրները ստորագրեցին շարք մը կարեւոր տնտեսական համաձայնագիրներ եւ քննարկեցին տարածաշրջանային մեծ ազդեցութիւն ունեցող էական քաղաքական հարցեր, ներառեալ` Արցախեան հակամարտութեան հարցը: Յաջորդ օրը Փութին Մոսկուայի մէջ հանդիպեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին` աւելի վաղ կայացած իր հանդիպումներու արդիւնքները անոր ներկայացնելու համար:

Մինչ Ռուսիոյ մերձեցումը Հայաստանի ոխերիմ թշնամիներուն` Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ, կրնան յանգեցնել նախագահ Սարգսեանի վրայ ծանր ճնշումներ բանեցնելու` տարածքային զիջումներու երթալու Արցախի հարցով, ան կրնայ նաեւ նուազեցնել Ատրպէյճանի կողմէն ռազմական գործողութիւններու հնարաւորութիւնը Արցախի դէմ առանց Փութինի համաձայնութեան: Պէտք չէ զարմանալ, որ այս նոր վերախմբաւորումը Ատրպէյճանի, Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ կրնան նաեւ վերակենդանացնել 2009 թւականին ստորագրուած Հայ-թրքական մեռեալ արձանագրութիւնները, որուն արդիւնքով կը բացուի անոնց միջեւ ընդհանուր սահմանը Արցախի հարցով Հայաստանի “հաշտարար քայլի” հետ միասին:

Այսօրուան խորամանկ թուրք ղեկավարները կ’երթան հետքերով իրենց օսմանեան նախնիներու, որոնք տասնամեակներ շարունակ հմտօրէն կը հրահրէին եւրոպական խոշոր երկիրներէն մէկը միւսներուն դէմ, իսկ յետոյ կ’անցնէին միւս կողմը, երբ իրենց ձեռնտու էր: Անհաւատալիօրէն, Էրտողան ջերմ յարաբերութիւններու մէջ է Ռուսիոյ հետ` միաժամանակ մնալով իբրեւ ՆԱԹՕ-ի անդամ եւ օգտուելով երկու կողմերէն: Միացեալ Նահանգներ եւ ՆԱԹՕ-ի միւս անդամները պէտք չէ հանդուրժեն թրքական այս խաբեբայութիւնը: Անոնք պէտք է խստօրէն  նախազգուշացնեն Էրտողանը` ընտրելու` կամ ՆԱԹՕ-ն կամ Ռուսիան… Եթէ Թուրքիոյ նախագահը շարունակէ Ռուսիոյ կողմը բռնել, ան կրնայ յայտնուիլ պարապ տաշտի առջեւ, երբ Քրեմլի հետ անոր դաշինքը փլուզուի…

Երբ մութ ամպեր կը կուտակուէին Հայաստանի եւ Արցախի վրայ, հայերը զբաղած էին ներքին վէճերու կարգաւորմամբ: Յուլիս 17-ին Երեւանի մէջ ոստիկանութեան գունդի գրաւումը 31 զինեալներու կողմէն, որոնց ղեկավարները Արցախեան պատերազմի վետերաններ էին, լուրջ մտահոգութիւն յառաջացուց հայերու մօտ երկրի մէջ եւ դուրս:  “Սասնայ ծռեր” անունը կրող խումբը կը պահանջէր նախագահ Սարգսեանի հրաժարականը, քաղբանտարկեալներու ազատ արձակում, միջանկեալ կառավարութեան ձեւաւորում եւ նոր ընտրութիւններ:

Երկշաբաթեայ դիմակայութիւնենէն ետք, որուն ընթացքին երեք ոստիկան սպաննուեցաւ, զինուած մարդոցմէ քանի մը հոգին վիրաւորուեցան եւ տասնեակ ցուցարարներ վնասուածքներ ստացան կամ ձերբակալուեցան, ներառեալ` լրագրողներ, Սասնայ ծռեր խումբի մնացած անդամները յանձնուեցան: Ամէն գիշեր հարիւրաւոր, երբեմն ալ հազարաւոր ցուցարարներ հանրահաւաքներ կը կազմակերպէին` իրենց աջակցութիւնը արտայայտելով վետերաններու խումբի պահանջներուն:

Այս ողբերգական առճակատման իսկական արմատները խորն են եւ կը հասնին մինչեւ Հայաստանի անկախութեան առաջին օրերը: Բնակչութեան լայն խաւերու շրջանի մէջ մեծ զայրոյթ եւ հիասթափութիւն կուտակուած է վերջին քառորդ դարու ընթացքին, երբ աւելի քան մէկ միլիոն մարդ լքեց երկիրը` իրենց ընտանիքներու տարրական հոգերը բաւարարելու համար: Անոնք, որոնք մնացին, բազում զրկանքներ կրեցին եւ տառապեցան կամայականութիւններէն, ներառեալ` փտածութենէն, կեղծուած ընտրութիւններէն, անարդար դատական համակարգէն, անտարբեր պետական պաշտօնեաներէն եւ մենաշնորհներ ունեցող մեծահարուստներէն…

Այս բոլորի հետեւանքով քաղաքացիներու մեծ մասը կորսնցուց իր հաւատքը կառավարութեան նկատմամբ: Հակառակ զինուած յարձակումը ոստիկանութեան գունդի վրայ այլախոհութեան ընդունելի ձեւ չէ, սակայն երբ մարդիկ երկար ժամանակ կը գտնուին անելանելի վիճակի մէջ եւ որեւէ այլընտրանք չեն տեսներ իրենց դժգոհութիւնները լուծելու համար, ստիպուած կը դիմեն ծայրայեղ միջոցներու:

Մինչ նման ներքին պառակտումը կրնար վտանգել Հայաստանի եւ Արցախի ապահովութիւնը, ցուցարարները կը մնան անդրդուելի` համարելով, որ ոչ հաշուետու ղեկավարներ ունենալը աւելի վտանգաւոր է: Որքան ալ տարօրինակ է, բայց բոլոր անոնք, որոնք դէմ են Արցախի շուրջ հնարաւոր բուֆերային գօտիի ստեղծման, օգնեցին Սարգսեանի դիրքերու ամրապնդման` համոզելու Փութինը, որ հայ ժողովուրդը Արցախի հարցով կտրականապէս դէմ է որեւէ տարածքայի զիջման:

Եթէ իշխանութիւնները կը ցանկան կանխել յետագայ ներքին խռովութիւններու կրկնութիւնը, ուստի պէտք է բոլոր անհրաժեշտ միջոցները ձեռնարկեն ցոյց տալու համար, որ իրենք իսկապէս կը մտածեն հայ ժողովուրդի բարեկեցութեան մասին: Այս նպատակով, նախագահ Սարգսեան վերջերս խոստացած է կտրուկ փոփոխութիւններ իրականացնել, ներառեալ “ազգային միասնութեան կառավարութեան” ձեւաւորումը: Հասկանալի է, որ բազմաթիւ քաղաքացիներ թերահաւատօրէն կը վերաբերին անոր, քանի որ նախապաէս համանման անկատար խոստումներ շատ լսած են:

2017 թուականին կը նախատեսուի նոր խորհրդարանի ընտրութիւն, իսկ նոր նախագահը պիտի ընտրուի խորհրդարանի պատգամաւորներու կողմէն 2018 թուականին: Եթէ յաջորդ ընտրութիւնները արդար չ’ըլլան եւ չներկայացնեն բնակչութեան տարբեր հատուածները, ապա կրնան աւելի լուրջ խռովութիւններ ըլլալ: Ազատ ընտրութիւններ իրականացնելու բեռը ինկած է ոչ միայն պետական պաշտօնեաներու, այլեւ ուսերուն այն ընտրողներուն, որոնք կը վաճառեն իրենց քուէները…

Ժողովրդավարական ճանապարհով ընտրուած կառավարութիւնը միակ միջոցը ձեռք պիտի բերէ ժողովուրդի վստահութիւնը` ոչ միայն երկրի արդար կառավարման, այլեւ արտաքին յարաբերութիւնները պատշաճ կերպով վարելու համար, ներառեալ Արցախի շուրջ բանակցութիւնները: Ներկայիս մեծ անվստահութիւն կայ, որ փակ դռներու ետեւ վարուող բանակցութիւնները Մոսկուայի մէջ կամ այլուր կը բխին հայ ժողովուրդի շահերէն:

Այս նոր պարտադրուած անկայուն աշխարհառազմավարական մեկուսացումէն դուրս ելելու համար Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւնները պէտք է ընդօրինակեն թրքական վաղեմի մարտավարութիւնը` “բաժնէ եւ տիրէ” Ռուսիան հանելով Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի դէմ, անով իսկ կանխելով Ատրպէյճանի, Իրանի, Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ հնարաւոր համաձայնութիւնը Արցախեան հակամարտութեան հարցով:

 

Թարգմանութիւնը կատարեց Ռուզաննա Աւագեան