Թուրքիոյ ճակատին պէտք է գրուի «Աստ հանգչի տեմոքրասին»… Ժողովրդավարութեան ախոյեան Թուրքիոյ մէջ, ուր յանուն տեմոքրասիի խօսքի ազատութիւն պէտք է ըլլայ, «Ձախող յեղաշրջում»ին մասնակցութեան ամբաստանութեամբ հազարաւոր մարդիկ ձերբակալուեցան եւ ով գիտէ ինչո՞վ պիտի «վճարեն» իրենց «յանցանք»ին տուգանքը:
Հազարաւոր դատաւորներ, հարիւրաւոր ուսուցիչներ, լրագրողներ կալանքի տակ են, եւ ինչո՞ւ համար, այս մարդիկը զէ՞նք վերցուցին իշխանութեան դէմ, թէ որովհետեւ շատոնց է սեւ ցանկին վրայ էին եւ յանուն ազատ խօսքի իրաւունքին, տիրող վարչակարգը կը քննադատէին եւ յետ այսու այլեւս լուռ մնալու պիտի դատապարտուին եւ ոչ մէկը իրաւունք պիտի ունենայ պետութեան դէմ արտայայտուելու կամ էրտողանին «Աչքիդ վրայ յօնք կայ» ըսելու:
Է՞… ուրեմն ո՞ւր մնաց տեմոքրասին: Տեմոքրասիի դէմ են եղեր տեմոքրասիի իրաւունքով ազատ խօսողները… Այսպիսի հանելուկ լուծելը դժուար է. յանուն ժողովրդավարութեան, ժողովրդավարօրէն գործողները երբ կալանքի տակ կ՛առնես ու անմարդկային չարչարանքներու կ՛ենթարկես գորշ գայլերու քու վոհմակիդ շղթաները արձակած, ալ որո՞ւ կրնաս կլլեցնել, որ ըրած «մաքրագործումդ» երկրին բարօրութեան եւ տեմոքրասիի վերահաստատման համար է:
Քու տեմոքրասիիդ խելքերնիս չի հասնիր պարոն նախագահ, նոյնիսկ եթէ Օպաման տասը մատներով կնքէ ու տասը տեսակ Ինճիրլիք ալ գործի լծէ:
Սատկած անասուններու թաղման վայրին վրայ գրած են «Դաւաճաններու գերեզման» եւ սպանուած յեղաշրջումի մասնակիցները հոն պիտի թաղեն եղեր. պռաւօ ձեզի:
Չե՞ն ամչնար, երբ բան մը կ՛ըսեն եւ ուրիշ բան կ՛ընեն: Սակայն որո՞ւ կ՛ըսես, մէյ մը մարդուն երեսին քօղը պատռած է, ալ ամէն ստոր բան կարելի է ակնկալել իրմէ:
Ամբողջ աշխարհը տեսաւ ու դեռ կը շարունակէ տեսնել ամէնօրեայ ձերբակալութիւնները Թուրքիոյ մտաւորականութեան, որոնց շնորհիւ էր, որ երկրին քիչ թէ շատ ժողովրդավարութիւն ապահովուած էր. հիմա ալ ո՞վ կը համարձակի ազատօրէն քննադատել տիրող իշխանութիւնը, ժողովրդավարը իր ժողովուրդը վառեց ու այրեց եւ Թուրք-իան տասնամեակներով ետ տարաւ:
Յեղաշրջումի առաջին ժամերուն կատու դարձած Էրտողանը հիմա իր դիմակը հանած, իսկական գորշ գայլի իր երեսը ցոյց տուաւ ու ժանիքները սրած, ասպարէզ կը կարդայ աշխարհին ու զինք դիեցնող Արեւմուտքը կ՛ամբաստանէ, որ իբր թէ ան հրահրած է յեղաշրջումը: Կռնակը ապահովեց Ռուսիոյ հետ հաշտուելով, անոր ոտքերը լզելէ ետք, ու հիմա կը փորձէ Սուրիան ալ սիրաշահիլ:
Մարդը սմսեղուկ կ՛ըլլայ, բայց այսքան ստոր, սրիկա դառնալը չէինք պատկերացներ: Դարձա՛ւ, եղա՛ւ, ասոր թուրք կ՛ըսեն: Րէն հանես ու մնացածը երեսին շպրտես:
Յակոբ Միքայէլեան