Չինական կողմը հետաքրքրուած է հայ-իրանեան երկաթուղիի կառուցումով: Այս յայտարարութիւնը կատարած է Չինաստանի առեւտուրի փոխնախարար Ցեան Քեմին՝ Հայաստանի երթեւեկի եւ կապի նախարար Գագիկ Բեգլարեանի հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին, որուն մասնակցած են նաեւ Հայաստանի մէջ Չինաստանի դեսպան Թիան Էրլուն, չինական «CCECC» կազմակերպութեան եւ «Սինոհիտրօ Քորփորէյշըն»ի ներկայացուցիչներ:
Ըստ News.am-ի՝ նախարար Գագիկ Բեգլարեան ընդգծած է, որ երթեւեկի եւ կապի ոլորտին մէջ հայ-չինական յարաբերութիւնները օրէ օր կը զարգանան։ «Մի քանի տարի շարունակ չինական մի շարք կազմակերպութիւններ Հայաստանի Հանրապետութեան ճանապարհաշինութեան ոլորտում փորձում էին իրականացնել տարբեր ծրագրեր եւ, վերջապէս, այս տարի դա յաջողուեց: Մենք այսօր աշխատում ենք «Սինոհիդրօ Քորփորէյշն» ընկերութեան հետ, իսկ աւելի երկար տարիներ համագործակցել ենք նաեւ «CCECC» կազմակերպութեան հետ», յայտնած է Գ. Բեգլարեան:
Ց. Քեմին նոյնպէս կարեւոր նկատած է վերջին շրջանին երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան ձեռքբերումները, յատկապէս երթեւեկի ենթակառուցուածքներու ոլորտին մէջ: Ան յատուկ կերպով անդրադարձած է չինական «Սինոհիտրօ Քորփորէյշըն»ի կողմէ «Հիւսիս-հարաւ» ճամբու միջանցքի կառուցման նախագիծը շահելուն՝ հաստատելով, որ չինական կողմը ժամանակին եւ որակեալ կերպով աշխատանք պիտի տանի՝ ակնկալելով հայկական կողմին մնայուն ու բազմակողմանի աջակցութիւնը։
Կողմերը անդրադարձած են նաեւ Մետաքսի ճամբու վերականգնման կարեւորութեան եւ այն դերին, որ, որպէս երթեւեկային հանգոյց, ունի Հայաստանի Հանրապետութիւնը Եւրասիական տարածաշրջանին մէջ: Չինական կողմը նաեւ նշած է, որ հետաքրքրուած են հայ-իրանեան երկաթուղիի կառուցմամբ:
Հանդիպման աւարտին Չինաստանի առեւտուրի փոխնախարարը պատրաստակամութիւն յայտնած է հետագային եւս շարունակելու համագործակցութիւնը ճանապարհաշինութեան ոլորտին մէջ: Նախարար Բեգլարեան վստահեցուցած է, որ հայկական կողմը եւս հետաքրքրուած է երկու երկիրներուն միջեւ երթեւեկի ենթակառոյցներու ոլորտին մէջ փոխշահաւէտ, արդիւնաւէտ եւ երկարատեւ համագործակցութեամբ: