Երեւանի Կոմիտաս պողոտայէն դէպի Օփերա գացող հանրակառքին մէջ նստած էր Անին: Մայիսեան հրաշալի իրիկնամուտ էր: Հանրակառքը այդքան լեցուն չէր ամէն անգամուան պէս եւ ան կրցած էր գրաւել նստարան մը: Կանգառները արագօրէն կը յաջորդէին իրարու: «Երթեւեկութիւնը թեթեւ է: Լաւ որ աւելի կանուխ չելայ ճամբայ»,- մտածեց ան:
Ամերիկեան Համալսարանի կանգառին տարիքոտ կին մը բարձրացաւ հանրակառք եւ նստաւ Անիին դիմացի նստարանին վրայ: Անիին թուեցաւ, թէ իր մեծ մայրը կը տեսնէ: Նմանութեան գիծեր կային այդ կնոջ եւ իր մեծ մօր միջեւ: «Մազերը ճիշդ մեծ մօրս մազերուն կը նմանին, հապա աչքե՜րը… կ՛ըսես ամբողջութեամբ ինքն է` մեծ մայրս»: Զուգահեռներ գծելու իսկական պատճառներ փնտռելով` երեւակայութեան թափը կտրեց: Անդրադարձաւ, որ զուգորդումը մասամբ կը պարտէր իր վառ երեւակայութեան:
Պահ մը յիշեց ողորմած մեծ մայրը եւ իրեն թուաց, թէ անոր ձայնը կը լսէ հանրակառքին աղմուկին մէջ: Բայց այդ պարզ էր արդէն: Իր մեծ մօր ձայնը շատ տպաւորած էր զինք եւ յաճախ կը հնչէր իր ականջին մէջ:
«Կրնայ ըլլալ, որ մեզի ազգական կու գայ», ըսաւ մտքին մէջ, եւ նոյն ակնթարթին իսկ սկսաւ այլ վերլուծութիւն մը կատարել. հասաւ մինչեւ Եղեռն…:
Իսկ այդ հիւսուածքէն, հարցադրումներու տարափէն, Անիին միտքին մէջ ծնաւ հետապնդող եւ հալածիչ հարցումը. «Ինչո՞ւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը տեղի ունեցաւ: Ա՜խ, եթէ միայն տեղի ունեցած չըլլար…»:
Սրտցաւէն ակնթարթ մը ետք, Անիին ստեղծագործ ուղեղը սկսաւ նկարել փոխարինող իրականութեան մը պատկերը:
«Հայաստանը միացեալ է, եւ մայրաքաղաքը Վանն է, քանի որ մայրաքաղաքը երկրի մը սիրտը պէտք է գտնուի` անոր կեդրոնը, չէ՞», հարցումը տուաւ ինքն իրեն եւ զգաց, որ այդ հարցական մտածումը դէմքին ալ հարցական արտայայտութիւն մը կու տայ եւ ժպտաց:
«Այո՛, Վանն է մայրաքաղաքը», վճռեց եւ շարունակեց իր իմացական նկարչական աշխատանքը: «Ես հիմա, թերեւս, հոն ըլլայի», երկմտաց, «կամ, ըսենք, Պոլիս» ըսաւ մտովի, երկրորդ անգամ մտածելէ ետք: «Արդեօ՞ք քանի միլ-իոն կ՛ըլլայինք»: Խորհեցաւ պահ մը հաշուել: Բայց շուտով հրաժարեցաւ այդ մտքէն: Թուաբանութեան մէջ փայլուն` միշտ ալ խուսափած էր այդ հաշիւը ընելէ, նոյնիսկ ընդվըզած, որովհետեւ համոզուած էր, որ անհեթեթութիւն է մարդը թիւի վերածելը: Անցաւ առաջ: Փորձեց անուններ տալ ցեղասպանութեան զոհ գացած մէկուկէս միլիոնէն իւրաքանչիւրին… Եւ ահա այդ պահուն, կարծես թէ խորապէս զգաց, ըմբռնեց ցեղասպանութեան հետեւանքով մարդկային կորուստներուն իմաստը եւ արժէքը: «Մեր նահատակ գրագէտները նահատակ պիտի չկոչուէին, այլ մեր տաղանդաւոր լուսահոգի գրագէտները պիտի ըլլային», մտածեց ափսոսանքով:
Անին յիշեց Անդրանիկ Ծառուկեանի «Սէրը եղեռնին մէջ» գիրքը, որ ընթերցած էր տարիներ առաջ:
Վերապրեցաւ այդ գիրքին պատմութիւնը եւ կսկիծէն ու ափսոսանքէն աւելի ընդվզում զգաց: Ձեռքը բռունցքի վերածեց` առանց զգալու, երբ մտքին մէջ կը կրկնէր Սիամանթոյի խօսքը. «Ով մարդկային արդարութիւն, թող ես թքնե՛մ քու ճակատին»:
Հասած էր Օփերա: Կանգնեցաւ: Այդ հարազատ, բայց անծանօթ կնոջ ժպտաց նրբօրէն, եւ վճարելով վարորդին հարիւր դրամ` իջաւ հանրակառքէն: Զգաց, որ տրամադրութիւնը լաւ չէ: Նեղացաւ իր մտածումներէն: Այդ ուրկէ՜ ո՛ւր նման մտածումներ պաշարած էին զինք երեւանեան պայծառ վերջալոյսին:
«Ի՛նչ ալ ընեմ, ի՛նչ ալ ըլլայ, ա՛յս է իրականութիւնը, փախուստ չկայ այս մտածումներէն», դժգոհանքով ակնարկեց ինքն իրեն: Յետոյ` «Այս բոլոր մարդիկը, կը մտածե՞ն ինծի պէս: Թերեւս ամէն մարդ իւրովի ձեւով կ՛ըմբռնէ ցեղասպանութեան հետեւանքները», եզրակացուց ան` գիւտ մը ընողի պէս:
Մտածումները կը յաջորդէին իրարու: Քալելով դէպի իր ժամադրավայրը` ներքին վճիտ ձայնով վըճռեց, եւ այս անգամ աւելի հաստատուն կը զգար իր վճիռը.
«Պէտք է սկսիմ համացանցին մէջ հայերէնով գրառել: Գոնէ ա՛յս ձեւով անմահացուցած կ՛ըլլամ մեր նահատակ գրագէտները եւ իրենց ժառանգութիւնը` հայերէնը»:
Ցօղիկ Աշըգեան