Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի նախաձեռնութեամբ Օգոստոս 25-ին, Երեւանի պետական համալսարանին մէջ մեկնարկեց «Հայկական աշխարհը համացանցում» խորագիրով գիտաժողովը:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, ԵՊՀ ղեկավար Արամ Սիմոնեան, ՀՀ ԳԱԱ հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս քարտուղար Եուրի Սուվարեան, «Սինոփսիս Արմէնիա» ընկերութեան գործադիր տնօրէն Յովիկ Մուսայէլեան:
Ողջունելով գիտաժողովի մասնակիցները՝ ՀՀ սփիւռքի նախարարը յատկապէս շեշտեց այն հանգամանքը, որ տեղեկատուական ճարտարագիտութիւններու վերջին զարգացումները նպաստեցին, որպէսզի Հայրենիքի եւ Սփիւռքի միջեւ կապը առաւել դիւրանայ եւ արագանայ:
«Որպէս սփիւռքի նախարար` տարբեր առիթներով նշել եմ, որ շնորհակալ եմ, երախտապարտ եմ համացանց ստեղծողին: Դուք պատկերացրէք, որպէսզի մենք ձեզ հետ կապուէինք` ամիսներ պէտք կը լինէր` որեւէ նամակ տեղ հասցնելու համար: Այսօր մէկ րոպէի ընթացքում, ձեռքի մէկ հպումով` ամբողջ աշխարհասփիւռ հայութեանը կարողանում ենք փոխանցել, տեղեկացնել անհրաժեշտ տեղեկատուութիւնը եւ նրանցից տեղեկութիւններ ստանալ»,- նշեց Հրանոյշ Յակոբեանը եւ յոյս յայտնեց, որ գիտաժողովի մասնակիցները գործնական քայլեր պիտի ձեռնարկեն՝ միասնական համահայկական եւ ազգ օգուտ ցանց ստեղծելու ուղղութեամբ, որ աւելի պիտի խթանէ հայկական ներուժին համախմբումը, հայկական աշխարհին հզօրացումն ու միասնականութիւնը: