Գէորգ Ալմասեան. «Օտարերկրացիները շատ լաւ տպաւորութիւն ունին հայերուն մասին»

«Պատերազմը քննութիւն է մեր մարդկայնութեան: Այն անձը, որ պատերազմի ժամանակ հաւատարիմ կը մնայ  իր իսկական զգացմունքներուն, այն անձերէն է, որոնք կը պահեն իրենց մարդկայնութիւնը: Քանի քանի մարդիկ ձախողեցան այս քննութեան մէջ»,-«Հայերն այսօր»-ի զրուցակից`  Գէորգ Ալմասեանը այսպէս կը պատկերացնէ պատերազմը:

Սուրիահայ   Գէորգ Ալմասեանը քաղաքագէտ-լրագրող է, ան վերլուծական յօդուածներով հանդէս կու գայ շարք մը արաբական եւ օտար կայքերու մէջ:

 

– Հետաքրքրուա՞ծ էք Հայաստանով եւ կը տարածէ՞ք Հայաստանի լուրերը օտարներուն քով:

– Անշուշտ, հետաքրքրուած եմ Հայկական իրադարձութիւններով, մանաւանդ Ատրպէյճանին հետ տեղի ունեցած հակամարտութիւններով, եւ միշտ կը փորձեմ կեդրոնանալ Արցախի լուրերուն վրայ: Ինչպէս նաեւ մտահոգուած եմ Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայ համայնքներու հարցերով, մանաւանդ որ հայերու գոյութիւնը վտանգի տակ եղաւ Սուրիոյ պատերազմը սկսելէն եւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններ ձեւաւորուելէն ետք:

 

–  Ի՞նչ էր հայերուն կեցուածքը Սուրիոյ պատերազմին վերաբերեալ:

– Սուրիոյ պատերազմը, ուզենք թէ չուզենք, գոյութեան պատերազմ է: Հայերուն կեցուածքը գնահատելի է ժողովրդական առումով, քանի որ հայերը Սուրիոյ պետութեան կողքին էին: Բայց իմ կարծիքովս հայկական կազմակերպութիւնները հայ համայնքին համար յստակ ուրուագիծ մը պէտք է գծէին, որպէսզի համայնքը գիտակցէր թէ ինչ պէտք է ընէր, առանց ուրուագիծի համայնքը ցրուած մնաց:

 

– Ի՞նչ էր Թուրքիոյ դերը Սուրիոյ պատերազմին մէջ:

– Թուրքիոյ դերը Սուրիոյ պատերազմին մէջ յստակ էր առաջին իսկ օրէն, երբ Էրտողանը դիմեց նախագահ Ասատին, որպէսզի կառավարութեան երկու երրորդը Մուսուլման եղբայրներուն տայ: Եւ երբ մերժեց Ասատը, Էրտողան անցաւ իսլամական ծայրահեղական խմբաւորումները զինելու գործին, մանաւանդ Սուրիոյ հիւսիսային տարածքէն ներս եւ մասնաւորապէս Հալէպի մէջ: Քանի որ հոնտեղի զինուած խմբաւորումերու մեծամասնութիւնը կը համագործակցի թրքական հետախուզական ծառայութիւններուն հետ, որոնք կ’ապահովեն խմբաւորումերու բոլոր տեսակի ռազմական ու նիւթական աջակցութիւնները:

 

– Ի՞նչ պէտք է ընենք Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հասնելու համար, ի՞նչ է հայուն պարտականութիւնը:

– Հայ համայնքները պէտք է շարունակեն իրենց խաղաղ քաղաքական պայքարը, համայն աշխարհի պետութիւններու և ժողովուրդներու ճանաչումը ստանալու համար: Սակայն պէտք է զգուշանալ կարգ մը պետութիւններու քաղաքական շահագործումերէն, որոնք իրենց շահերէն ելլելով՝ զիջումներ ստանալու նպատակով, Թուրքիոյ վրայ ժամանակաւոր ճնշում կը գործադրեն եւ հայերուն կը դնեն քաղաքական շուկայի հաշուեկշիռին մէջ: Ամենաթարմ օրինակն է Գերմանիոյ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, որ պարզապէս քաղաքական շանտաժ էր, Էրտողանին վրայ փախստականներու հարցով ճնշում գործադրելու նպատակով:

 

– Հայը ինչպիսի՞ տպաւորութիւն ձգեր է օտարներուն քով:

– Օտարերկրացիները գրեթէ շատ լաւ տպաւորութիւն ունին հայերուն մասին: Կ’ըսեն, թէ հայերը շատ լաւ ու աշխատասէր մարդիկ են, եւ ամենակարեւորը անկեղծ են ու՝ վստահելի:

Վերջին տարիներուն այցելեցի տասէն աւելի տարբեր երկիրներ:  Բոլորին տպաւորութիւնները նոյնն էին, դրական էին մօտեցումները:

 

– Հայաստան այցելա՞ծ էք: Կը մտածէ՞ք փոխադրուիլ Հայաստան:

– Երկու անգամ եկած եմ Հայաստան, բայց ներկայիս չեմ մտածեր փոխադրուիլ, Հայաստանի մէջ աշխատանք չունենալուս պատճառով:

 

Սեւան Քելեշեան