Երկուշաբթի՝ 22 Օգոստոս 2016-ին, Մոնթրէալի Գոնգորտիա համալսարանին մէջ ներկայացուեցաւ Գանատահայ Տիանա Սգայայի եւ Լիլիանա Գոմորոսքայի բեմադրած «Հօրս» վաւերագրական ժապաւէնը։
Վաւերագրականը կը ներկայացնէ Խորհրդային Միութեան Ուքրանիոյ սահմաններուն մէջ գտնուող լեհաբնակ Վինիցիա քաղաքին մէջ 1937-1938 տեղի ունեցած սպանութիւններու ժամանակագրութիւնը։ «Սթալինեան մաքրագործումներ»ու օղակին մաս կազմող Վինիցիայի ցեղասպանութեան մասին առաջին անգամ ըլլալով վաւերագրական նման ժապաւէն կը նկարահանուի։ Վինիցիայի եւ անոր շրջակայ բնակավայրերուն մէջ 1937-1938 100 հազար լեհ ցեղասպանութեան ենթարկուած է։
Բեմագրութիւնը կը կեդրոնանայ Շուշի ծնած հօր կողմէ հայկական արմատներով բեմադրիչ Տիանա Սգայայի լեհ մօրաքրոջ Ալինա Պանտրոսքայի յուշագրութեան վրայ։ Յուշերուն մէջ Ալինա Պանտրոսքա կը պատմէ Վինիցիա բնակող իր բանաստեղծ հօր Ադամ Պանտրոսքիի մասին։ Լեհ բանաստեղծը կը գնդակահարուի սովետական գաղտնի սպասարկութիւններուն կողմէ։
Գեղարուեստական համադրումով ներկայացուած այս վաւերագրական կարճամեթրաժ ժապաւէնը զգացական իր ուժգնութեամբ կը ստիպէ հանդիսատեսին ամբողջ 25 վայրկեան տեւողութեամբ հետեւելու իւրաքանչիւր դրուագի եւ խորասուզուելու բանաստեղծատիպ ոճով գրուած բեմագրութեան տողերուն մէջ։
Նշենք, որ ժապաւէնը ներկայացուած է այս տարուան Գաննի ֆիլմի փառատօնին։