Ամառ է եւ Օգոստոսը արձակուրդի յարմար ամիս է, որպէսզի տարուան մը աշխատանքային յոգնութենէ ետք, մարդիկ կազդուրուին եւ վերադառնան իրենց աշխատանքներուն եւ իրենց երեխաներն ալ պատրաստ ըլլան Սեպտեմբեր 1-ի դպրոցական առաջին զանգին:
Ըստ մարդոց նիւթական կարողութեան, եղան եւրոպական երկիրներ ճամբորդողներ, եղան նաեւ սահմանակից Վրաստանի ծովեզերեայ հանգստավայրերը ուղղուողներ, իսկ ժողովուրդին չախչախիչ մեծամասնութիւնը մնաց Հայաստան եւ բաւարարուեցաւ Սեւանով ու Դիլիջանով, կամ ալ շարունակեց աշխատիլ ու բաւարարուիլ մերձակայ պուրակներով:
Ինծի ծանօթ երկու ընտանիք, որոնք Վրաստանի Սեւծովեան շըրջանները այցելած էին առաջին անգամ ըլլալով, երբ վերադարձան, դըրուատիքով խօսեցան այդ երկրին մէջ տիրող պայմաններուն մասին, մասնաւորաբար շեշտեցին, որ կաշառք կոչուած բանը գոյութիւն չունի հոն, աշխատավարձերը շատ աւելի բարձր են բաղդատած Հայաստանի եւ շինարարութիւնը մեծ թափով յառաջ կ՛երթայ:
Սկիզբը լռելեայն ընդվզեցայ, որ մեր քիթին տակ գտնուող այդ երկրին պայմանները մերինէն աւելի լաւ են, ապա ցաւ զգացի երբ հաշտըւեցայ իրականութեան հետ:
Ինչո՞ւ Վրաստանի մէջ կարողացած են վերացնել կաշառակերութիւնը. ինչո՞ւ հոն տնտեսութիւնը աւելի բարւոք վիճակի մէջ է. ի՞նչ տուեալներ օգնած են, որ անոնք տարբեր ըլլան մեզմէ, երբ երկու երկիրներն ալ Խորհրդային համակարգէն միեւնոյն ժամանակ դուրս եկան: Վրաստանը, որքան գիտեմ, մասնաւոր հանքային հարստութիւններ չունի, սակայն ծով ունի եւ տարածք. արդեօք այդ երկու տուեալները բաւարա՞ր են զինք այնքան մը բարեփոխելու, որ տարբերութիւնը այսքան ակնյայտ ըլլայ, որ պարզ այցելուն իսկ կարենայ նկատել:
Անոր յարաբերութիւնները սահմանակից Ռուսիոյ հետ լաւ չեն, սակայն իր դռները լայն բացած է Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի գործարարներուն առջեւ: Ամէն քայլափոխի թրքական դրօշակներով զարդարուած խանութներ ու ճաշարաններ կը տեսնես ու կը զարմանաս, թէ ինչո՞ւ այս քրիստոնեայ երկիրը հայերուն հետ լաւ չէ, սակայն հայերու թշնամիներուն հետ սիրաբանութիւններ կ՛ընէ:
Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսը` Թիֆլիս դարձնողները մեր հայերն էին, երբ ԺԹ դարու մեր ամբողջ Արեւելահայ գրականութիւնը հոն զարգացաւ, մեր դպրոցները, թերթերը, մեր թատրոնը… մէկ խօսքով մեր մշակոյթը հոն փայլեցաւ Սայեաթ Նովայէն, մինչեւ Թումանեան ու Վերնատան անդամները: Իսկ այսօր մեր դէմ ատելութիւն ունին, այնքան մը, որ մեր մեծերուն գերեզմանները վանտալիզմի ենթարկուեցան վրացի խուլիկաններու կողմէ:
Ու հիմա նախանձով կը տեսնենք, թէ ի՛նչ դրական բարեփոխումներ կատարուած են հոն զանազան մարզերու մէջ եւ երկիրը ինչպիսի՜ յառաջդիմութեան մէջ է:
Եւ դարձեալ մեր գանկերուն մէջ կը հնչէ նոյն հարցումը. «Ինչո՞ւ իրենք եւ ոչ մենք»:
Չի՞ բաւեր որքան պարկեցանք մեր անցեալի փառքերուն վրայ, ժամանակը չէ՞ ոտքի կանգնելու եւ ներկան փառաւորելու թէ՛ քաղաքական, թէ՛ տնտեսական եւ թէ՛ մշակութային բնագաւառներուն մէջ դրական մեծ փոփոխութիւններ ընելով:
Յակոբ Միքայէլեան