Երեւանի քաղաքապետարանի ծրագիրով բարեկարգուած ու նոր յարմարութիւններով ապահովուած Երեւանի կենդանաբանական այգին հանգիստի իւրօրինակ վայր դարձած է մայրաքաղաքի բնակիչներուն եւ հիւրերուն համար: Անցեալ 4 ամիսներու ընթացքին այգին ունեցած է 236000 այցելու, որմէ 65000-ը Երեխաներու պաշտպանութեան միջազգային օրը` Յունիս 1-ին, հնարաւորութիւն ունեցած է այցելելու անվճար:
Երեւանի կենդանաբանական այգին արդէն իսկ մեկնարկած է Երեւանի քաղաքապետարանի ֆինանսաւորմամբ իրականացուող վերանորոգման եւ բարեկարգման ծրագրի երկրորդ փուլը: