«Արարատ» իր շահեկանութեան համար ստորեւ կը ներկայացնէ Օքսֆորտի համալսարանի ընկերաբանութեան ամպիոնի դասախօս, սփիւռքագէտ` Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեանի հետ վերջերս կատարուած հարցազրոյցը: Յիշեցնենք, որ հարցազրոյցը կատարուած էր հայրենի «Առաջին լրատուական» կայքին կողմէ:
– Պարոն Չիլինկիրեան, Ձեր կարծիքով` Յուլիս 17-ին Երեւանի կեդրոնին մէջ սկսած իրադարձութիւնները ի՞նչ էին, ի՞նչ բանի հետեւանք էին:
– Հայաստանն իր անկախութեան 25 տարիներու ընթացքին, սկզբը ունենալով դրական զարգացումներ, յետագային շատ բացասական եւ ոչ նպաստաւոր զարգացումներ ունեցաւ ինչպէս ներքին կեանքին մէջ, այնպէս ալ արտաքին աշխարհին մէջ: Ներքին կեանքին մէջ յատկանշական են ո՛չ արդար, ո՛չ ժողովրդավարական ընտրութիւններու ընթացքն ու այլ բազում հարցեր: Եւ այսօր, ինչպէս կը տեսնենք, Հայաստանի մէջ կը շարունակուին այդ բացասական երեւոյթները: Տեղի ունեցած իրադարձութիւնները թերեւս այնքան ալ անսպասելի չէին: Այս կը նշանակէ, որ 25 տարուան ընթացքին չենք յաջողած կառուցել այնպիսի երկիր, որ այդ անկախութեան 25-ամեակը հպարտութեամբ տօնենք: Այս բոլորիս համար մեծ ցաւ է եւ մեծ բացասական երեւոյթ:
Անցեալ տարի համազգային մակարդակով ձեռնարկեցինք Ցեղասպանութեան 100-ամեակի միջոցառումներ, որոնցմէ հարկ է յիշել կարեւորագոյններէն մէկը` «Աւրորա» մարդասիրական մրցանակը, որմով փորձ կատարուեցաւ` Հայաստանը ներկայացնել, որպէս մարդասիրական գաղափարներու, մարդասիրական շարժման երկիր: Եւ ահաւասիկ այսօր, երբ Հայաստանի մէջ նման իրադարձութիւններ տեղի կ՛ունենան, մենք կը հասկանանք, որ մեր երկրին մէջ այնքան ալ չեն պաշտպանուիր մարդու իրաւունքները:
– Պարոն Չիլինկիրեան, Դուք խօսեցաք մեր նորագոյն պատմութեան 25 տարիներու բացթողումներուն մասին, բայց այսօր համատարած անվստահութիւն կայ ո՛չ միայն իշխանութիւններուն, այլեւ ընդդիմադիր քաղաքական հատուածին նկատմամբ:
Տեղի ունեցածն, ըստ էութեան, քաղաքական համակարգի ի սպառ չգոյութեան հետեւանք է: Տարբեր փորձագէտերու կարծիքով` գործի դրուեցան զէնքերը, քանի որ խօսքերն այլեւս ըսելիք չունէին եւ օգտակար չէին ստեղծուած իրավիճակի համար:
– Այո, պէտք է նաեւ նկատի ունենալ, որ այսօր ամբողջ աշխարհի մէջ փոխուած են ժամանակները: Վերջին տասը տարիներու ընթացքին փոխուած են քաղաքական պայքարի ձեւերը, շարժումները: Մենք, կարծես, թէ՛ Հայաստանէն ներս, թէ՛ Սփիւռքի տարածքին մեծ մասամբ տակաւին բաւական հինցած մօտեցումներով կը գործենք: Այսօր կայ նոր սերունդ` Հայաստանի
անկախութենէն ետք, որուն մտածողութիւնը այլ է, կան նոր արհեստագիտական միջոցներ, որոնք մարդուն հնարաւորութիւն կու տան տեղեկութիւններ ստանալ` մինչեւ պաշտօնական հաղորդագրութիւնները: Այսինքն` մէկ կողմէ` կան նոր հասարակական դրսեւորումներ, որոնք տեղի կ՛ունենան ընդ հանուր աշխարհի փոփոխութիւններու ֆոնին, միւս կողմէ` վերջին իրադարձութիւնները ցոյց տուին, որ, այնուամենայնիւ, զէնքով
գործողութիւնները Հայաստանի մէջ կը վայելեն հասարակութեան աջակցութիւնը: Այս հետաքրքրական է, քանի որ աշխարհի տարածքին մարդիկ կը դատապարտեն, դէմ են զէնքով ուժի կիրառման: Բայց Հայաստանի մէջ այդ ընդունելի դարձած է, որ կը նշանակէ, որ մարդիկ այնքան յոգնած են, որ նոյնիսկ նման քայլերն իսկ գովելի կը նկատեն, իսկ երբեմն ալ` անհրաժեշտ:
Մենք այսօր ազգովին այնպիսի սահմանագիծի վրայ ենք, որ այլեւս հնարաւոր չէ խօսքերով, խոստումներով լուծել մեր ազգային խնդիրները: Պէտք է հաւաքական մօտեցումով պաշտպանուին Հայաստանի քաղաքացին եւ անոր հիմնարար իրաւունքները:
– Մենք մշտապէս Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն ժամանակ տեսած ենք Սփիւռքի բաւական կրաւորական կեցուածքը: Սփիւռքը մշտապէս հեռու մնացած է Հայաստանի ներքին հարցերուն միջամտելէ: Հայաստան մշտապէս յոյս ունեցած է, որ Սփիւռքը կը միջամտէ, զօրավիգ կը կանգնի իր ներքին հարցերուն: Այդ եղած է յատկապէս 2008 թուականին, երբ Սփիւռքը եւ Հայոց եկեղեցին ժողովուրդի կողքին կանգնելու փոխարէն` կանգնեցան իշխանութեան կողքին: Ատոր յաջորդեցին այլ իրադարձութիւններ, բայց բոլոր դէպքերուն ալ Սփիւռքին` Հայաստանի ներքի կեանքին խառնելու բոլոր փորձերը, մատնուած են անյաջողութեան: Արսինէ Խանճեանին հետ տեղի ունեցած միջադէպը կարծես թէ արմատապէս փոխեց վիճակը, եւ Սփիւռքը կարծես թէ այս անգամ «Սասնայ ծռեր»ուն հետ տեղի ունեցածը բաւական գրգռուած ընդունեց. Սփիւռքի տարբեր համայնքներուն մէջ ընթացան բողոքի շարժումներ` ի պաշտպանութիւն «Սասնայ ծռեր»ուն: Եթէ փորձենք ի մի բերել այն, ինչ տեղի ունեցաւ վերջին օրերուն, եւ հաշուի
առնել այն հանգամանքը, որ տղաներուն մէջ կային նաեւ Սփիւռքի ներկայացուցիչներ, կրնա՞նք ըսել, թէ ինչպէ՞ս կրնայ Սփիւռքը ներգրաւուիլ այս թնճուկին եւ Հայաստանի համար առօրէական հարցերու լուծման գործին մէջ:
– Շատ կարեւոր հարցում կ՛ուղղէք: պէտք է նախ` աւելի մանրամասնել, թէ Սփիւռք ըսելով ի՞նչ կը հասկնանք: Այս երկու շաբաթներու ընթացքին շատ կը խօսուի, որ Սփիւռքը պէտք է նեցուկ կանգնի, իր ձայնը բարձրացնէ: Բայց պէտք է յստակացնել, թէ ի՞նչ է Սփիւռքը: Սփիւռքը պետութիւն չէ, միահամուռ կառոյց չէ: Այսօր մենք կը խօսինք Սփիւռքի մասին, բայց շատ ընդհանուր պատկերացումներով: Պէտք է աւելի ճշգրիտ ձեւով բնորոշել, թէ ի՞նչ նկատի ունինք` Սփիւռք ըսելով: Մէկ կողմէ կրնամ ըսել, որ Սփիւռքը մասնակցած եւ հիմա ալ կը մասնակցի Հայաստանի ներքաղաքական կեանքին` նեցուկ
կանգնելով: Վերջին այդ դէպքերուն մէջ, ինչպէս դուք նշեցիք, ներգրաւուած էին նաեւ սփիւռքահայեր: Հիմնական դէմքերը` Ժիրայր Սեֆիլեանը, Ալեք Ենիգոմշեան եւ այլք, սփիւռքահայեր են: Հետեւաբար այնպէս չէ, որ Սփիւռքը ամբողջովին դուրս է Հայաստանի ներքաղաքական կեանքէն: Բայց խնդիրն այլ է. Կը կրկնեմ` պէտք է աւելի ճշգրիտ ձեւով խօսիլ Սփիւռքի, Սփիւռքի ներկայացուցիչներուն մասին:
– Կը նշէ՞ք, թէ Սփիւռքի ո՞ր հատուածը կրնայ միջամտել Հայաստանի ներքին հարցերուն: Եկեղեցի՞ն պէտք է միջամտէ, քաղաքական կուսակցութիւննե՞րը, թէ՞ ասկէ դուրս հատուած մը, որուն համար Հայաստանի ներքին խնդիրներն ու մարդու իրաւունքները շատ աւելի կարեւոր հարցեր կը դառնան, քան
Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը:
– Այսօր ես, որ Սփիւռքի կեանքը երկար տարիներ ուսումնասիրած եմ, կրնամ ըսել, որ Սփիւռք ըսելով` պէտք է հասկնալ 500 մարդ: Սփիւռքը 500 հոգի է: Չկարծէ՛ք, որ խօսքը 6-7-8 միլիոն հայութեան մասին է: Պէտք է մեր քննարկումներուն առանցքը դառնայ ղեկավարութեան խնդիրը: Այսօր մենք Սփիւռքի մէջ ունինք ղեկավարներ, բայց չունինք ղեկավարութիւն: Մարդիկ
պաշտօններ, աթոռներ զբաղեցուցած են, բայց միահամուռ, մտածուած, համագործակցուած քաղաքականութիւն չկայ:
Իւրաքանչիւր կազմակերպութիւն, իւրաքանչիւր կառոյց իր ղեկավարներուն հետ առանձին կը զբաղի այդ հարցերով: Բայց ընդհանուր հարցերու լուծում փնտռող անձեր կը բացակային:
Այսօր Սփիւռքի մէջ եւս բազմաթիւ խնդիրներ կան: Չկարծէ՛ք, թէ Սփիւռքը Արեւմուտքի մէջ է, եւ ուրեմն խնդիրներ չկան: Այսօր Սփիւռքի կառոյցները այնքան ալ ժողովրդավարական հիմունքներով չեն առաջնորդուիր: Անցնող 25 տարիներու ընթացքին Սփիւռքը «հայաստանացաւ»: Այսինքն` Հայաստանի
իշխանութիւնները փորձեցին Սփիւռքի բոլոր կառոյցները իրենց շահերուն համար ծառայեցնել: Եւ Սփիւռքի այդ կառոյցներուն ղեկավարները շատ տարուած, զգացական ձեւով ենթարկուեցան այդ ճնշումին: Սփիւռքի «հայաստանացման» այդ գործընթացին դերակատարութիւն ունեցան երեք հիմնական կառոյցներ` յատկապէս Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին, հայ աւանդական կուսակցութիւնները եւ բարեգործական ու մշակութային կազմակերպութիւնները: Այս բոլորը այս տարիներու ընթացքին մեծ մասամբ տարբեր ազդեցութիւններու ենթարկուեցան:
– Սփիւռք ըսելով` նկատի ունիք նաեւ յետխորհրդայի՞ն տարածքը: Նկատի ունիք նաեւ այն հսկայ դրամական հոսքերը, որոնք մենք ունինք հայ մեծահարուստներէ, որոնք ոչ միայն քաղաքական, այլեւ ազգակցական շղթաներով կապուած են հայաստանեան իշխանութիւններուն: Եւ նաեւ արեւմտեան` աւանդակա՞ն Սփիւռքը: Ինչպէ՞ս զանոնք պէտք է տարանջատենք: Այդ 500-ին մէջ նկատի ունիք նաեւ զանո՞նք, թէ՞ ոչ:
– Այո՛, հաանաբար ղեկավարները կան: Իմ նշած թիւս գիտական տուեալ չէ: Բայց եթէ փորձենք Սփիւռքի ազդեցիկ մարդոց եւ կազմակերպութիւններու ղեկավարներու ցանկ կազմել, հազիւ 500 մարդու մասին է խօսքը: Պէտք է ընդունինք, որ Սփիւռքի մասին խօսելու ժամանակ պէտք է յոգնակիով խօսիլ: Մենք այսօր ունինք հայ գաղութներ տարածուած բազմաթիւ երկիրներու եւ տարբեր պայմաններու մէջ ապրող: Եւ ետքը` երբ կը նայինք Հայաստանի քաղաքական դաշտին, ապա կը նկատենք, որ Սփիւռքի մէջ քաղաքական գործունեութիւն ծաւալողները մեծ մասամբ Հայաստանի Սփիւռքն է, ոչ թէ, ինչպէս կ՚ըսուի, աւանդական Սփիւռքը, որ աւելի ընդհանրական մօտեցում ունի Հայաստանի նկատմամբ: Այսօր եթէ Հայաստանէն 1 միլիոնէ աւելի մարդ հեռացած է, ապա այս արդէն լուրջ Սփիւռք է Հայաստանի համար: Այս, եւս մէկ անգամ, կը փաստէ, որ Սփիւռքը բազմակողմանի է, որմէ աւելի քաղաքականացուած Հայաստանի Սփիւռքն է: Իսկ աւանդական Սփիւռքը մեծապէս զբաղած է Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով: Իմ կարծիքով`
այսօր մեր ընդհանուր ազգային կեանքին մէջ կը պակսի երեք կարեւոր խումբերու անհրաժեշտ մէկտեղումը` (ա) մտաւորականութեան, (բ) կառոյցներու ղեկավարներու եւ (գ) մարդոց որոնք մեծ հնարաւորութիւն կամ նիւթական միջոցներ կամ կարողութիւններ ունին: Այս երեք խմբաւորումները պէտք է համագործակցին իրարու հետ, որպէսզի ազգային գաղափարախօսութիւնն ու քաղաքականութիւնը յստականան: Այսինքն`
մենք մեր ազգային առաջնահերթութիւնները պէտք է միասնաբար քննարկենք եւ ճշդենք, քանի որ այսօրուան աշխարհը խնդիրներու համալիր լուծում կը պահանջէ:
– Պարոն Չիլինկիրեան, Սփիւռքէն նախաձեռնութիւն սպասե՞նք, թէ՞ այդ նախաձեռնութիւնը պէտք է կատարուի Երեւանէն` պաշտօնական մակարդակով կամ քաղաքացիական հատւածէ` առաջարկելու, որպէսզի Սփիւռքը մասնակցի իր ներքին կեանքին: Պէտք է սպասել հրաւէրներո՞ւ, թէ՞ այսօրուան իրա դարձութիւնները պէտք չէ սպասեն հրաւէրներու:
– Ինչպէս նշեցի, Սփիւռքը պետութիւն, կամ միահամուռ կառոյց մը չէ: Բայց, Հայաստանը որպէս պետութիւն շատ աւելի միջոցներ, հնարաւորութիւններ եւ լծակներ ունի քան նոյնիսկ ամենամեծ Սփիւռքեան գաղութը: Մինչեւ հիմա Սփիւռքի նախաձեռնութիւնները, քաղաքական իմաստով, խօսքէ ու բողոքէ
անդին չեն անցած: Երկու տասնեակ տարիներ Սփիւռքի աչքին առաջ մարդիկ քննադատութիւններ, բողոքներ եւ նամակներ գրած են, բայց հիմնական խնդիրները չեն լուծուած: Օրինակ` Շարլ Ազնաւուր տարիներով բացէ ի բաց քննադատած է Հայաստանի իշխանութիւններն ու իրավիճակը, բայց իր քննադատութիւնները լսելի չեն եղած իշխանութիւններուն կողմէ, հակառակ Ազնաւուրի հանրային յայտարարութիւններուն: Աւելին, իբր ՀՀ դեսպան` թերեւս ակնկալելի էր, որ Ազնաւուրին խօսքերը աւելի ազդեցիկ պէտք էր ըլլային կամ պէտք է տեղ հասնէին: Բայց ոչ: Շարք մը հանրայայտ արուեստագէտներ նաեւ անցող տարիներուն բողոքներ ներկայացուցած են, բայց ոչ մէկ դրական արդիւնք: Սփիւռքը, մանաւանդ ղեկավար դէմքերը,
խօսքէ գործնականի անցնելու համար անհրաժեշտօրէն պէտք է կառոյցներ կամ գործընթացներ ստեղծուին եւ հեռանկարային մօտեցումով լուրջ աշխատանք տանի: Խօսքերն ու անհատները մեծ ոյժ չեն ներկայացներ, բայց կազմակերպ, լուրջ տեսիլքով ու անհրաժեշտ միջոցներ ունեցող կառոյցները կրնան հաւաքական կամքը կենսագործել: