Շաբաթ 24 Սեպտեմբեր 2016ը եղաւ պատմական օր մը: Օրինակելի երեւոյթով եւ զգայացունց զգացումներով առլցուն, մոնթրէալահայ գաղութը մեծ խանդավառութեամբ զանգահարեց Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակը:
Համայն գաղութը անխտիր դարձած էր մէկ բռունցք: Անխտրօրէն իրենց սուրբ մասնակցութիւնը բերին հայ համայնքի երեք կուսակցութիւնները, յարանուանութիւնները բոլոր մարմիններն ու միութիւնները, միասնաբար, ապացուցանելով գաղութին ուժը, արժէքը, կազմակերպչական ու արուեստի բարձրութիւնը, մանաւանդ յարգանքն ու անսահման սէրը հանդէպ հայրենիքին:
Գրեթէ կատարեալ հանդիսութիւն մըն էր: Յարգանքի խոնարհութիւն՝ տարեդարձի` «Քէպէքի Հայ Համայնքի Միացեալ Մարմնի» անդամներուն, բոլոր արուեստի մասնակցողներուն եւ մանաւանդ շատ սիրելի հայրենասէր ներկայ բազմահարիւր ազգայիններուն, հատ առ հատ, իրենց բարձր ոգիին ու զգացումներուն համար:
Յաջորդիւ՝ հպարտութեամբ պիտի անդրադառնանք մանրամասնութեանց:
«Ապագայ»