Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի հրաւէրով մեր երկիր այցելելէ ետք «Der Standard» օրաթերթի լրագրող Քրիսթիան Շախինկըր յօդուած հրապարակած է Հայաստանի մասին` ներկայացնելով հայկական շարք մը զբօսաշրջային ուղղութիւններ: Ինչպէս «Արմենփրես»-ին տեղեկացուցած են Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի հասարակայնութեան հետ կապերու ծառայութենէն, Վիեննայի մէջ տպագրուող եւ գերմանախօս երկիրներու մէջ շուրջ 67 հազար օրինակով տարածուող «Der Standard» («Սթանտարթ») օրաթերթի լրագրողին մեր երկրին մէջ ամենաշատը գրաւած են քրիստոնէական մշակոյթի խոր արմատներն ու հիւրընկալութեան դարաւոր աւանդոյթները:
«Գինիներ, վանքեր. երքուսով ալ հետաքրքրուելու պարագային մարդ պէտք է Հայաստան այցելէ»,- գրած է ան եւ յիշեցրուցած, որ 2007-ին այստեղ գտնուած է հնագոյն գինեգործական արտադրութիւնը: Իսկ Արենիի մօտ յայտնաբերուած 6000-ամեայ հնձանը որակած է իբրեւ «վայր մը, ուր կը բախին երկու ժամանակային իրականութիւն”:
Հայաստանի մէջ քրիստոնէական հաւատքի մասին գրած է. «Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ արուեստին մէջ խաչելութեան դաժան տեսարաններ գործնականօրէն չկան: Փոխարէնը այստեղ խաչքարերու վրայ կարելի է նկատել արմատ ձգած ծառեր, կենաց ծառը` որպէս պտղաբերութեան խորհրդանիշ, վրան` նուռ»:
Քրիսթիան Շախինկըր յատուկ ընդգծած է Երեւանի «լուսաւոր ժամանց»-ը, «անվերջ շարժաաստիճաններով ու արուեստի նմուշներով Կասկատ համալիրը» եւ «շատրուանային ամենօրեայ համերգներով Հանրապետութեան հրապարակը», գրած է Նորավանքի, Խնձորեսկի ճօճուող կամուրջի, աշխարհահռչակ հայկական քոնեակի ու երկրի զարմանահրաշ բնութեան մասին: «Իսկ ով ինծի ըսէ, թէ ինչպէս կը կոչուէր քաղցրաւենիքի յայտնի խանութը, ուր գնացքի մոտել կը պտտուի, անոր կը խոստանամ հոնի օղի»,այսպէս ամփոփած է իր յօդուածը հանրայայտ «Der Standart»-ի լրագրողը` զայն լրացնելով չուերթներու ցանկով, որոնցմով կարելի է Հայաստան հասնիլ: