Թէքէեան Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամները, Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 4-ին, այցելեցին Հայաստանի Թէքէեան վարժարանները, ուր 100-է աւելի ուսուցիչներու փոխանցեցին « Sponsor a teacher » ծրագրին տարեկան յատկացումները, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերած են Ամերիկայի եւ Գանատայի տարբեր շրջաններէն բազմաթիւ նուիրատուներ եւ նաեւ ինք, Թէքէեան Կեդրոնական Վարչութիւնը:
Հայրենի ուսուցիչները մեծապէս կը գնահատեն Թէքէեանի աւելի գան քսան տարիներէ ի վեր կանոնաւորապէս կատարած այս ազնիւ առաքելութիւնը: