Շաբաթ 24 Սեպտեմբեր 2016-ին, Հայ Աւետարանական Առաջին եկեղեցւոյ մէջ, հովանաւորութեամբ Գանատայի մէջ Հ.Հ. արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պրն. Արմէն Եկանեանի, եւ կազմակերպութեամբ Քէպէքի Հայ Համայնքի Միացեալ Մարմնին, տեղի ունեցաւ Հայաստանի Անկախութեան 25-ամեակի տօնակատարութիւնը: Օրուան պատգամախօս պրն. Դեսպանին կողքին, ներկայ էին քաղաքապետարանի ներկայացուցիչը, գաղութի տարբեր մասնակից միութիւններու ներկայացուցիչները, հոգեւորականաց դասը եւ գաղութի բոլոր շրջանակներէն եկած խանդավառ հոծ բազմութիւն մը, որոնք բոլորը եկած էին նշելու այս հանգրուանային նշանակալից տարեդարձը:
Ելոյթի բացումը կատարուեցաւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական կազմերուն եւ փողերախումբերուն հանդիսաւոր մուտքով եւ Քլօէ Պալեան-ի շնորհալի կատարողութեամբ Գանատայի եւ Հայաստանի քայլերգներով:
Հայ Համայնքի Միացեալ Մարմնի կողմէ, բարի գալուստի խօսքերով հանդէս եկաւ Թամար Շահինեանը:
Երեկոյթը շարունակուեցաւ ճոխ գեղարուեստական յայտագիրով մը մասնակցութեամբ անհատ եւ խմբային բազմաթիւ կատարողներու, որոնք տրամադրուած էին գաղութի տարբեր կազմակերպութիւններու կողմէ:
Օրուան պատգամախօսն էր Հ.Հ. արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պրն. Արմէն Եկանեանը: Ան Մոնթրէալ հասած էր նոյն օրը Թորոնթօ ներկայ գտնուելէ ետք «Յոյսի անտառի» բացման հանդիսութեան՝ եւ աւանդական ժապաւէնի հատման արարողութեան:
Ապա պրն. դեսպանը իր խօսքը ուղղեց օրուան խորհուրդին: Ան նշեց թէ Հայաստան երկար դարերու սպասումէն ետք, 1918-ին, ամենէն դժուար իրավիճակի մը մէջ, իր ժողովուրդին միացեալ ուժերով իրականացուցած էր իր անկախութիւնը, որ սակայն շատ կարճ տեւեց: Պրն. Դեսպանը, ապա անդրադարձաւ Հայաստանի այսօր նշուող անկախութեան 25-ամեակին եւ կատարեց կարգ մը վերլուծումներ եւ խորհրդածութիւններ: Ան յայտնեց թէ անգամ մը եւս Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որ այս անգամ 3-րդն էր, ստեղծուեցաւ դժուարին աշխարհաքաղաքական պայմաններու մէջ: Ան անդրադարձաւ թէ անցնող 25 տարիներուն ընթացքին երկիրը ղեկավարող յաջորդական իշխանութիւնները բոլորն ալ գործած են Հայաստանը զարգացնելու եւ յառաջ տանելու նպատակով, սակայն պրն. դեսպանը նշեց թէ անխուսափելիօրէն եղած են նաեւ սխալներ եւ դժուարութիւններ որոնք մինչեւ այսօր ցաւօք չեն գտած իրենց լուծումները: Մասնաւորաբար ժողովուրդին կենցաղին եւ մարդկային իրաւունքներու հետ առնչուող հարցեր տակաւին լուծման կը կարօտին: Դրական նուաճումներու կարգին պրն. դեսպանը շեշտեց թէ Հայաստանը անցնող 25 տարիներու ընթացքին յաջողած է ստեղծել հզօր եւ արդիական բանակ մը որ հայրենիքի պաշտպանութեան ապահովման կարեւորագոյն ազդակն է անկասկած:
Պրն. դեսպանը անդրադարձաւ նաեւ Հայաստան-Գանատա յարաբերութիւններու զարգացման լաւ ընթացքին, որոնց մեծ կարեւորութիւն կ’ընծայէ Հայաստանը: Ան վեր առաւ նաեւ Գանատայի Վարչապետ Ճասթէն Թրիւտոյի խօսքերը անոր անկախութեան տօնը շնորհաւորող պատգամին մէջ ուր Թրիւտօ յայտնած է թէ Գանատա, Հայաստանի հետ կը մշակէ աշխոյժ եւ բարեկամական դրական յարաբերութիւններ: Ի վերջոյ պրն. դեսպանը վեր առաւ Սփիւռքի կարեւոր դերը, մշտապէս իր հայրենիքին զօրավիգ կանգնելու մանաւանդ անոր անցուցած տագնապալի ժամանակներուն ընթացքին:
Պրն. Եկանեան իր խօսքը աւարտեց ըսելով, «Կեցցէ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը եւ Կեցցէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը»:
Տօնակատարութեան վերջաւորութեան, պրն. դեսպանը Սփիւռքի Նախարարութեան Պատուոյ գիրերով եւ Շնորհակալագիրերով պարգեւատրեց գաղութի որոշ թուով ազգայիններ, Եղիա Պէքմէզեանը, Պերճ Չաքճեանը, Ժոզէֆ Մանտալեանը, Շողիկ Փիլոյեանը, Անդրանիկ Չատրճեանը, Հրայր Տէր Գէորգեանը, Գեւորգ Գազանճեանը, Ռուբէն Գույումճեանը, Լենա Թերճանեանը, Գրիգոր Գասիմճեանը, Շահէ Թանաշեանը եւ Հայր Գեւորգ Զապարեանը:
Կազմակերպիչ Մարմնի անունով շնորհակալութեան խօսքը կատարեց Թամար Շահինեան եւ հանդիսութիւնը պահպանիչով փակեց Գերշ. Տ. Բաբգէն Սրբազան Չարեանը:
Անցողակի հակիրճ խորհրդածութիւն մեր կողմէ:
Երբ կը փոխանցենք մեր ընթերցողներուն վերեւի տեղեկատուութիւնը, Հայաստանի Անկախութեան գովելի եւ յաջող ձեռնարկին մասին, կ’ուզենք նշել նաեւ յատկանշական պատմագրական մոռացում մը կամ վրիպում մը, որ ակներեւ է ընդհանրապէս նման առիթներով ուր հպարտութեամբ կը տօնախմբենք 3րդ Հանրապետութեան ստեղծումը եւ որպէս անկախ պետութիւն Հայաստանի ներկայ թանկագին իրականութիւնը:
Արդարեւ մինչ պատմութեան կարգով կը յիշուի պատմական արժէքը 1918-ին ստեղծուած եւ երկու տարի շատ դժուար պայմաններու մէջ գոյութիւն ունեցած Առաջին Հանրապետութիւնը տարօրինակ օրէն ամնիզեայի (մոռացումի) կ’ենթարկուի, երկրորդ, Խորհրդային Հայաստանի, 70 տարի տեւած Հանրապետութիւնը, որուն ընթացքին է որ թէեւ դժուար եւ յաճախ դաժան ռէժիմի պայմաններու մէջ, Հայաստանը կառուցեց արդիական հրաշալի երկիր մը ուր գիտութիւնը, մշակոյթը եւ ճարտարարուեստը նուաճեցին միջազգային բարձրագոյն մակարդակի յաջողութիւններ: Համաշխարհային ճանաչումի արժանացած հայկական Գիտութիւններու Ակադեմիան, Աստրօֆիզիքային աշխարհահռչակ դիտարան Բիւրականը, իր Վիքթոր Համբարձումեաններով, Սերգէյ Մերկելեաններով, Ալիխանեան եղբայրներով եւ բազմաթիւ նման գիտնականներով մշակոյթի, երաժշտութեան եւ գրականութեան բնագաւառներու մէջ ստեղծուած գեղեցիկ կառոյցները եւ աշխարհահռչակ ստեղծագործները, Արամ Խաչատուրեանը, Առնօ Պապաջանեանը, Պարոյր Սեւակը, Յովհաննէս Շիրազը, Սիլվա Կապուտիկեանը եւ անոնց շարքին բազմաթիւ ուրիշներ, ծանր եւ նուրբ ճարտարարուեստի հսկայ կառոյցները, այս բոլորը եւ տակաւին շատ մը համաշխարհային մակարդակով իրագործումներն էին որոնք 1991 Սեպտեմբեր 21-ին ստեղծուած 3րդ Հայաստանի Հանրապետութեան խարիսխը կազմեցին, որպէս անկախ պետութիւն, անոր առիթը տալու աւելի եւս յառաջ երթալու ազգերու միջազգային ընտանիքին մէջ:
Համայնավար ռէժիմը անկասկած ունէր իր տխուր պարագաները, սակայն 70 տարիներու հսկայական իրագործումները կարելի չէ անտեսել պարզ օրուան յարմար քաղաքական փութկոտութիւն ցուցաբերելու սիրոյն:
Այսօր Հայաստան կը հպարտանայ միլիւնատէրերու եւ միլիարտէրերու իր անխափան օրէն շատցող անուններով, իսկական յաջողութիւնը որ կ’ակնկալուի մեր անկախ նոր Հայրենիքէն, այն է որ ան կարենայ կրկին իր ժողովուրդին պարգեւել, վերոյիշեալ իրագործումներուն համազօր նոր կառոյցներ եւ աշխարհահռչակ անուններ…
Ամէնայն դէպս հարկ է արդար եւ հաւատարիմ ըլլալ պատմական իրականութեանց, անոնք համաձայն ըլլան թէ ոչ օրուան հոսանքներուն յարմարող տրամադրութեանց:
Այս բոլորէն ետք, անգամ մը եւս սրտագին կ’ողջունենք մեր հայրենիքի անկախութեան 25 ամեակը եւ կը մաղթենք որ ան առաւել զօրանայ եւ բարելաւուի անխափան հասնելու համար բազմաթիւ հարիւրամեակներու տօնակատարութեանց:
Ներկայ մը