Հինգշաբթի՝ 29 Սեպտեմբեր 2016-ին, Գանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Սասուն Յովհաննիսեան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան նուիրուած դասախօսութիւն կարդացած է Օթթաուայի համալսարանին մէջ:
Դասախօսութեան ընթացքին հայ դիւանագէտը խօսած է հակամարտութեան պատմութեան, խնդիրի կարգաւորման ներկայ զարգացումներուն մասին: Սասուն Յովհաննիսեան ներկայացուցած է Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի հանդիպումներուն ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, որոնք Ատրպէյճանը ամէն գինով կը փորձէ ձախողեցնել:
Դասախօսութեան աւարտին Սասուն Յովհաննիսեան պատասխանած է գանատացի ուսանողներու տարաբնոյթ հարցերուն: