Հայաստանի 25-ամեակի նշման հանդիսութեան ընթացքին՝ ընկերներ Տօքթ. Հրայր Տէր Գէորգեանը եւ Անդրանիկ Չատրճեան, իրենց ստացած շնորհակալագրին համար, Հ.Հ. Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին կողմէ, ուր Նախարարը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացմանը նպաստելու ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ պաշտպանման ուղղութեամբ կատարած բարեխիղճ եւ արդիւնաւէտ աշխատանքին համար:
Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք վերոյիշեալ մեր ընկերները որոնք նաեւ Ռ.Ա.Կ.-եան հայրենասէր գործունէութեան իրենց շարունակական կարեւոր ծառայութիւնը բերած են բազմաթիւ տասնեակներու ընթացքին:
Մոնթրէալի Ռ.Ա.Կ-եան Էօժէն Բաբազեան Ակումբ
Ատենապետ
ԱրաՊալեան