«Ինճիրլիք»-ի տարածքը հայերուն պատկանող հող է․ Վարդգէս Եղիայեան

1998 թուականին ամերիկահայ փաստաբան Վարդգէս Եղիայեան` նպատակ ունենալով վերականգնել հայերու ոտնահարուած իրաւունքները, դատական գործընթացներ սկսած է քանի մը միջազգային ապահովագրական ընկերութիւններու դէմ:

Վարդգէս Եղիայեան միջազգային իրաւունքի մասնագէտ է: Ան բացայայտած է, որ Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ հազարաւոր հայեր մինչեւ 1915 թուական օգտուած են շարք մը ապահովագրական ընկերութիւն ծառայութիւններէ: Այս ընկերութիւնները, սակայն, հրաժարած են ջարդերէն մազապուրծ ընտանիքներէն շատերուն յատկացնել իրենց հասնելիք գումարները:

Պարզելով ասիկա` Վարդգէս Եղիայեան 1999 թուականի առաջին անգամ խմբային հայց ներկայացուցած է «New York Life» ընկերութեան դէմ: Դատական գործընթացը տեւած է շուրջ հինգ տարի, որ 2004 թուականին վերջնականապէս լուծուած է յօգուտ Եղիայեանի` 20 միլիոն տոլար հատուցմամբ:

Ատկէ ետք հայ փաստաբանը դատի տուած է եւս չորս ապահովագրական ընկերութիւններ, եւ երկու գործ շահած է:

Ամերիկահայ փաստաբանին գլխաւորած «Վարդգէս Եղիայան» փաստաբանական գրասենեակը երկու տարի առաջ նաեւ Թուրքիոյ կառավարութեան դէմ սկսած է դատական գործընթաց,  որով կը վիճարկուի  Թուրքիոյ «Ինճիրլիք» ամերիկեան ռազմակայանի հողատարածքի պատկանելութիւնը:

Վարդգէս Եղիայեան «Մեդիամքաս»-ին պատմած է, որ «դատական գործերը լոկ գումարի պահանջք չեն, անոնք ձեռքբերում են Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու հանրային ճանաչման եւ արդարութեան պահանջքի գործին»:

«1998 թուականին, երբ դատ բացի, ունէի հետեւեալ կարգախօսը` 1915 թուականի դէպքերէն ետք, հայերը սկսան լալ, յետոյ գացին եկեղեցի, իսկ հիմա  արդէն դատական վէճերու մէջ են: Մենք մեր պահանջքը ներկայացուցած ենք եւ կը շարունակենք ներկայացնել մարդու իրաւունքներու տեսանկիւնէ:  Այսօր արդէն 20-25 ապահովագրական ընկերութիւններու դէմ համապատասխան թուղթեր ունիմ ձեռքիս տակ: Սա գործընթաց մըն է, որ երկար եւ մանրակրկիտ աշխատանք կը պահանջէ»,-ըսած է ան:

Փաստաբանը ներկայացուցած է, որ մինչեւ այսօր, ընդհանուր առմամբ, շահած է մօտ 55 միլիոն տոլար գումար, որ բաժնած է ժառանգորդներու միջեւ:

«Գումարներու բաշխման աշխատանքները կազմակերպելու հարցով մենք եղած ենք շատ հետեւողական եւ աշխատած ենք թափանցիկ: Յայտարարութիւն տարածած ենք եւ շատ մեծ արձագանգ եղած է: Փոխհատուցում ստացած են այն հայերը, որոնք ներկայացուցած են բոլոր պահանջուող փաստաթուղթերը»,-ըսած է ան:

Անդրադառնալով վերջին` հողային գործին, Վարդգէս Եղիայեան ըսած է, որ թէեւ դատի վերջնական հանգուցալուծումէն մեծ ակնկալիքներ չունի, սակայն պիտի պայքարի մինչեւ վերջ:

«Ունիմ համապատասխան փաստաթուղթեր, որոնք կ՛ապացուցեն, որ ներկայիս Թուրքիոյ կազմին մէջ գտնուող Ատանա քաղաքի մօտ տեղակայուած «Ինճիրլիք» ռազմակայանի հողերը կը պատկանին հայերու: Աշխարհի չորս ծայրէ 16 ընտանիք գտած եմ: Օգտակար եղաւ այն, որ երբ մէկուն գտայ, որ սեփականութեան վկայական ունէր, այդ թուղթին մէջ գրուած էին նաեւ անոր հարեւաններուն անունները»,-պատմած է ան:

ԱՄՆ Դաշնային դատարանը այս ամառ, սակայն, մերժած է փաստաբանին հայցը:

«ԱՄՆ դատարանը յայտնեց, որ իրաւունք չունի Թուրքիոյ կառավարութեան դէմ դատ բանալու: Դատաւորը ըսաւ, որ մեր պահանջքի հիմքը ցեղասպանութիւնն է, իսկ ԱՄՆ ատիկա չ՛ընդունիր: Մենք պնդեցինք, որ ատիկա մարդկային իրաւունքներու խախտում է եւ բողոքարկած ենք այդ որոշումը: Կ՛ակնկալենք, որ Նոյեմբերին կամ Դեկտեմբերին պատասխանը կ՛ելլէ», – ըսած է փաստաբանը:

Խօսելով Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացի մասին` փաստաբանը ըսած է, որ «հայերը դատարաններու մէջ շատ յաճախ ցեղասպանութիւն բառը օգտագործելով` կը վնասեն գործընթացին»:

«Մենք ցեղասպանութեան մասին չենք խօսիր: Մենք կ՛ըսենք, որ տեղի ունեցած է մարդու իրաւունքներու խախտում: Ցեղասպանութիւն բառը մեր գործին օգուտ չէ: Համընդհանուր տպաւորութիւն կայ, որ եթէ Ցեղասպանութիւնը ընդունուի, ապա հատուցում պիտի ըլլայ, սակայն նման բան չկայ»,- նկատած է փաստաբանը: Ան ընդգծած է, որ իրեն համար կարեւոր է «վերականգնել արդարութիւնը»:

Թագուհի Յովհաննիսեան