Գիտէ՞ք թէ երբ կը գործածուի «մեղուի նման աշխատեցան» ի փոխաբերական իմաստը:
Այդ բառի իմաստին ականատես եղանք երբ Թ.Մ.Միութեան «Ընկերային յանձնախումբ» ը 20 Օգոստոս 2016-ին կազմակերպեց աննախընթաց ճաշկերոյթ-պարահանդէս մը խուռներամ համակիրներու ներկայութեամբ եւ «Teeky boys» նուագախումբի (Band) ընկերակցութեամբ: Խումբին անդամները սիրողներ՝ Անժելիք Աւագեան (երգչուհին), Յարութիւն Արապաթըլեան (Drums), Մարիա Յակոբ (Guitar) եւ վերջապէս խումբին առաջնորդը՝ Ժանօ Արապաթըլեան (Base guitar) յաջողեցան խանդավառել ներկաները մինչեւ առաւօտեան առաջին ժամերը:
Խրախճանքը նախ սկսաւ զոյգ երիտասարդներու՝ Յակոբ Շոհմէլեանի եւ Ռիթա Հակկարի բացման խօսքերով. յայտնելով շնորհակալութիւն բոլորին, որոնք իրենց ներկայութեամբ քաջալերած էին կազմակերպողները:
Յանձնախումբը գեղեցիկ գաղափարը ունեցած էին պաստառի վրայ տեսասալիկներով ներկայացնելու անցեալ երկու բանակումները, որոնք բացառիկ յաջողութեամբ պատրաստած էր Անժէլա Փալանճեանը:
Որմէ յետոյ տեղի ունեցաւ ճաշի սպասարկութիւն: Ահա այս պահուն էր, որ աւե’լի շեշտուեցաւ մեղուի աշխատանքը: Բոլորը երիտասարդներ, աշխոյժ ու միշտ ժպիտով, բացառիկ կանոնաւորութեամբ, մի քանի վայրկեանի մէջ, գոհացում տուին բոլոր պահանջներուն:
Ներկայացուեցաւ զաւեշտ մը պատրաստուած դարձեալ երիտասարդներուն ոյժերով, յանձինն՝ Արթիւր Մազլումեանի, Բերլայ Բուշմանեանի, Անթօ Թիւթիւնճեանի եւ Յակոբ Շոհմելեանի:
Տեղի ունեցաւ Bingo ի խաղը. վարձատրուեցան հաճելի նուէրներով:
Ներկաներու այս բարձր տրամադրութեան մէջ իր սրտի խօսքը ըրաւ «Ապագայ» շաբաթաթերթի խմբագիր՝ Պրն. Աւետիս Պագգալեանը:
Ան արտայայտուեցաւ իր հրճուանքին մասին, թէ այսքան գեղեցիկ աշխատանք մը դուրս եկած է, նոր հաստատուած երիտասարդներու շնորհիւ, որոնք արդէն ընտելացած ներկայ միջավայրին, իրենք զիրենք հարազատներ կը համարեն Թ.Մ.Միութեան տաքուկ յարկէն ներս: Յուզական եւ իրատես էին Պրն. Պագգալեանի յայտարարութիւնները:
Այժմ առիթն էր, որ վայելէինք թովիչ ձայնը պրն. Գոգօ Թիւթիւնճեանի իր ազգային ու այլ մեներգներով:
Առանց անուշեղէնի կարե՞լի է կատարեալ համարել ճաշկերոյթ մը: Դարձեալ երիտասարդ կազմակերպող անդամներէն Մեղրիկ Գանձանակեանի պատրաստութեամբ հրամցուցին համեղ անուշեղէններ ներկաներուն, մանաւանդ գեղեցիկ գաղափարը ունենալով Ճոնի Քարամանեանի եւ Անժէլիք Աւագեանի տարեդարձները յիշելով:
Վերջապէս բաժանումը դժուար պիտի ըլլար: Մեկնեցանք հետերնիս տանելով հպարտութեան զգացումը՝ երիտասարդներուն իրագործած յաջողութեան:
Իսկ իրենք իրենց կարգին, վստահաբար տարած էին գոհացումն ու հրճուանքը, կարծես մեզի ըսելու համար, թէ, – մի’ մտահոգուի’ք, մենք պիտի շարունակենք ձե’ր ճամբան… մե’ր ճամբան:
Վարձքը կատա’ր Ընկերային յանձնախումբի բոլոր կազմին, իրենց հաւատարիմ շրջապատին, բոլոր մասնակցողներուն, ինչպէս նաեւ Թ.Մ.Միութեան՝ իր առաքելութեան համար:
Ներկայ մը