Երեւանի մէջ բացուեցաւ սպառազինութիւններու եւ պաշտպանական ճարտարագիտութիւններու ArmHiTec-2016 միջազգային ցուցահանդէսը

Հինգշաբթի՝ 13 Հոկտեմբեր 2016-ին, Երեւանի մէջ բացուած է սպառազինութիւններու եւ պաշտպանական ճարտարագիտութիւններու ArmHiTec-2016 միջազգային ցուցահանդէսը, որուն  մասնակցած են ՀՀ եւ ՀԱՊԿ անդամ-պետութիւններու բարձրաստիճան պաշտօնեաներ: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։

Ցուցահանդէսը բացուած է յատուկ ջոկատայիններու ցուցադրական ելոյթով, փորձարարական ձեռնարկներով:

Հիւրերուն կողմէ կարմիր ժապաւէնը կտրելէն յետոյ՝ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանը, ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Նիկոլայ Պորտիւժան, անոր տեղակալները, ՀՀ-ի մէջ հաւատարմագրուած դեսպանները մտան ցուցասրահ, ուր ներկայացուած է աւելի քան 50 ընկերութիւններու ռազմաճարտարագիտական արտադրանք` 9 երկրէ:

Մասնաւորապէս կ՝առանձնանան զրահահրասայլային ու հրթիռա-հրետանային սպառազինութիւններն ու ռազմական օդանաւերու ոլորտին նորամուծութիւնները:

Ցուցահանդէսը բաց է մինչեւ Հոկտեմբեր 15: