«Հինգ Միաւոր, Հինգ Ցամաքամաս»

Ֆրանսիայի հարաւը գտնուող Փրովանսի շրջանը՝ զգլխած է ամէն գեղեցկութեան չափանիշ: Երեւի աշխարհի ամբողջ գեղեցկութիւնը թափած է այս շրջանին մէջ: Եթէ մէկ գիւղէն ու քաղաքէն միւսը ունի իրեն յատուկ գրաւչութիւնը, բայց նաեւ կայ պատմութիւն: Եւ այդ պատմութեան մէջ կայ մշակոյթը, եւ ապրուած օրը եւ փորձառութիւնը: Եւ Արլ քաղաքը՝ Ֆրանսիայի հարաւային բաժնի գեղեցիկ քաղաքներէն մէկն է՝ Ռոն գետին երկայնքին: Համաշխարհային գեղանկարիչ՝ Վան Գոգը ներշնչուած է այս քաղաքէն եւ ապրած ու ստեղծագործած: Արլ եղած է Հռովմէական քաղաք՝ եւ դարձած անոր շրջանային մայրաքաղաքներէն մէկը: Քաղաքը ունի պատմական շատ մը հնութիւններ՝ Հռովմէական ժամանակներէն, ուր յատկանշական է անոր Ամփիթատրոնը, որ ներկայիս կը գործածուի գեղարուեստական եւ մշակութային այլ համերգներու եւ ձեռնարկներու համար:
Օգոստոս 2016: Արլ: Հին Հռովմէական շրջանի հնութիւններէն անցնելով սկսայ մուտք գործել, այսպէս կոչուած «Ամառնային պարտէզին» մէջ: Ոչ շատ մեծ, բայց գեղեցիկ ու կանաչ էր, եւ հոն կար յուշակոթող մը՝ նուիրուած Վան Կոկի: Բայց չէի կրնար պատկերացնել, թէ այս «Ամառնային պարտէզին» մէջ նաեւ պիտի հանդիպէի հայկական իրականութեանը: Բայց ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս զարմանալ. չէ՞ որ իբրեւ հայ ժողովուրդ տարածուած ենք աշխարհով մէկ՝ ինչու ոչ նաեւ Արլի մէջ:

Պարտէզին անկիւնը կար քարէ կոթող մը: Նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան եւ ինչպէս հայերէն եւ ֆրանսերէն գիրերը կը բացատրէին՝ «Ցեղասպանուած հայ ժողովրդի յիշատակին՝ որոնք զոհ գացին Օսմանեան երիտասարդ Թուրքական կառավարութեան»: Բայց կոթողը ունէր գեղարուեստական մէկ փոքր արտայայտութիւն: Եթէ այսպէս ըսած ոչ-դասական գեղարուեստական մտայղացում մըն էր, բայց ունէր բաւական խորքային արտայայտութիւն: Իսկ արտայայտութի՞ւնը Էրիկ Ռոլան Պելակամպային է, որ ծնած է 1956-ին, Արլի մէջ: Ան ֆրանսացի նկարիչ-գրող եւ գիրքերու հեղինակ արուեստագէտը, որ մինչեւ այսօր կը գործէ ֆրանսական շատ մը հիմնարկներու մէջ:
Էրիկ՝ իր ասպարէզ արւեստի արտայայտութիւն-նկարը նկարագրած է կոթողին տակ՝ մի քանի նախադասութեամբ:
Բայց նախ նկարը:
Հայութիւնն ու հայկականութիւնը խորհրդանշող պտուղը՝ նուռը, որուն ֆրանսերէն հոմանիշը կրենատ է, որ ֆրանսերէնով նաեւ ռումբ կը նշանակէ: Եւ Էրիկին երեւակայութեամբ այս հայկական նուռը՝ ռումբը, պայթեցաւ Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ եւ փշրուեցաւ հինգ միաւորներու, որոնք կարմիր էին, նկատի ունենալով թափած արիւնը: Սակայն այդ արիւնին մէջէն դուրս եկաւ նաեւ կեանք, որ տարածուեցաւ ու սփռուեցաւ աշխարհի հինգ ցամաքամասերու մէջ:
Սակայն նկատի ունենալով հայութեան ապրելու կամքն ու վճռակամութիւնը, կը նշմարեմ, որ Էրիկին եւ իր պատկերին մէջ կերեւայ օպսիտիան հայկական քարը, որուն մէջ մէկտեղուած է հայուն արցունքը, եւ այս նոյն այս արցունքն է, որ ամրացուցած է հայը, անոր համար դառնալով ամուր կռուան:
Բայց հայկական այս քարը՝ օպսիտիանը, ունի նաեւ մշակութային մեկնաբանութիւն: Ան ոչ միայն հանգստացնող քար է, այլեւ՝ նորոգող եւ կազդուրող: Եւ Էրիկ չէր սխալած հայուն արցունքները օպսիտիանին մէջ ամփոփելու իմաստով: Եթէ մէկ կողմէ հայուն արցունքները ամրացուցած է օպսիտիանը, բայց նաեւ նոյն հայը անոր մէջ գտած է իր հանգիստը: Այս հանգիստը հայուն համար բուժիչ դերակատարութիւն ունեցած է, եւ անոր շնորհած է վերապրելու եւ վերանորոգուելու իրականութիւնը:
Էրիկ չի զլանար այս ողբերգութիւնը ներկայացնելու իբրեւ համամարդկային ցաւ: Եւ ան կը յատկանշէ այդ համամարդկային ցաւը՝ յուշակոթողին երկլեզու իրականութեանը մէջ, ուր հայերէնը եւ ֆրանսերէնը միասին կարտայայտեն այս ցաւը:
«Ամառնային պարտէզ»-էն դուրս գալու ընթացքին խորհրդածեցի եւ ընկալեցի Էրիկին պարզ, բայց միաժամանակ խորունկ մեկնաբանութեանը: Թէ տարածուած ենք աշխարհի հինգ ցամաքամասերու վրայ՝ եւ յատկապէս այս օրերուն: Իսկ եթէ ես կապրիմ մէկ ցամաքամասի մէջ, սակայն մնացեալ չորս ցամաքամասերուն մէջ եւս կան հայեր, որոնց մարտահրաւէրները այսօր՝ ամէն ժամանակէ աւելի նոյնն են, նոյնիսկ եթէ անոնց գտնուած վայրերը տարբեր են: Լեզուի, մշակոյթի եւ ինքնութեան պահպանում, ու տակաւին յիշելու եւ պահանջելու մեծ հրամայական: Հայուն դիմագրաւած համահայկական այս մարտահրաւէրներու մէջ, ժամանակը եկած է համոզուելու թէ գաղութ հասկացողութիւնը հայուն սփիւռքեան իրականութեան մէջէն՝ կանցնի իւրաքանչիւրին, իմա՝ գաղութին, աշխարհագրական տուեալ սահմաններէն անդին: Պէտք չէ բաւարարուիլ ներգաղութային մտահոգութիւններով միայն: Պէտք է տեսնել թէ հինգ ցամաքամասերու վրայ տարածուած հայուն կեանքը՝ հինգ միաւորները՝ պէտք է պարփակեն հինգ ցամաքամասերու աշխարհագրական սահմանները:

hink-miyavor-hrair-jebedjian1hrair-jebedjian2

 

Բայց առկայ է նաեւ հայուն ներկայ օրերու միտքը: Եւ այդ մտքին տուն տուող մտահոգութիւնն ու ծրագրային տեսադաշտի հիմքը: Պիտի կարենա՞նք տեսնել, թէ հայուն մտքին հիմքը պէտք է մեկնարկ ունենայ անոր հինգ ցամաքամասերը, եւ թէ հայուն գոյատեւելու գրաւականը անոր հինգ միաւորները իրար հետ համախմբելուն մէջ է:

Հայուն այս «միտքը» ամրացուած է իր ազգային քարին՝ օպսիտիանին մէջ: Հայը իր կեանքի ամուր ենթահողն ու կռուանը գտած է ու պիտի շարունակէ օպսիտիանին մէջ: Եւ օպսիտիան հայուն հայրենիքն է: Այն հայրենիքը, որ հայը կերտեց ցաւով եւ արցունքով: Բայց այս ցաւն ու արցունքը վերածուեցան ամուր, իրական, ապրող ու ապրեցնող հայրենի պետականութեան, եւ անոր կողքին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան:
Նուռը՝ կրենատը պայթեցաւ, ու փշրուեցաւ ու տարածուեցաւ աշխարհի հինգ ցամաքամասերու վրայ, ուր հայը ստեղծեց հինգ միաւոր, որ այսօր ապրող իրականութիւն է:
Բայց այս հինգ ապրող միաւորները առանձին չեն: Հայը ունի իր օպսիտիանը՝ հայուն հայրենիքը, որ արդէն կերտած է քսանհինգ տարիներու անկախացած պետականութիւն: Այս իրականութիւնը ինքնին կարեւոր գրաւական է, նկատի ունենալով որ հայուն ինքնութիւնը ապրեցաւ ու տակաւին կապրի ու պիտի շարունակէ ապագայի հորիզոնին նայիլ նոր տեսիլքով: Եւ հետեւելով Վիլիամ Սարոյեանի բանաձեւումին, պատմութեան ընթացքին հայը փշրուեցաւ, սակայն ան միշտ կերտեց նոր Հայաստան:
Եւ կարժէ, որ հայը ապրի այս տեսիլքով, եթէ հինգ ցամաքամասերու վրայ երկարած հինգ միաւորները պիտի կամրջէ հայուն օպսիտիանին՝ հայրենի պետականութեան մէջ:
Եթէ անցնող քսանհինգ այս տարիներուն ընթացքին ունեցանք առաջխաղացք, սակայն տակաւին առկայ են շարք մը մարտահրաւէրներ: Այս մէկը իրական կեանքի անխուսափելի տուեալներէն է: Եթէ կան քննադատութիւններ եւ պիտի շարունակեն ըլլալ, բայց նաեւ պէտք է աշխատիլ, որպէսզի հայրենի պետականութեանը սրսկենք դրական ուժ, որովհետեւ ան է, որ կառուցողական է: Եւ հայը պարտի շարունակել իր կեանքը եւ կառուցել իր հայրենիքը հիմնուելով Սարոյեանի սկզբունքներուն հիման վրայ:
Վիլիամ Սարոյեան յանդգնեցաւ փնտռել աշխարհի վրայ այն ուժ, որ պիտի կարենար քանդել հայ ժողովուրդը: Ան անվարան կրցաւ յայտարարել, թէ չկայ ուժ մը, որ կրնայ քանդել հայը, որովհետեւ պատմութեան բոլոր առանցքներուն մէջ հայուն ուժը միշտ եղած է դրական: Այս դրական ուժն է, որ ապրեցուցած է հայը եւ նոյն այս ուժով ան դէմ դրած է քանդիչ բոլոր ուժերուն՝ առանց քանդուելու: Եւ այս դրական ուժն է, որուն սրսկումը անհրաժեշտ է շարունակել՝ համահայկական մեր կեանքին մէջ:
Այսօր ունինք մէկ կարեւոր դրամագլուխ:
Քսանհինգ տարիներու վրայ երկարած հայկական հինգ միաւորները՝ հինգ ցամաքամասերու մէջ, եւ հայրենի պետականութիւնն ու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը շատ աւելի լաւ կրցան ու կրնան զիրար հասկնալ: Եւ այս պէտք է պահել, ամրացնել ու շարունակել: Այս դրամագլուխով շատ աւելի լաւ կրնանք սրսկել այս դրական ներուժը:
Արլ քաղաքին յուշակոթողը, ուր Էրիկ կրցած է տեսնել հայուն ապրող իրականութիւնը:
Հինգ միաւոր, հինգ ցամաքամաս: Եթէ նուռը պայթեցաւ, փշրուեցաւ ու տարածուեցաւ, բայց չմեռաւ:
Եւ չի մեռնելու այս սկզբունքը, որին պիտի շարունակենք տանիլ վաղուան օրուան:
Բայց այս սկզբունքը կապրի, երբ կայ ներուժը, որ դրական է՝ կառուցող եւ ոչ թէ քանդիչ: