ԶՐՈՅՑ ԱՇԽԱՐՀԱՀԱՄԲԱՒ ԼԵՌՆԱԳՆԱՑ ԱՐԱ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ՀԵՏ

«Ամէն մարդ իր Էվէրեսթը պէտք է հետապնդէ»

Վերջերս հայազգի մարզիկ եւ աշխարհի ութ ամենաբարձր լեռներու գագաթը մագլցող Արա Խաչատուրեան հրաւիրուած էր Մոնթրէալի ՀԲԸՄ-եան սրահին մէջ խօսելու իր աննախընթաց փորձառութիւններուն մասին, յատկապէս՝ Էվէրէստի գագաթը մագլցելու վերաբերեալ: Ստորեւ՝ մեր զրոյցը իր հետ:

                                                                                                                        Խմբ.

 

Հ.)  26 Մայիս 2016-ին դուք բոլոր աշխարհին ապացուցեցիք հայ մարդուն աննկուն կամքը եւ ձեր այս արկածախնդրական քայլով ոգեկոչեցիք Հայոց Ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն զոհ գացած նահատակներուն յիշատակը: Հաճեցէք դուք ձեզի ներկայացնել մեր ընթերցողներուն թէ երբ եւ ինչպէս այս գաղափարը յղացաք, ձեր փափաքը իրականացնելու համար:

Պ.) Ծնած եմ Լիբանան, 52 տարի առաջ: Սկաուտ եղած եմ Ալեք Մանուկեան կեդրոնին մէջ:  2013 թուականին Մարսէյի ՀԲԸՄը հրաւիրեց զիս, որ խօսիմ Արարատը մագլցելու մասին: Ուրեմն մօտաւոր 100 հոգիի հետ ձեռնարկեցինք այդ ծրագրին: Այդ օրերուն, երբ հանդիպում ունեցայ տնօրէնին հետ, ըսի որ երկու տարիէն՝ 2015-ին պիտի նշենք Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը եւ եթէ կրնային նիւթականով օգնել ինծի, ես կ’ուզէի մասնակցիլ մագլցելով աշխարհի ամենաբարձր լեռը՝ Էվէրեստը, որ 8848 մեթր բարձութիւն ունի: Անոնք համաձայն գտնուեցան տուած առաջարկիս եւ ես սկսայ մարզուիլ եւ ուրիշ լեռներ մագլցիլ Էքուատորի եւ այլ տեղեր, որպէսզի փորձառութիւն ձեռք բերեմ:  25 Ապրիլ 2014-ին, պատրաստուեցանք մագլցելու լերան հիւսիսային կողմէն, բայց երբ հասանք 1200 մեթր բարձրութեան, երկրաշարժ պատահեցաւ, որ Քաթմանտուի մէջ յառաջացուց 8000 մեռեալ:  Ստիպուեցանք վերադառնալ Ֆրանսա: Օդակայանին մէջ սպասող ժուռնալիստներուն ըսի, որ գալ տարի պիտի մագլցիմ Էվէրեստը: Եւ այդ տարին  շարունակեցի մարզուիլ:

 

Հ. Վստահաբար շատ դժուար եւ շատերու համար անկարելի է մագլցիլ աշխարհի ամենաբարձր լերան գագաթը: Դուք ի՞նչպէս այդ քաջութիւնը ունեցաք այդ երազը իրականացնելու: Վստահաբար շատ ժամանակ եւ զոհողութիւն պահանջեց այս նուաճումը:

Պ.)  Երբ 40 տարեկան էի ընկերս զիս կանչեց Լիբանան, որ իր հետ լիբանանի մարաթոնը վազեմ: Մարսէյ վերադառնալով աւելի դժուար մրցումներու մասնակցեցայ: Գացի Շամոնի ուր Եւրոպայի ամենաբարձր լեռը՝ Մոն Պլանը  մագլցեցայ եւ որոշեցի անպայման Արարատ լեռը բարձրանալ: Երբ հասայ Արարատի գագաթը, շատ յուզուեցայ երբ հայկական դրօշակը պարզեցի 5165 մեթր բարձունքի վրայ: Յաջորդը եղաւ Քլիմանճարօ լերան մագլցումը մինչեւ որ պատրաստ զգացի Էվէրեստը նուաճելու: Մարզանքը շատ ծանր էր. օրական երեք ժամ վազել, մէկ ժամ հեծիք եւ մէկ ժամ լողալ:

 

Հ. Այս վերջին տարիներուն դուք բարձրացաք աշխարհի ամենաբարձր ութ գագաթները, որոնցմէ մին է մեր Սուրբ Արարատը, միւսը՝ Էվէրեստը: Տարբեր զգացումներ ունեցա՞ք:

Պ.) Արարատի գագաթին, ինչպէս ըսի, շատ յուզուեցայ: Շատոնց նպատակ ունէի մագլցելու Արարատի գագաթը: Երբ հայկական դրօշակը դրի եւ նկարուեցայ, այդ մեծ երազին իրականացման զգացումը բառեր չեն կրնար արտայայտել: Իսկ Էվէրեսթի պարագային, ան խորհրդանշանն էր Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակին եւ խաղաղութեան պատգամը կը փոխանցէր աշխարհին, այն ճերմակ դրօշակով որու վրան 1000 անուններ կային անոնց որոնք օգնած էին զիս: Զգացի որ միայն ֆիզիքական ուժը չէր որ օգնեց ինծի, այլ հոգեկան ոյժն էր որ տեւական շուրջս էր եւ ինծի յաջողեցուց հասնիլ աշխարհի ամենաբարձր գագաթը: Էվէրեսթի գագաթին ես զետեղեցի չորս դրօշակ – Հայկականը, Լիբանանեանը, Ֆրանսականը եւ Խաղաղութեանը:

 

Հ. Ձեր այս փորձառութիւնները երբ կը պատմէք, ի՞նչ պատգամ կը ջանաք փոխանցել յատկապէս մեր երիտասարդութեան: Դուք ըսիք թէ աշխարհի ամենաբարձր գագաթը բարձրանալէ ետք փոխուած է ձեր տեսիլքը կեանքի նկատմամբ:

Պ.)  Կ’ուզեմ ըսել որ պէտք չէ մոռնանք մեր պատմութիւնը. պէտք է շարունակենք մեր երազներու իրականացման աշխատանքը: Ամէն մարդ իր Էվէրեսթը պէտք է հետապնդէ: Մենք միշտ պայքարի մէջ ենք եւ կը յարմարինք ուր որ երթանք: Հայը ամենէն խելացի ազգն է եւ կարողութիւնը ունի ուր որ ըլլայ յաջողելու: Մենք ալ պէտք է շարունակենք մեր երիտասարդներուն օգնել որ իրենք ալ իրականացնեն  իրենց երազները:

 

Հ. Ապագայի ծրագիրներ ունի՞ք:

Պ.) Իմ յաջորդ տարուայ նպատակս է վազել Ֆրանսայէն մինչեւ Հայաստան – 5000 քիլոմեթր, 100 օրուայ ընթացքին, եւ Անգարայէն անցնելով յատուկ նամակ մը յանձնել Էրտողանին:

Ես կ’ուզեմ 5000 քիլոմեթրը վազել աշխարհի խաղաղութեան համար:

 

Շնորհակալութիւն եւ յաջողութիւն ձեզի պրն. Արա Խաչատուրեան: