Ստորեւ կը հրատարակենք խիստ շահեկան հարցազրոյց մը, որ կ’արծարծէ Հայերէն լեզուին ներկայ ժամանակներուն դիմագրաւած այժմէական կենսական խնդիրներ:
Կը ձայնակցինք ծանօթ մտաւորական պրն. Զաւէն Եկաւեանին հնչեցուցած ահազանգին:
Սակայն ինչ կը վերաբերի իր առաջարկին՝ իրաւասու մարմնի մը կազմութեան մասին, որ կազմակերպէ եւ վերահսկէ այս լուրջ հարցին լուծումներ գտնելու աշխատանքին, Սփիւռքին այդ մարմնին մասնակցող ներկայացուցիչները պարտին ընդգրկել շատ աւելի լայն սփիւռքահայ կազմակերպութիւններէն բխող մտաւորական հայագէտ եւ վաստակաւոր ուսուցիչներ, ինչպէս առնուազն Անթիլիասի կողքին, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը, Պոլսոյ եւ Երուսաղեմի պատրիարքութիւնները:
***
Արեւմտահայերէնը արեւելահայերէնի դէմ։ Ա՛լ կը բաւէ։ Հայախօսութեան մտահոգիչ նահանջը մատնանշելով, հայերէն լեզուի մասնագէտը կոչ կ՚ուղղէ հայերէն լեզուի բոլոր ուսուցիչներուն վերջ դնելու երկու կողմերը բաժնող վէճերուն եւ մնայուն համագործակցութեան ձեռնարկելու Հայաստանի հետ։
– Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ վերջին կէս դարու քաղաքական եւ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւնները իրենց ժխտական ազդեցութիւնը ունեցան հայախօսութեան վրայ աշխարհի տարածքին, մանաւանդ հաւասարակշռութիւնը խախտեցին արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի միջեւ։ Այս փոփոխութիւններու հետեւանքները ի՞նչ կացութիւն կը պարզեն։
– Վերջին 50 տարիներուն հայերու ժողովրդագրական ուղղութիւնը կ՚երթայ Արեւելքէն դէպի Եւրոպա եւ Միացեալ Նահանգներ։ Մեծ թիւով հայրենակիցներ լքեցին իրենց երկրորդ հայրենիքները, ինչպէս՝ Սեւ Ծովը եզերող երկիրները, Յունաստանը, Կիպրոսը եւ Միջին Արեւելքը, ներառեալ Իրանը։ Մեծ թիւով հայեր այս երկիրներէն գաղթեցին Արեւմուտք, պատճառ դառնալով այդ երկիրներուն մէջ հայերէնի ուսուցումը ապահովող հայկական դպրոցներու փակումին։ Այս կացութեան վրայ աւելցաւ հայերու արտագաղթը Հայաստանէն, Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք եւ անկախութեան տարիներուն։ 1970-ական թուականներէն մինչեւ 1990 եւ 1990-էն մինչեւ այսօր մեծ թիւով հայեր որոնք կը խօսէին արեւելահայերէն՝ արտագաղթեցին, միշտ նոյն ուղղութեամբ՝ Եւրոպա եւ Նոր Աշխարհ։ 1970-ական թուականներուն արտագաղթի զուգահեռ շարժում մը ծայր առաւ գլխաւորաբար դէպի Միացեալ Նահանգներ եւ Քանատա, 1975-ին ծայր առած Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի եւ 1979-ին տեղի ունեցած Իրանի յեղափոխութեան հետեւանքով։ Եւ ի վերջոյ, մեր ժամանակներուն, 5 տարիէ ի վեր պատերազմի պատճառով հայեր կը գաղթեն Սուրիայէն, ինչպէս նաեւ Յորդանանէն, միշտ նոյն ուղղութեամբ, պատճառ դառնալով դպրոցներու փակումին եւ արեւմտահայերէնի ուսուցման դադրեցման։
– Թիւերով կրնա՞ք բացատրել։
– 1960-էն առաջ Սուրիոյ մէջ մենք ունէին 55 կրթական կեդրոններ (մանկապարտէզներ, նախակրթական եւ երկրորդական վարժարաններ եւայլն), եւ այս բոլորը ողբալիօրէն կրճատուեցան։ Այսօր միայն երկու դպրոցներ կը գործեն Հալէպի մէջ, փոքր թիւով աշակերտներով։ Մենք նոյնպէս կորսնցուցինք մանկավարժական ուսումնական կեդրոններ որ հիմնած էինք։ Ես հիմնադիրներէն մէկն էի Հալէպի Հայագիտական Ուսմանց Հիմնարկին, Առաջնորդարանի եւ Համազգայինի հովանաւորութեամբ։ Ոչ մէկ այլ կեդրոն կրցաւ փոխարինել հայագիտական այս դասընթացքները Հալէպի եւ Պէյրութի մէջ։ Մենք մեծ խնդիրներու առջեւ պիտի կանգնինք մօտիկ ապագային, որովհետեւ այլեւս պիտի չունենանք ուսուցիչներ որոնք կարողանան արեւմտահայերէն լեզուն փոխանցել մեր նոր սերունդներուն։ Ընդհանուր առմամբ մենք արդէն կորսնցուցած ենք շուրջ 40 մասնագէտներ։
Միւս կողմէ, մենք ունինք նկատառելի թիւով երիտասարդութիւն, որոնց ծնողները Հայաստան ներգաղթած ըլլալով եւ մօտ 40 տարի Հայաստանի մէջ ապրելով, կը խօսին արեւելահայերէն, հակառակ որ իրենց սկզբնական լեզուն արեւմտահայերէնն էր։
Մենք պարտաւոր ենք այս խնդիրներուն լուծում գտնել։ Չենք կրնար պարտադրել արեւմտահայերէնը մէկու մը որ կը խօսի արեւելահայերէն, նոյնպէս հակառակը։ Պէտք է մտածել նոր մօտեցումներու մասին եւ վերատեսութեան ենթարկել հայերէն լեզուի դասաւանդութեան կարելիութիւնները, որովհետեւ ինծի համար հայերէնը մէկ լեզու է երկու ճիւղերով։ Մէկը՝ արեւմտահայերէնը կը խօսուէր նախկին Օսմանեան Կայսրութեան մէջ, որպէս ազգային լեզու, եւ որ տակաւին կը գործածուի աշխարհի չորս ծագերուն տարտղնուած սփիւռքահայերու կողմէ, եւ միւսը՝ արեւելահայերէնը պետական լեզու է շուրջ 100 տարիէ ի վեր։
– Ի՞նչ է տարբերութիւնը երկու ճիւղերուն։
– Տարբերութիւններու մեծ մասը կը ներկայացնեն ուղղագրութիւնը, հնչիւնաբանութիւնը, խոնարհումները, հոլովումները եւ բառապաշարը։ Դժբախտաբար 1922-ին Խորհրդային Հայաստանը ստալինեան հրամանագրով որդեգրեց «բարեփոխումներ», որոնք տակնուվրայ ըրին հայերէն լեզուի մեսրոպեան ուղղագրութիւնը։ Բայց ան որ կը խօսի արեւմտահայերէն, ինքնաբերաբար կը հասկնայ նաեւ արեւելահայերէնը, նոյնպէս հակառակը։
Անշուշտ Սփիւռքը գլխաւորաբար կազմուած է արեւմտահայերէն խօսող հայերով։ Հետեւաբար պէտք է կարելի եղածին չափ պահպանել արեւմտահայերէնը որպէս գրական, հաղորդակցական եւ մտածումի լեզու։ Բայց պէտք է մտածել նաեւ ապագայի մասին։ Պէտք է նկատի ունենալ Սփիւռքի այն համայնքները որոնք կազմուած են արեւելահայերով, որոնց մէջ երիտասարդը պէտք է կարենայ սորվիլ արեւելահայերէնը։ Շատ յաճախ աշակերտներու ծնողները չեն տիրապետեր հայերէնին որպէս մայրենի լեզուի։ Իրենց համար հայերէն սորվիլը օտար լեզու մը սորվելու պէս բան մըն է։ Նոյնպէս, Սփիւռքի մէջ ապրող արեւելահայ երիտասարդները պէտք է կարելիութիւնը ունենան հետեւելու արեւելահայերէն լեզուի դասընթացքներու, որպէսզի կարենան գոնէ կարդալ Սփիւռքի մէջ տպուած թերթերը, որովհետեւ անոնք արեւմտահայերէն են եւ դասական ուղղագրութեամբ։
– Հայաստանէն վկայուած երիտասարդները չե՞ն կրնար արեւմտահայ ուսուցիչներու բացը գոցել։
– Չենք կրնար ժխտական կեցուածք որդեգրել այն անձերուն հանդէպ որոնք վկայուած են Երեւանի Պետական Համալսարանի կամ Խաչատուր Աբովեանի անուան Պետական Մանկավարժական Հիմնարկի բանասիրական ճիւղէն, որովհետեւ անոնք իրենց ուսման ընթացքին սորված են արեւմտահայերէն։ Մինչդեռ կարգ մը պարագաներու այդ վկայեալ երիտասարդները, որոնք պատրաստ են աշխատելու Սփիւռքի դպրոցներու մէջ, մանաւանդ Ֆրանսայի մէջ, կը տեսնենք որ կը մերժուին ուսուցչական պաշտօն ստանալ այն պատճառով որ իրենց ուսումը ստացած են արեւելահայերէնով։ Սխալ պատրուակ, որովհետեւ Երեւանէն վկայուած բոլոր այդ երիտասարդները կը տիրապետեն նոյնպէս արեւմտահայերէնին։ Պէտք չէ մոռնալ որ վերջին 50 տարիներուն Հայաստանի Հանրապետութիւնը (Խորհրդային եւ ապա անկախ) աւելի քան 1000 սփիւռքահայ ուսանողներու համալսարանական կրթաթոշակ տրամադրած է, որոնք իրենց ուսումը առած են արեւելահայերէնով եւ եղած են արեւմտահայերէնի շատ լաւ ուսուցիչներ։ Լաւագոյն քերականագէտները, մասնագէտները, դասախօսներն ու ուսուցիչները որ ունինք այսօր՝ սփիւռքահայ երիտասարդներ են որոնք վկայուած են Հայաստանի ուսումնարաններէն եւ որոնք կը դասաւանդեն արեւմտահայերէն։ Այս վկայեալ երիտասարդներուն ուսուցչական պաշտօն զլանալու պատճառաբանութիւնը անհիմն է։ Անոնց հանդէպ պէտք չէ ունենալ բարդոյթ, չհասկնալու զգացում կամ արհամարհանք։ Ընդհակառակը, Սփիւռքի այսօրուան ներկայացուցած պատկերը կը պարտինք անոնց, ինչպէս նաեւ արտագաղթող հայերուն որոնք մշակութային բարձր մակարդակ ունին։ Այսօր Եւրոպայի, Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի եւ Միջին Արեւելքի մէջ այս արտագաղթողները բերած են հայկական մշակոյթի եւ արուեստի իրենց գիտելիքները եւ զանոնք ի սպաս կը դնեն Սփիւռքի պահպանման գործին։
– Ուսուցիչներ պատրաստող Հայաստանը չի՞ կրնար կարեւոր դեր խաղալ արեւմտահայերէնի զարգացման մէջ։
– Շուրջ 15 տարի առաջ Սփիւռքի մէջ սկսանք կազմակերպել հանդիպումներ արեւմտահայերէնի պահպանման եւ զարգացման համար։ Բայց քաղաքական դէպքերը մեզմէ առաջ անցան։ Լիբանանն ու Սուրիան այլեւս նպատակայարմար չըլլալով, ես կը կարծեմ որ լաւագոյն տեղը Հայաստանն է։ Եւ այս առումով Հայաստանը պէտք է ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնը, որովհետեւ ունի արեւմտահայերէնի մասնագէտներ, ինչպէս օրինակ՝ Սուրէն Դանիէլեանը, որ ամէն ճիգ կը թափէ Խաչատուր Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանին մէջ արեւմտահայերէն ուսուցանելու համար Հայաստանի երկրորդական վարժարաններու ուսանողներուն։
Պէտք է իր աշխատանքը նկատի ունենալ երկար վազքի վրայ, որովհետեւ կարգ մը հակասութիւններ պէտք է յաղթահարուին։ Այսօր Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւնը կ՚աշխատի պահպանել եւ տարածել արեւմտահայերէնը։ Խորհրդային Հայաստանի ժամանակներէն Սփիւռքահայութեան հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէն մեծ գործ կատարած էր, հրատարակելով բազմաթիւ գրքեր Սփիւռքի դպրոցներուն համար։ Այս կոմիտէն մեծապէս օգնած էր դպրոցներուն, անոնց ուղարկելով ուսուցիչներ, երաժշտական գործիքներ, նոթաներ, խաղալիքներ եւայլն։ Պէտք է վերակենդանացնենք համագործակցութեան այս քաղաքականութիւնը Մայր Հայրենիքի եւ Սփիւռքի միջեւ։ Սակայն Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը երբեմն հակասութեան մէջ է Սփիւռքի նախարարութեան աշխատանքներուն հետ։ Կրթութեան նախարարութիւնը չէ համոզուած արեւմտահայերէնի դասաւանդման նպատակայարմարութեան։ Այս շատ ժխտական տրամադրութեան դիմաց պէտք է ըստ այնմ ճշդենք մեր քայլերը եւ որոշենք թէ ճիշդ ի՞նչ կ՚ուզենք։ Պէտք է արեւմտահայերէնի ուսուցման նոր ռազմավարութիւն մը զարգացնենք։
– Ի՞նչ կ՚առաջարկէք այս ուղղութեամբ։
– Ես կ՚առաջարկեմ որ ստեղծենք իրաւասու մարմին մը որ համախմբէ երկու կողմերէն մասնագէտներ, Հայաստանէն՝ Երեւանի Պետական Համալսարանի գրականութեան ճիւղի, Խաչատուր Աբովեանի անուան մանկավարժական համալսարանի, Գրականութեան Հիմնարկի (ուր կը գտնուի արեւմտահայերէնի գլխաւոր ամպիոնը), Գիտութեան Ակադեմիայի Հրաչեայ Աճառեանի անուան հայերէն լեզուի հիմնարկի եւ կրթութեան նախարարութեան կողմէ մասնագէտներ, Սփիւռքէն որպէս ներկայացուցիչներ՝ պէտք է ստեղծել Արեւմտահայերէնի Պաշտպանութեան Կոմիտէ, հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի։
Պէտք է գիտակցինք թէ ինչ է որ կը կորսնցնենք։ Տակաւին մինչեւ քանի մը տարի առաջ Համազգայինի կրթական պիւտճէն կը հասնէր 10 միլիոն տոլարի եւ այս գումարի մեծ մասը կը յատկացուէր Միջին Արեւելքի։ Շուրջ 20 տարի առաջ Համազգայինի, Բերիոյ Թեմի (Աթոռանիստը՝ Հալէպ) Առաջնորդ Սուրէն Արք. Քաթարոյեանի եւ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան (որուն հայկական բաժնի տնօրէնն էի) միացեալ նախաձեռնութեամբ ստեղծեցինք Հայագիտական Հիմնարկը, ուր կը պատրաստէինք ուսուցիչներ, մանկավարժներ, լրագրողներ եւ հայկական միութիւններու եւ հաստատութիւններու համար քարտուղարներ։ Ուսման մակարդակը ինչպէս Պէյրութի նոյնպէս Հալէպի մէջ կը համապատասխանէր Երեւանի Պետական Համալսարանի երրորդ տարուան։ Ամէն տարի ունէինք մօտ 25 շրջանաւարտներ Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ, այսինքն՝ տարեկան 50 վկայեալներ։ Ա՛յս է որ մենք կորսնցուցինք։ Հալէպի մէջ 5 տարի առաջ 4 քառակուսի քիլոմեթրի մէջ մենք ունէինք 12 կրթական հաստատութիւններ 12-15 հազար աշակերտներով, մանկապարտէզէն մինչեւ պաքալորէա։
– Այսինքն այսօր վտանգի տակ է մեր մարդուժի կարողականութիւնը…
– Այո, բայց դժուարութիւնները բազմատեսակ են։ Սուրիոյ եւ Լիբանանի դէպքերու հետեւանքով աշակերտներու ծնողները հետզհետէ աւելի հակում ունին իրենց զաւակները ղրկելու օտար դպրոց, յատկապէս անգլիախօս թեքումով։ Որովհետեւ իրենց ծրագիրն է գաղթել դէպի Միացեալ Նահանգներ կամ Քանատա։ Այսօր եթէ Լիբանանի դպրոցները ընդունելի վիճակ կը պարզեն շուրջ 8000 աշակերտներով, ասիկա կը պարտինք գաղթական սուրիահայերուն։ Զաւակները օտար դպրոց ղրկելը ազգային ինքնասպանութիւն է։ 2016-ի երկրորդ եռամսեակին 28.000 սուրիահայեր գաղթեցին Քանատա։ Նոյնիսկ արեւելահայերէնը վտանգի տակ է, Հայաստանէն մեր հայրենակիցներու զանգուածային արտագաղթին պատճառով։ Մենք բաւարար դպրոցներ չունինք Ռուսաստանի եւ Եւրոպայի մէջ։
Այս իմաստով է որ կ՚ըսեմ որ ամբողջութեամբ պէտք է վերակազմակերպենք արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի ուսուցման ռազմավարութիւնը։
– Եզրակացնելով կ՚ուզէք ըսել, որ զուտ լեզուական տեսակէտէ վերլուծելով, երկու կողմերու իրար դէմ պայքարը ժամանակավրէպ է։
– Մենք այսօր անձնակազմի խնդիր ունինք, հետեւաբար չենք կրնար մերժողական քաղաքականութիւն ունենալ մէկուն կամ միւսին հանդէպ։ Եւ յատկապէս ինչ կը վերաբերի Ֆրանսայի հայ մանուկներուն, որոնց ծնողները արդէն իսկ հայերէն չեն խօսիր։ Այնքան կարեւոր չէ թէ անոնք կը սորվին արեւելահայերէն կամ արեւմտահայերէն, կարեւորը այն է որ անոնք հայերէն գիտնան։ Մեր նպատակն է հայերէն սորվիլ, ո՛ր ճիւղը որ ըլլայ։ Պէտք չէ երեխայի մը հայերէն սորվելու կարելիութեան առջեւ պատնէշ դնել, ինչպէս որ պատահեցան դէպքեր, պատճառաբանելով որ ան մէկ կամ միւս տարբերակով կը խօսի։ Մեր մարդուժի աշխարհատարած ցրւումով եւ Միջին Արեւելքի մեր կարելիութիւններու կորուստով հայերէնի ուսուցումը այսօր ծայրայեղօրէն տկարացած ըլլալով, պէտք է բացառել ամէն հակառակութիւն արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի միջեւ, որովհետեւ ատիկա շատ վնասակար, հակազգային, հակահայրենասիրական եւ ոճրային երեւոյթ է։
– Մտաւորականները ի՞նչ դեր կրնան խաղալ այս ուղղութեամբ։
– Հայաստանի եւ Սփիւռքի մտաւորականները պէտք է քաջալերեն այս շարժումը, նախապատուութիւնը տալով հայերէնի ուսուցման, արեւելահայերէն թէ արեւմտահայերէն։ Դժբախտաբար անոնցմէ ոմանք կարծէք կը զուարճանան զատողութիւն ընելով, երեւոյթ մը՝ որուն դէմ պէտք է պայքարիլ։
Հարցազրոյցը վարեց՝ Վարուժան Մարտիկեան
Հայերէնի վերածեց՝ Գրիգոր Դաւիթեան