Շաբաթ՝ 29 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Մոնթրէալի ԹՄՄ-եան կեդրոնատեղիին մէջ երաժշտական բարձր մակարդակի եւ շէնշող յայտագրով ու պատկառելի ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու, Գանատայի մօտ ՀՀ Դեսպանի, ԹՄՄ-ի ու ՌԱԿ-ի ղեկավարներու, բարերարներու եւ շուրջ 150 ներկաներու, նշուեցաւ Գանատայի առաջին հայկական թերթի ու անոր համացանցային լրատու հրատարակչութեան զոյգ տարեդարձները:
Շուտով, հանգամանօրէն կ’անդրադառնանք այս պատմական տօնակատարութեան մանրամասնութիւններուն: