Կրկին Երեւան կը գտնուիմ: Այս անգամ, ուրախ առիթով՝ ընկերոջս հարսանիքին ներկայ գտնուելու: Կ’որոշեմ երկու օր աւելի կենալ, քաղաքը վայլել:
Առտուայ հինգին կը հասնիմ: Է՜հ, Եւրոպական ընկերութիւնները մեր խեղճ ժողովուրդին կը տրամադրեն թռիչքներ՝ առտուայ փոքր ժամերուն: 0րուան ընթացքին, եւրոպական օդանաւերը կը թռչին դէպի ուրիշ, ուրիշ մակարդակի երկիրներ: Սենեակս պատրաստ չէ, այնպէս որ կը գտնուիմ Զապէլին բնակարանը, Երեւանի կեդրոնէն մի քանի քիլօմեթր դուրս: Հոս իսկական Երեւանն է: Շէնքի մուտքին, գարշելի հոտ մը կը տիրէ: Քաղաքի նորմալ թաղերուն մէջ, աղբերը շաբաթը մէկ անգամ կը հաւաքեն: Ոչի՛նչ: Լաւ կը զգամ, Հայաստանն է, մերն է: Սովետական շրջանին բարձրունքի վրայ շինուած շէնքի եօթներորդ յարկի, հաճելի բնակարանին ոտքին փռուած ի սաղ Երեւանը: Ննջասենեակի պատուհանէն անմիջապէս կ՛երեւի Ամերիկեան համալսարանը, քիչ մը անդին, Քասքատը. Աւելի անդին, Արարատը: Ի՜նչ զգացում: Առաւօտեան կապոյտ՝ ջինջ երկինքը, չոր օդը, շէնքի անմիջապէս կից երեւանեան հին՝ պարտէզով տուներու աքլորներու լուսաբացի այգը, ինծի Շթորան կը յիշեցնեն:
Թումանեանի վրայ, «Մեր Թաղը» ճաշարանին առջեւէն կ’անցնիմ. Փարիզէն՝ Ֆրսահայ բժիշկներու միութիւնէն Արթիւրն է. Նստած բարեկամի մը հետ հաց կ’ուտէ: « Դա՛նօ, եկուր, նստիր»: Կը նստիմ: Լէհմէճիւն, Սու Պէորէք, Իչլի քէոֆդէ, թան. Արքայութիւն: Արթիւրը եկած է Սպիտակի նոր բացուելիք Ատամնաբուժարանի կահ կարասին, բժշկական պիտոյքը, տեղաւորելու, կազմելու, ճշդելու. Տեղադրելու՝ պէտք եղած ձեւով, Եւրոպական բծախնդրութեամբ: Մէկ ամիսէ, գործ, տուն, տեղ, ընտանիք, նորածին թոռնիկ ձգած, հոս է: Կը պատմէ տասնամեակներով՝ դէպի հայրենիք իր նախկին առաքելութիւններուն մասին, սկսած երկրաշարժի տարիէն: Որքան գոհ է հոս ըլլալուն, ըրած գործին համար: Այս երկրորդ սերունդի, իր թերի հայերէնին համար մեր՝ Պէյրութցիներու դատումով «կէ՛ս» հայը, որքան հայրենասէր է, որքա՜ն. Ինձմէ որքա՛ն աւելի գործ ըրած է:
Աբովեանի վրայով կ՛իջնեմ դէպի հրապարակ: Դիմացէս եկողը Սագո՞ն է: Ի՞նքն է թէ ինքը չէ: Ինքը չէ՛: Ամա՜ն, այս միւսը որքան Շահէին կը նմանի: Մարիոթի մուտքին Տիկին մը հեռաձայնով կը խօսի « Նայէ Ճանիկս, հիմա Երեւան եմ…»: Անպայման, Պէյրութցի ըլլալու է: Տարօրինակ՝ շատ հաճելի հարազատութեան զգացում մը. Որպէս թէ փողոցը, քաղաքը, ամբողջ տիեզերքը մերը ըլլար. Ամէն տեղ մենք զմեզ մեր տունը կը զգանք: Յանկարծ՝ շէնքէն դուրս կու գայ Վահէն. «Հա՛, Դանօ, շատ ուրախ եմ քեզ տեսնելուս. Գրութիւններդ կը կարդամ. Շատ լաւ կ՛ընես գրելով, բայց Սփիւռքը դատապարտուած է. Եթէ բան մը ընել կ՛ուզես, ել, եկուր հոս հաստատուիր» . . . Անցեալ շաբաթ, երբ եղբօրս աղջկան հետ սուրճ կը խմէինք Փարիզ՝ Քաֆէ տը լա բէ, ան ըսաւ – «Զարմիկներուս ամուսիններուն ազգութիւններու հաւաքածոն շատ հետաքրքրական է – Նոր Զելանտացի, Ճաբոնցի, Չինացի, Լիբանանցի, Հրեայ, Ֆրանսացի, Շվետացի, Ամերկացի. Ութին մէջ երկու հատ ազգակից չկայ»: Որքա՜ն հետաքրքրական: Վահէ՜. . .
Մարիոթ՝ նախաճաշի հանդիպում ունիմ: Զարմիկս Յովանը՝ «Վերի Արտէն», մտաւորական ընտանիքէ՝ Սասունցի Օհաննէս Սիմոնեանի թոռն է: Էքզէքիւդիվ լաունճի յատուկ սրահը հազիւ մտած եւ սեղան չ՛նստած, մեր ձախ կողմի սեղանէն երտասարդ մը վզիս կը փաթթուի ողջագուրուելու: «Յիշեցի՞ր զիս, Վարդգէ՛սն եմ, Ոսկեբերանին տղան. Պէյրութ, գիւղը՝ Խնշարա դրացի էինք. Եթէ չես յիշեր, նորմալ է. Ես այն ատեն ութը տարեկան էի. Դուն տասնըութը ըլլալու էիր. Արդէն կը քշէիր»: Անշուշտ կը յիշեմ պարոն Ոսկեբերանը, տիկին Շաքէն, իրենց մեծ աղջիկը Լալիկը՝ որ իր այդ անունով, հաւանաբար Ապրիլ 24ին ծնած ըլլալու էր: Վարդգէսը կը շարունակէ պատմել թէ որքան տպաւորած էի զինք իմ քաջագործութիւններովս, հասակովս, կը պատմէ որ որքան գեղեցիկ էի այդ ժամանակ: Աջ կողմի սեղանէն տիկին մը, որ մինչ այդ իր Այ Բատին վրայ իմէյլները կը կարդար, ժպիտով մը կը միջամտէ «Հիմա ալ պակաս բան մը չ’ունի»: «Ներողութիւն տիկին, ուրկէ՞ էք» կը հարցնեմ: Շողերը Աւստրալիայէն է: Անկէ առաջ Պէյրութէն, մեր քաղաքի Հայ Սքուլէն, հօրեղբօրս աղջկան՝ Ռիթաին դասընկերուհին. Անկէ առաջ Կիւրինցի է, դուստրը հռչակաւոր բանաստեղծ Վահէ Վահեանի, որ տարի մը մեր հայերէնի ուսուցիչը եղած էր: Ի՜նչ փոքր աշխարհ է: Միւս սեղաններէն ուրիշներ խօսքի կը միանան: Բացառիկ երեւոյթ մը բաղդատելով աշխարհի բոլոր Մարիոթներուն. Սակայն հոս՝ Երեւան, միշտ այսպէս, մթնոլորտը բացառիկ կ՛ըլլայ: Անու՜շ Հայաստան . . .
Տասնըհինգ վայրկեանէ ոտքի եմ, սուրճին հոտը հոգիս կը քաշէ. Անօթութիւնէս սիրտս կ’անցնի: Վերջապէս հաց, պանիր, լօլիկ ձիթապտուղ կ’առնեմ. Ասոնց հետ թէյը աւելի լաւ կ’երթայ: Թէ՛յ կ՝առնեմ: Հաւկիթ մըն ալ կ՝ապսպրեմ: «Ինչո՞վ կ’ուզէք»: «Սոխ, սունկ, ազատքեղ»: «Ազատքե՞ղն որն ա»: «Կանաչի» կը միջամտէ Յովանը: Յովանին կը բողոքեմ. Կանաչին ընդհանրական բառ է: Յովանը կը բացատրէ որ հայրենի ժողովուրդը ազատքեղին համար յատուկ բառ չ’ունի, ընդհանրապէս Ռուսերէն փէդրուշքա բառը կը գործածեն: Հայաստան անցեալ այցիս, գրեթէ կռուի ինկայ Հայաստանցիի մը հետ: Չէր հասկնար թէ ստեպղինը ինչ էր. Այդ բան մէ չէ. Կը պնդէր որ «Կազար»ը հայերէն բառ էր: Գացինք, բառարան բացինք. «Իրենց» բառարանին մէջ իսկապէս կազար գրուած է . . . :
Յովանին հետ շատ խօսելիք ունէինք, չկրցանք խօսիլ, յաջորդին ձգեցինք. Խօսքի մէջ միայն ըսաւ «երկրի պարպուելու Խուճապային ընթացքը գլխապտոյտ կը պատճառէ: Անցեալ ամառ մէկ ամիս հոս մնացի. Այս գալուս, հին աշխատաւորներէն որուն մասին որ հարցնեմ, պատասխանը ՝Արտասահմանում է՛ կ՛ըլլայ. Գաւառացիներուն մասին չեմ խօսիր, որ Մոսկուայ Ասֆալդ կը թափեն. Ասոնք շէնքով շնորհքով, լեզու գիտցող, գործ ունեցող տղաք էին. Երկրի ապահովութիւնը լուրջ կերպով վտանգուած է. Վաղը Աստուած չ՛ընէ եթէ կրկին պատերազմ ըլլայ, երկրին մէջ զէնք բռնող պիտի չ՛ըլլայ»:
Յանկարծ Արմէնը կը զանգէ «Լսեցի հո՛ս ես. Հանդիպինք»: Չե՛մ կրնար. Վերջին օրս է: Կը պատմէ որ «Գործերը ահաւոր վատ են: Ժողովուրդին ձեռքը դրամ չկայ: Խանութներու ամսական ծախքի գումարը չի հէրիքիր վարձքերը եւ աշխատավարձքերը վճարելու: Հիմա տակաւին օդերը լաւ են, երկիրը թուրիսթ կայ. Թէկուզ հոս՝ Տալմա Մոլ չ՛գան, դրամ կը ծախսեն, ժողովուրդին ձեռքը դրամ կ’անցնի: Ձմեռը իմչպէս պիտի անցնենք, կամ եթէ պիտի անցնենք, չեմ գիտեր. Հիմա անմիջապէս երկու խանութներէս մէկը պիտի փակեմ. Հինգ պաշտօնեաներէս երկուքը գործէ պիտի արձակեմ: Չեմ կրնար դիմանալ»:
Շարունակելի . . .
Դանօ,
Պէյրութ, Սեպտեմբեր 5