Հայաստանը 2017-ին Եւրոպական Միութենէն պիտի ստանայ 9.1 միլիառ դրամի պաշտօնական դրամաշնորհ: Ազգային ժողովին մէջ ՀՀ 2017 թուականի պետական պիւտճէի նախագիծի քննարկման ժամանակ այս մասին յայտնած է ՀՀ ելեւմուտքի նախարարի առաջին տեղակալ Ատոմ Ջանջուղազեանը: «Պաշտօնական դրամաշնորհները նախատեսուած չեն նպատակային ծրագրերի համար: 2016 թուականին Հայաստանը Եւրոպական Միութիւնից ստացել է 12.6 միլիարդ դրամի պաշտօնական դրամաշնորհ»,- 1in.am-ի փոխանցմամբ՝ ըսած է Ջանջուղազեանը:
Ան աւելցուցած է, որ նպատակային ծրագիրներու համար Հայաստանը 2017-ին Եւրոպական Միութենէն պիտի ստանայ 9.7 միլիառ դրամի դրամաշնորհ:
Ջանջուղազեան ընդգծեց, որ այդ գումարները Հայաստան պիտի ստանայ ինչպէս Եւրոյանձնաժողովէն, այնպէս ալ եւրոպական ծագում ունեցող այլ կառոյցներէ:
2017-ի ընթացքին Հայաստանը ԵՄ-էն պիտի ստանայ 4.3 միլիառ դրամի վարկային միջոցներ: