Մանուէլ Քէշիշեան կը գրէ․
Շնորհակալութի՛ւն Հայաստան…
Շնորհակալ եմ, որ զիս քու ուշադրութեանդ կեդրոնը կը պահես…
…Դպրոցի տնօրէնուհին հարցուց.
– Պարոն Մանօ, անձնագիրդ քո՞վդ է:
Քովս էր: Ո՞վ կը համարձակի այս օրերուն առանց անձնագիրի տունէն դուրս ելլել:
Տնօրէնուհին բացատրեց.
– Գիտես, որ Հայաստանէն երկու օդանաւ օգնութիւն եկած է մեզի:
Գիտէի, անշուշտ գիտէի, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը օգնութիւն ղրկած է Սուրիոյ, Հայաստանի ժողովուրդը օգնութեան ձեռք մեկնած է Սուրիոյ ժողովուրդին: Կը յիշեմ, Մեծ երկրաշարժին Սուրիան ալ օգներ էր Հայաստանի աղէտեալներուն: Սուրիահայերն ալ օգներ էին Հայաստանի իրենց եղբայրներուն:
– Հայ ուսուցիչներուն ալ բաժին վերապահուած է, քու ալ անունդ կայ:
Ի՛մ ալ անունս կայ. ինծի՛ ալ բաժին հասած է Հայաստանէն եկած օգնութենէն, այսինքն` Հայաստանը զիս ալ հոգացած է. այն Հայաստանը, որ տնտեսապէս փայլուն վիճակ մը չունի: Հայաստանը կ՛օգնէ Սուրիոյ, հայաստանցի հայը կ՛օգնէ դժուարութեան մէջ գտնուող իր սուրիահայ արիւնակիցին: Հայաստանէն օգնութիւն եկած է մեզի: Փաստօրէն Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը յայտարարէ, որ ինք տէր է տագնապի մէջ գտնուող իր հեռաւոր զաւակներուն:
Կը յիշեմ 1988-ի երկրաշարժի օրերուն ծովուն մէջ դէպի Պէյրութ կը լողար խորհրդային նաւ մը, որ Հայաստանէն օգնութիւն կը հասցնէր Լիբանանի հայութեան: Օգնութիւնը կը պարունակէր նաեւ լիբանանահայ իւրաքանչիւր դպրոցի հասցէագրուած դաշնակ մը, այսինքն` այն ատեն ալ Ղարաբաղեան շարժման փոթորկայոյզ վիճակի մէջ գտնուող Հայաստանը հոգ կը տանէր օտար ափերու մէջ գտնուող հայկական հաստատութիւններէն իւրաքանչիւրին:
Ականջիս մէջ կը հնչէ տնօրէնուհիին ձայնը.
– Քու ալ անունդ կայ:
Այս նախադասութեան իմաստը արիւնիս հետ կը շրջագայի մարմինիս մէջ, բոյն կը դնէ հոգւոյս եւ մտքիս մէջ. ուրեմն հայաստանցի հայը, իւրաքանչիւր հայաստանցի հայ, անկախ իր տնտեսական վիճակէն, խորհած է մեր մասին, մեզմէ իւրաքանչիւրին մասին, նաեւ իմ մասիս: Կը յիշէ՞ք քանի մը շաբաթ առաջ ինչպիսի տագնապ բարձրացաւ Հայաստանի մէջ, երբ քանի մը օրերու ընթացքին հինգ թանկագին զոհեր տուաւ հալէպահայութիւնը: Հայաստանի մէջ նոյնքան տագնապեցան որքան մենք, նոյնքան տագնապեցան որքան Ղարաբաղի վերջին Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի ատեն:
Եւ ես ինքզինքս անտէր չզգացի…
Ես չմտածեցի Հայաստանի Հանրապետութեան կատարած օգնութեան քաղաքական պատճառներուն եւ հետեւանքներուն մասին, ես չմտածեցի, թէ ի՛նչ ղրկած էր Հայաստանի ժողովուրդը մեզի, չքննարկեցի, թէ Հայաստան ի՛նչ ձեւով աւելի շատ օգտակար կրնար դառնալ մեզի:
Ես զգացի, ո՛չ, ո՛չ, գիտակցեցայ որ տէր ունիմ, ինծի տէր կանգնող պետութիւն-հայրենիք ունիմ, որ այսօր հետս է, կը կիսէ տառապանքս: Զգացի ու նաեւ գիտակցեցայ, որ ես` Սուրիոյ մէջ ապրող հայս, Լիբանանի կամ աշխարհի որեւէ տեղ ապրող հայու մը նման, քաղաքացին եմ նաեւ երկրի մը, որ ՀԱՅԱՍՏԱՆ կը կոչուի: Այո՛, ես հայրենիքիս զաւակն եմ, անկախ անկէ, թէ անոր քաղաքացիութեան փաստաթուղթը ունիմ թէ ոչ: Գիտակցեցայ, որ այսօրուան պէս հայրենիքս մշտապէս տէր պիտի կանգնի ինծի:
Ու հիմա շնորհակալ եմ իմ հայրենիքիս, իմ հայրենի ժողովուրդին:
Շնորհակալ եմ Հայաստան, անձնապէս շնորհակալ եմ: