Մոնթրէալ.- Կեանքը Թ.Մ.Միութեան սրահէն ներս

ALZHEIMER ի որակաւոր բանախօսութիւնը

Մեր շրջապատէն յաճախ լսած, կամ զգացած ենք Alzeimer ի սարսափին մասին, սակայն աւելի յստակ կերպով ու հանդարտօրէն մեզի ներկայացուեցաւ Նոյեմբեր 4-ի երեկոյեան, Թէքէեան Մշակութային Միութեան ուրբաթօրեայ յայտագրին միջոցաւ:

Միութեանս ատենապետ պրն. Արթօ Մանուկեան պատշաճ իր բացման խօսքով արժանավայելօրէն ներկայացուց օրուայ բանախօսուհին ազնուափայլ Տիկ. Սապին Չիլինկիրեան-Քաֆէսճեանը, սեփականատէր Pharmaprix ի դեղարանին, որ եկած էր իր գիտութիւնը ի սպաս դնելու մեր հասարակութեան, նիւթ ունենալով «Alzeimer» ը:

Տիկ. Սապին, 9 տարեկանէն, արդէն հեռացած էր հայկական վարժարաններէն, սակայն զարմանքով ու կլանուած հետաքրքրութեամբ, մանաւանդ իր բացառիկ հայերէն լեզուով ներկայացուց, մենք ունկնդրեցինք այս ինքնին խրթին ու մտահոգիչ նիւթը:

Բծախնդրութեամբ պատրաստուած, սակայն խառնուած սրամիտ այլ զուարթախոհ մեկնաբանութիւններով ազնուափայլ բանախօսուհին յաջողեցաւ այս՝ փոխարկել դիւրահաղորդ նիւթի մը:

Գնահատելի էր Տիկ. Չիլինկիրեանի գիտութիւնը ներկայացուած ուժն ու լեզուն, նաեւ գնահատելի է Թ.Մ.Մ.-ի ուրբաթօրեայ այս յայտագիրներու որակաւոր ու դաստիարակիչ աշխատանքը:

Մենք մեր ժողովրդային արտայայտութեամբ կ’ըսենք «համը բերաննիս մնաց»: Ուրեմն փափաքելի էր, որ յառաջիկային, տարբեր նիւթերով, Տիկ. Սապին Չիլինկիրեանը, անգամ մը եւս իր գիտութիւնը մեզի տրամադրէր, այսքան հաճելի ոճով:

Ճատրակի ընկերային մրցախաղ

Շաբաթ 14 եւ Կիրակի 15 Հոկտեմբեր 2016- ին Թ.Մ.Միութեան սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ Ճատրակի ընկերային մրցախաղ, ղեկավարութեամբ Միութեանս գործօն անդամ՝ Երուանդ Տէմիրճեանի եւ օժանդակութեամբ՝ պրն. Սարգիս Քավուքճեանի:

Մրցախաղին՝ իրենց մասնակցութիւնը բերին 27 աշակերտներ, որոնց տարիքը 6-16 տարեկանի միջեւ էր: Մրցումը տեւեց  մօտաւորապէս 5 ժամ, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

Հպարտանքի արժանի երեւոյթ մըն էր, որ մէկ տարուայ ընթացքին եւ այդ դասընթացքներուն պատճառաւ, սոյն պատանիները հասած էին ոչ միայն գնահատելի մակարդակի մը, այլեւ անոնք մեծ խանդավառութեամբ ցոյց կու տային իրենց սէրն ու փափաքը ճատրակի հանդէպ:

Շնորհաւորելի է Երուանդ Տէմիրճեանը իր լռելեայն ու հանդարտ աշխատանքով, առաւել ճատրակի իր գիտութեամբ, որ սիրայօժար կերպով կը տրամադրէ Թ.Մ.Մ.-եան այս օրինակելի աշխատանքին:

                                                                                                                                    Տ. Ե.