«Դրամագլուխ» Հալէպը

Յակոբ Միքայէլեան

Կը շա­րու­նակ­ուին Սուր­իոյ եւ յատ­կա­պէս Հա­լէ­պի եւ հա­լէ­պա­հա­յու­թեան նուիր­ուած  ժո­ղով­նե­րը, քն­նար­կում­նե­րը, հար­ցազ­րոյց­նե­րը, դրա­մա­հա­ւաք­նե­րը… եւ քիչ մը ամէն տեղ աշ­խար­հի մէջ, ուր գոր­ծուն­եայ հայ­կա­կան հա­մայնք կայ:

Հա­լէ­պը ոչ միայն հա­մայն հա­յաշ­խար­հի մտա­հո­գու­թեան առար­կան է այ­սօր, այլ հա­մայն աշ­խար­հի կի­զա­կէ­տը դար­ձած է: Քար­տէ­զի վրայ Սուր­իոյ տե­ղը չի­մա­ցող օտար­նե­րը այ­սօր կը խօ­սին Հա­լէ­պի ար­ուար­ձան­նե­րուն ու շր­ջա­կայ գիւ­ղե­րուն ու ճամ­բա­նե­րուն մա­սին` անոնց անուն­նե­րը յա­ճախ կրկ­նե­լով:

Ժո­ղով­նե­րուն ու ասու­լիս­նե­րուն ներ­կայ եղող Հա­յաս­տա­նի մա­մու­լի եւ հե­ռուս­տա­տե­սութ­եան ոլոր­տի թղ­թա­կից­ներ իրենց աս­պա­րէ­զի պա­հանջնե­րէն մղ­ուած կը հե­տաքրքր­ուին Հա­լէ­պով ու ան­կէ ճիւ­ղա­ւոր­ուած հար­ցե­րով. առանց ակ­նե­րեւ մտա­հո­գու­թեան. գործ է, պի­տի կա­տա­րեն, եւ ան ալ լա՛ւ պի­տի կա­տա­րեն, որ­պէս­զի շա­րու­նա­կեն աշ­խա­տիլ տու­եալ հիմ­նար­կութ­եան մէջ, քա­նի մր­ցակ­ցու­թիւնը շատ է, եւ անոր որ­պէս հե­տե­ւանք, հարկ է «գրաւ­չու­թեամբ» ներ­կա­յաց­նել նիւ­թը, որ­պէս­զի ըն­թեր­ցող, կամ ունկն­դիր հա­սա­րա­կու­թեան մօտ լաւ տպա­ւո­րու­թիւն ձգէ: «Լաւ տպա­ւո­րու­թեան» սի­րոյն, անոնք յա­ճախ չա­փա­զան­ցու­թիւն­նե­րու կը դի­մեն, կամ հար­ցադ­րուո­ղին բե­րա­նով ցն­ցիչ յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ կ՛ընեն, բան մը, որ եթէ լրագ­րա­կան աս­պա­րէ­զի մէջ «վար­պե­տու­թիւն» կը հա­մար­ուի, են­թա­կա­յին մօտ ալ ընդվ­զում կ՛առա­ջաց­նէ:

Սա­կայն, խոս­տո­վա­նիմ որ նա­խորդ տա­րի­նե­րու հետ բաղ­դա­տած, շատ բան փոխ­ուած է այս օրե­րուս, ինչ կը վե­րա­բե­րի Հա­լէ­պէն Հա­յաս­տան տե­ղա­փոխ­ուիլ փա­փա­քող­նե­րուն կա­րե­լի օժան­դա­կու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լուն: Բա­ցի բա­րե­սի­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րէն եւ ան­հատ բա­րե­րար­նե­րէն, ՀՀ Սփիւռ­քի Նա­խա­րա­րու­թիւնը ար­դէն ատե­նէ մը ի վեր լուրջ քայ­լե­րու դի­մած է, ամէ­նօր­եայ կապ պա­հե­լով ՀՀ Հա­լէ­պի  Հիւ­պա­տո­սա­րա­նին եւ Բեր­իոյ Թե­մի Առաջ­նոր­դա­րա­նին հետ, իմա­նա­լով եկուոր­նե­րուն տու­եալ­նե­րը, ապա օդա­կա­յա­նին մէջ ըն­տա­նիք­նե­րը դի­մա­ւո­րե­լով ու զա­նոնք բնա­կա­րան­նե­րու մէջ տե­ղա­ւո­րե­լով:

Ճիշդ է որ քա­նի մը հա­զար ապաս­տան­եալ տե­ղա­ւո­րե­լը եւ անոնց պէտ­քե­րը հո­գա­լը պե­տու­թեան մը հա­մար մեծ հարց չէ, սա­կայն նա­եւ նկա­տի առ­նե­լու է Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նա­փակ կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը:

Եղան մար­դիկ, որոնք բարձր գնա­հա­տե­լու հա­մար Հա­յաս­տա­նի ըն­ձե­ռած օժան­դա­կու­թիւն­նե­րը,  օրի­նակ բե­րին իս­լամ գաղ­թա­կան­նե­րուն ան­փա­ռու­նակ վի­ճա­կը Եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րու սահ­ման­նե­րուն ու վրա­նա­քա­ղաք­նե­րուն մէջ, սա­կայն այդ­պէս ըսող­նե­րը չեն անդ­րա­դառ­նար, որ Եւ­րո­պա ապաս­տա­նող­նե­րը լրիւ օտար­ներ են, որոնք օտար եր­կիր­նե­րու դռ­նե­րը կը բա­խեն, մինչ մենք, մեր եր­կի­րը կու գանք, մենք մեր տու­նը կու գանք:

Սուր­իոյ պա­տե­րազ­մը կը շա­րու­նակ­ուի, որուն առա­ջին գի­ծին վրայ Հա­լէպն է որ կանգ­նած է «լի­նել-չլի­նե­լու» վի­հի եզ­րին եւ կը մարտն­չի, կը պայ­քա­րի, որ չգ­լո­րի վիհն ի վար, որ իր ստա­ցած վէր­քե­րը զինք հո­գե­վար­քի չտա­նին:

Հա­լէ­պը բո­լոր հա­յ ­գա­ղութ­նե­րը դի­եց­նո­ղը եղած է, իս­կա­կան մայր եղած է, իր մակ­դի­րը ար­ժեց­նե­լով  որ­պէս Մայր Գա­ղութ ու տա­կա­ւին կը գո­յա­տե­ւէ ան­հա­ւա­տա­լի կամ­քով ու աւիւ­նով: Հա­լէ­պա­հա­յու­թեան սա­տա­րե­լը ազ­գա­սի­րու­թեան ամե­նա­պայ­ծառ դր­սե­ւո­րումն է:

Կը մնայ որ Հա­լէ­պը ան­կեղծ հո­գա­տա­րու­թեան առար­կայ ըլ­լայ, ո՛չ շա­հար­կուող «դրա­մագ­լուխ» լրագ­րող­նե­րուն ու լրատ­ուա­կան մի­ջոց­նե­րուն հա­մար: