Գարունը, որ պիտի չուշանայ

Յակոբ Միքայէլեան

Ամէն ան­գամ որ հա­լէ­պա­հայ մշա­կու­թա­յին կեան­քը դր­սե­ւո­րող ձեռ­նարկ­նե­րու ծա­նու­ցում­նե­րը տես­նեմ դի­մա­տետ­րի էջե­րուն, ու­րա­խու­թեան եւ հպար­տու­թեան զգա­ցում­նե­րուս զու­գա­հեռ, թա­խիծ մը կը պա­տէ հո­գիս, որ այդ բո­լո­րը տեղի կ՛ունենան, ինձ­մէ հե­ռու, իմ բա­ցա­կա­յու­թեանս, երբ ես ալ կր­նա­յի մաս­նակ­ցիլ եւ բա­ժին մը վերց­նել այդ հե­րո­սա­կան աշ­խա­տանք­նե­րէն, եթէ Հա­լէպ մնա­ցած ըլ­լա­յի:

Նոյ­նիսկ յան­ցա­ւոր կը զգամ ինք­զինքս, որ հոն չեմ, ծրագ­րող ու գոր­ծող տղոց ու աղ­ջիկ­նե­րուն հետ չեմ, երբ կեանք մը ամ­բողջ ապ­րած եմ այդ­պէս, ինք­զինքս նուի­րած միու­թե­նա­կան -հա­սա­րա­կա­կան աշ­խա­տան­քին, յա­նուն հա­յա­պահ­պա­նու­թեան եւ մեր մշա­կոյ­թի գո­յա­տեւ­ման ու տա­րած­ման:

Ին­ծի նման բո­լոր անոնք, որոնք Հա­յաս­տան հաս­տատ­ուած են, Հա­լէ­պի զա­նա­զան միու­թիւն­նե­րու, կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու որ­պէս հա­ւա­տա­րիմ ան­դամ­ներ, երբ տա­րի­նե­րով նուիր­եալ ծա­ռա­յու­թիւն մա­տու­ցած են գա­ղու­թին, վս­տահ եմ, մի­եւ­նոյն զգա­ցու­մը կ՛ու­նե­նան: Այս­տեղ, մեր գա­ղու­թա­յին ըմբռ­նու­մով միու­թիւն­ներ ու ակումբ­ներ չկան, այս­տեղ  յա­նուն հա­յա­պահ­պա­նու­թեան պայ­քար չկայ, ատոր կա­րիքն  ալ չկայ, այն­քան ատեն, որ հո­ղիդ վրայ ես եւ վախ չու­նիս ձուլ­ուե­լու եւ կուլ եր­թա­լու այլ մշա­կոյթ­նե­րու:

Կը տես­նեմ մեր տղաքն ու աղ­ջիկ­նե­րը, Հա­լէ­պի եր­բեմ­նի բե­մե­րու աստ­ղե­րը, ակումբ­նե­րը երկ­րորդ տու­նի վե­րա­ծած­նե­րը, հի­մա, առանց ակում­բի, հանգստ­եան կոչ­ուած­նե­րու նման իրենց հին օրե­րու յի­շա­տակ­նե­րը որո­ճա­լով կ՛ապ­րին: Հա­յաս­տա­նը իր բո­լոր առա­ւե­լու­թիւն­նե­րով, իր ան­փո­խա­րի­նե­լի հմայ­քով չի կր­նար ջն­ջել այ­դօ­րի­նակ մար­դոց հին օրե­րու կա­րօ­տի զգա­ցու­մը:

Հոս ամէն ինչ փրո­ֆէսի­ո­նալ, ար­հես­տա­վար­ժա­կան հիմ­քի վրայ է ու մար­դիկ կը զար­մա­նան, որ մենք Հա­լէ­պի մէջ տաս­նամ­եակ­նե­րով անվ­ճար ծա­ռա­յած ենք, գի­տակ­ցա­բար, հա­մո­զու­մով ու նուի­րու­մով, որ­պէս­զի պահ­պա­նենք Հա­լէ­պի հա­յա­պահ­պան­ման հա­յատ­րոփ ամ­րո­ցը, աներկ­բա­յօ­րէն` ամե­նա­հայ գա­ղու­թը հա­մայն Սփիւռ­քի մէջ, եւ ան­շուշտ ասի­կա ոչ միայն հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րու եւ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու մէջ հա­սակ առած սե­րունդ­նե­րուն շնոր­հիւ եղած է, այ­լեւ երկ­րի իշ­խա­նու­թեան բար­եա­ցա­կամ վե­րա­բեր­մուն­քին, հո­գա­տար ու թոյ­լա­տու պայ­ման­նե­րուն. մենք գա­ղու­թը ՀԱՅ պա­հած ենք նա­եւ մեր Հայ­րե­նի­քին հա­մար, որ­պէս­զի օր մը երբ մէկ­տեղ­ուինք, բաց ճա­կա­տով ներ­կա­յա­նանք մեր հայ­րե­նի ժո­ղո­վուր­դին, մեր անա­րատ հայ­րե­նա­սի­րութ­եամբ եւ մա­քուր լեզ­ուամ­տա­ծո­ղու­թեամբ, մեր լեզ­ուին հան­դէպ բծախնդ­րու­թեամբ: Այս բո­լո­րը կը զգան հա­յաս­տան­ցի­նե­րը, երբ կը տես­նեն եւ կը լսեն թէ ինչ­պէ՛ս կը խօ­սինք, ինչ­պէ՛ս կ՛երկր­պա­գենք մեր սր­բազ­նա­գոյն Արա­րա­տին, մեր պատ­մութ­եան, մեր մշա­կոյ­թին, մեր ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րուն:

Մենք հպարտ ենք, որ կա­րո­ղա­ցած ենք պահ­պա­նել մեր ինք­նու­թիւնը եւ այդ­պէս ալ դաստ­ի­ա­րա­կել յա­ջոր­դող սե­րունդ­նե­րը:

Այ­սօր ալ, հա­կա­ռակ այս դժո­խա­յին պայ­ման­նե­րուն, հա­լէ­պա­հա­յու­թեան զար­կե­րա­կը առողջ է, վկայ` չ՛ընկ­ճուող կամ­քը գո­յա­տե­ւե­լու, վկայ իրար յա­ջոր­դող գե­ղար­ուես­տա­կան տա­րա­տե­սակ ձեռ­նարկ­նե­րը, վկայ մեր բաց վար­ժա­րան­նե­րը, մեր եկե­ղե­ցի­նե­րուն ղօ­ղանջ­ներն ու նոր ըն­տա­նիք­նե­րու հիմ­քը դնող պսակ­ներն ու հար­սա­նիք­նե­րը:

Վե­ցամ­եայ պա­տե­րազ­մին մեր նա­հա­տակ­նե­րը ծան­րա­ծանր կս­կի­ծով լե­ցու­ցին մեր հո­գի­նե­րը, սա­կայն անոնց հո­գի­նե­րը իրենց յա­ւի­տե­նա­կան հան­գիս­տին մէջ կը խայ­տան, երբ կը տես­նեն, որ Հա­լէ­պի հայ­կա­կան ճղակ­տոր ծա­ռը դեռ կան­գուն է ու ան­պայ­ման պի­տի դա­լա­րի ու ծաղ­կի, երբ իս­կա­կան գա­րու­նը վե­րա­դառ­նայ: Գա­րուն մը, որուն «Ոտ­նա­ձայ­նե­րը Կ՛առ­նեմ»:

 

Յակոբ Միքայէլեան