Իւրաքանչիւր անցնող օրուան հետ, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը ալ աւելի բռնակալ կը դառնայ: Ընդդիմադիր քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական կուսակցութեան թրքական խորհրդարանի 11 անդամներու ձերբակալութիւնը վերջինն է Էրտողանի բըռնապետական քաղաքականութեան երկար շարանին մէջ:
Փենթակոնի նախկին պաշտօնեայ եւ «Ամերիկեան Ձեռներէցութեան Հիմնարկ»ի գիտաշխատող Մայքըլ Ռուպին, անցեալ շաբաթ, ջախջախիչ նիւթ մը հրապարակած էր Էրտողանի մասին` թուարկելով անոր խայտառակ գործողութիւններէն քանի մը հատը…
Ամփոփելով` ձեր ուշադրութեան կը ներկայացնեմ Ռուպինի ծաւալուն յօդուածը, որ տեղադըրուած էր «Նիւզուիք»ի եւրոպական հրատարակութեան կայքին մէջ` «Տասներկու հարց, որ թուրք լրագրողները չեն համարձակիր տալու» խորագիրով:
1. Ինչպէ՞ս Էրտողանը դարձաւ միլիառատէր:
Էրտողանը մեծցած է աղքատ ընտանիքի մը մէջ` մինչեւ Պոլսոյ քաղաքապետ դառնալը, երբ բախում ունեցաւ փտածութիւնը հետաքննող 13 պաշտօնեաներու հետ: 2004 թուականին, երբ ան Թուրքիոյ վարչապետն էր, Անգարայի մէջ ԱՄՆ դեսպանատունը Ուաշինկթըն ուղարկած հեռագիրի մը մէջ կը գրէր, որ «ան առնուազն ութ դրամատնային հաշիւներ ունի Զուիցերիոյ մէջ»: Բացի այդ, գաղտնի հեռախօսային ձայնագրութիւններէն բացայայտուեցան անոր հրահանգները` «գրեթէ մէկ միլիառ տոլար կանխիկ գումար վերցնելու մասին: Էրտողան օգտագործեց իր ազդեցութիւնը դատարաններու վրայ` դատը չեղեալ յայտարարելու եւ ձերբակալելու այն դատախազներն ու դատաւորները, որոնք կը ձգտէին հետամուտ ըլլալ ատոր»:
2. Ո՞ւր է Էրտողանի համալսարանական վկայականը:
Էրտողան կը պնդէ, որ 1981-ին աւարտած է Պոլսոյ Մարմարայի համալսարանը: Հնարաւոր է, որ անոր վկայականը կեղծուած է: «Քառամեայ բարձրագոյն կրթութիւնը պարտադիր նախապայման է նախագահ ըլլալու համար: Եթէ Էրտողան կը ստէ վկայականի գծով, արդեօք ան կրնա՞յ մնալ իբրեւ նախագահ»:
3. Արդեօք կա՞յ մէկ այլ պատմութիւն` յեղաշրջման փորձի ետին:
Էրտողան աշխատանքէ արձա-կեց եւ բանտարկեց իր հազարաւոր քաղաքական հակառակորդները, զանոնք մեղադրելով Ֆեթհուլլահ Կիւլէնի հետեւորդները ըլլալու յանցանքով, որ իբր եղած է Յուլիս 15-ի յեղաշրջման կազմակերպիչը, ինչ որ թուրք նախագահը անուանեց «պարգեւ Աստուծոյ կողմէ»:
4. Եթէ կայ FETO, կա՞յ արդեօք ETO:
Էրտողան Կիւլէնի շարժումը կ՛անուանէ «Ֆեթուլլիստական ահաբեկչական կազմակերպութիւն (FETO)…. Եթէ թոյլատրելի է խօսիլ FETO-ի մասին իբրեւ ահաբեկչական խումբի, արդեօք հաւասարապէս ընդունելի՞ կ՛ըլլայ յիշատակել «Էրտողանամէտներու ահաբեկչական կազմակերպութիւն»ը (ETO)»:
5. Եթէ Կիւլէն ահաբեկիչ է, ապա ինչո՞ւ Էրտողանը կ՛աշխատէր անոր հետ մինչեւ 2013 թուականը:
Կիւլէն եւ Էրտողան գրեթէ միեւնոյն կրօնական փիլիսոփայական սկզբունքները դաւանողներն էին մինչեւ 2013 թուականի իրենց բաժանումը: Ինչո՞ւ այժմ Կիւլէն «ահաբեկիչ» կը համարուի:
6. Ինչո՞ւ կը հաղորդեն Քրտական Աշխատաւորական Կուսակցութեան (PKK) յարձակումներուն մասին, բայց ոչ ՏԱՀԵՇ-ի:
«Երբ PKK-ն կամ քրտական ծայրայեղական խումբերը կը յարձակին, ատոնք օրեր շարունակ Թուրքիոյ մէջ գերիշխող խորագիրներ են, քանի որ հետաքննութիւնը կը շարունակուի, իշխանութիւնները կ՛անուանեն կասկածեալները եւ այլն… Սակայն երբ ՏԱՀԵՇը կը յարձակի, Թուրքիոյ կառավարութիւնը կ՛արգիլէ հրապարակումները հետաքննութեան մասին»:
7. Ինչո՞ւ Թուրքիոյ հետախուզութիւնը կ՛օգնէ «Նուսրա ճակատ»ին եւ ՏԱՀԵՇ-ին:
«Անհերքելի փաստեր կան այն մասին, որ թէ՛ «Նուսրա ճակատ»ը` «Ալ Քայիտա»ի սուրիական թեւը, թէ՛ ՏԱՀԵՇ-ը Թուրքիոյ իշխանութիւններէն ստացած են զէնք, աջակցութիւն եւ սարքաւորումներ: Երբ լրագրողները բացայայտեցին այս պատմութիւնը եւ լուսանկարչական ապացոյցներ ներկայացուցին, Էրտողանի պատասխանը եղաւ` լուրը հրապարակած թերթի խմբագիրին ձերբակալումը: Նոյն կերպով, երբ թուրք զինուորները կանգնեցուցին զէնքի առաքումը դէպի Սուրիա, Էրտողան հրամայեց ձերբակալել ոչ թէ մաքսանենգները, այլ զինուորները…»:
8. Արդեօք թո՞ւրք մահապարտներու ջոկատ մը կանգնած էր Փարիզի սպանութիւններուն ետին:
«2013-ին մարդասպաններ մահապատիժի ենթարկեցին երեք քիւրտ գործիչ, Փարիզի իրենց գրասենեակին մէջ: Անոնք երեքն ալ PKK-ի անդամներ էին… Ֆրանսայի մէջ ձերբակալուած Օմար Կիւնէյը 32-ամեայ թուրք մըն էր, որ Ֆրանսա տեղափոխուած է 9 տարեկանին: Սպանութենէն ետք կատարուած հեռախօսազանգերու ստուգումէն պարզուած էր, որ ան կրկին հեռաձայնած է Թուրքիոյ հետախուզական ծառայութեան գործակալներուն…»:
9. Ինչո՞ւ Էրտողան իր փեսային նշանակած է քարիւղային տընտեսութեան նախարար:
«էրտողանի 37-ամեայ փեսան` Պարաթ Ալպայրաքը, դարձած է Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար 24 Նոյեմբեր 2015-ին: Արդեօք ա՞ն էր ամենաբարձր որակաւորում ունեցողը, թէ՞ այլ գործօններ դեր խաղցած են»:
10. Կրնա՞նք խօսիլ Էրտողանի կապերուն մասին:
Էրտողանի մտերիմ ընկեր, սէուտեան գործարար Եասին ալ Քատին, ըստ ԱՄՆ գանձատան բաժանմունքին, «մեղադրուած է «Ալ Քայիտա»ի առաջնորդ Ուսամա Պըն Լատենի հետ մինչեւ 2014 թուական ունեցած կապերուն համար»: Էրտողան յամառօրէն յայտարարած է.«Ես կը ճանչնամ պարոն Քատին: Ես կը հաւատամ անոր, ինչպէս ես ինծի: Հնարաւոր չէ, որ պարոն Քատին կապուած ըլլայ որեւէ ահաբեկչական կազմակերպութեան հետ կամ աջակցի անոնցմէ որեւէ մէկուն»: Էրտողան մտերիմ է նաեւ աֆղանստանցի Կիւլպետտին Հեքմաթեարի հետ, որ «կապեր ունի «Թալիպան»ի եւ «Ալ Քայիտա»ի հետ»: Միւս ընկերը` Խալիտ Մաշհալը («Համաս» խմբաւորման զինուորական առաջնորդ), Թուրքիա ժամանած էր իբրեւ Էրտողանի անձնական հիւր…
11. Ի՞նչ գործարք կնքած էր Փութինի հետ:
Էրտողան ու Փութին վերջերս խաղաղութիւն կնքելէ ետք, համաձայնութեան եկան կազամուղի ծրագիրին շուրջ եւ բանակցութիւններ վարեցին Թուրքիոյ կողմէ ռուսական հրթիռային համակարգի ձեռքբերման վերաբերեալ: Եղա՞ծ են արդեօք այլ գաղտնի համաձայնութիւններ:
12. Ինչո՞վ պայմանաւորուած է դատարանի կողմէ «Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում» կուսակցութեան փակման մերժումը:
2008-ին Թուրքիոյ սահմանադրական դատարանը շատ մօտ էր Էրտողանի իշխող կուսակցութեան լուծարման: Սակայն, վերջին պահուն, դատաւորներէն մէկը փոխեց իր քուէն: Հաւաստի աղբիւրներ կը պնդեն, որ «գործարար մը, որ երկար ժամանակ հետապնդումներու կ՛ենթարկուէր Էրտողանի կողմէ, գումար փոխանցած է այդ դատաւորի հաշուեհամարին քուէարկութենէն անմիջապէս առաջ»:
Նոյեմբեր 6-ին, Պոլսոյ մէջ դոկտորի պատուաւոր կոչում ստանալու արարողութեան ժամանակ, Էրտողան հպարտօրէն յայտարարեց.- «Հոգս չէ, որ ինծի բռնատէր կամ այդօրինակ ուրիշ բան կոչեն. մէկ ականջէ կը մտնէ, միւսէն կ՛ելլէ»:
Յարութ Սասունեան