«Հայ Բեմ»-ի 40-ամեակի տօնակատարութիւն

40 տարիներ առաջ ներկայացուած «Ամուսնութիւն» ով (բեմադրութիւն՝ Պերճ Ֆազլեան) այս անգամ 26, 27 Նոյեմբեր եւ 3 Դեկտ. 2016 երեկոներուն, թարմ մօտեցումով (բեմադրութիւն՝ Նանսի Իսսա Թորոսեան) կրկին փայլեցաւ թատերական երկնակամարը:

Իսկ 26 Նոյեմբերին Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը, ոսկեայ ափսէի մէջ հրամցուց՝ մոնթրէալահայ գաղութին, գրեթէ կէս դարու կուտակուած՝ գնահատանքի ու երախտագիտութեան պոռթկումը ուղղուած «Հայ Բեմ»ի բոլոր ծառայողներուն:

Այսպէս՝ կը գնահատուին բեմի ռահվիրանները: Յարգանքի գլխարկները կը բարձրանան, գլուխները կը խոնարհին ու գաղութը կը համտեսէ 40 տարիներու՝ հերոսներու տուած բեմարուեստի նշխարը:

Սա’ թատերական փառատօն չէր… սա փա՜ռքի տօնակատարութիւն մըն էր:

Մանրամասնութիւնները հպարտութեամբ պիտի տանք յաջորդիւ…