Հայաստան միջին աշխատավարձի մակարդակով առաջ է Ատրպէյճանէն, բայց կը զիջի Վրաստանին

Հայաստանի մէջ միջին աշխատավարձը $403 է (համախառն): Այդպիսի տուեալներ ներկայացուցած է 2016-ին Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութիւնը, կը հաղորդէ panarmenian.net-ը:

Վրաստանի մէջ անիկա կը կազմէ $430, իսկ Ատրպէյճանի մէջ` $303: Այսպիսով, Հայաստանը միջին աշխատավարձի ցուցանիշով զգալիօրէն կը գերազանցէ Ատրպէյճանին, սակայն, կը զիջի Վրաստանին:

Միջին աշխատավարձերու լաւագոյն ցուցանիշով երկիրներու առաջին տասնեակի մէջ են. Նորվեգիան` $7050, Աւստրալիան` $5200, Նոր Զելանտիան` $4700, ԱՄՆ-ն` $4500, Գերմանիան` $4500, Գանատան` $3600, Ճափոնը՝ $3400, Ֆրանսան`$3400, Իտալիան` $3200, Հարաւային Քորէան` $2800:

Ռուսիոյ մէջ միջին աշխատավարձը $800 է: ԱՊՀ երկիրներու մեծ մասին մէջ միջին աշխատավարձը ամսական $100-200 է, ափրիկեան երկիրներու մէջ` ընդամէնը $50:

Վարկանիշի մէջ հաշուի չեն առնուած հարկերը, որոնք տարբեր են: Ուստի իրական տարբերութիւնը կրնայ չհամընկնել վարկանիշի մէջ ներկայացուածին հետ:

Աշխատանքի տեւողութիւնը ըստ երկիրներու նոյնպէս տարբեր է: Ամերիկացիները, ռուսերը, ճափոնցիները նշուած աշխատավարձը ստանալու համար շաբաթական առնուազն 40 ժամ կ’աշխատին: Ֆրանսացիները կ’աշխատին 35 ժամ, վիեթնամցիները, քէնիացիները, ֆիլիփինցիները` 48-55 ժամ: