Հայ Բեմ-ի 40 ամեակի թատերական փառատօն

Փոխադարձ Երախտագիտութեան Փառատօն

(Բ.մաս)

 

… Եւ «Հայ Բեմ»ի քառասնամեայ փառատօնը կը շարունակուէր:

4 Դեկտ. 2016- եզրափակիչ հանդիսութիւն:

Առաջին անգամ ըլլալով, մոնթրէալահայ գաղութը կ’ըմբոշխնէր այս տեսակի ելոյթ (monologue) մը:

Պրն. Արթիւր Էլպաքեան, բեմը տիրապետած, ձայնի, յստակ առոգանութեան, զուսպ այլ տպաւորիչ շարժումներու միախառն ներդաշնակութեամբ, կրցաւ մեզ հմայել մօտ մէկ ժամ եւ քառորդ: Ո’չ մէկ թարթում, կամ շունչի հեւք կը միջամտէր կախարդուած հանդիսատեսին:

Հմայուած ու յափշտակուած, մեզմէ ամէն մէկը, հետաքրքրութեամբ կը հետեւէր սրընթացող դէպքի պատահարներուն, որոնք կու գային միանալու ու ձուլուելու, բարձր արուեստի կատարումին: Իսկ ձայնի ելեւէջներու ցնցումները, որոնք կ’երթային ու կը զարնուէին պատերուն ու ետ կ’արձագանգէին՝ պարուրելու համար, մեր արուեստի-ծարաւ հոգիներն ու ճաշակը:

Ձայնի ու լոյսերու պատասխանատուներուն ներկայութիւնը զգալի էր:

Բեմը երեւակայօրէն բաժնուած էր երկուքի, ներկայացնելով դուրսի աշխարհը եւ բուժարանը, ուր մարդիկ – կարծեցեալ խելագարներ – անարդարօրէն ներս կը հրուէին, ազատ ու հանգիստ ձգելու համար՝ դուրսի աշխարհի իսկական յանցաւորները:

Նիւթը՝ խառնուրդ մըն էր Սովետական շրջանի – կամ ուրիշ որեւէ իշխանութեան – քաղաքական թնճուկներու, սիրոյ, պայքարի, շատ անգամ մարդկային ու հոգեկան զսպուած պոռթկումներու: Մէկ խօսքով՝ դասական ծիածան մը:

Ներկայացում մըն էր, որ «Համլետ»ի մէջբերումներով, դիւրահաղորդ կերպով մեզի հրամցուեցաւ՝ հակառակ «Շէյքսպիր» եան վերապահութիւն ունեցող կարգ մը հանդիսատեսներու:

Բեմադրութիւն, յօրինում, գծագրութիւն, երգ ու կատարում՝ այս բոլոր գունաւոր շնորհքները վայելելու բախտը ունեցանք պրն. Էլպաքեանի ելոյթով:

Պատկերները ներկայացնելու իւրայատուկ ոճը ազդեցիկ էր: Ինչպէս սկիզբը՝ դերակատարը մուտք գործեց մութէն դէպի լոյս, հագուած իր խորհրդաւոր վերարկուն, նոյնպէս ալ, վերջաւորութեան՝ ան անյայտացաւ մութին մէջ: Կարծեցեալ էր լոյսը. ոչինչ փոխուած արտաքին աշխարհի, կեանքի ու ցաւի իրականութենէն: Կրկին մութին մէջ կորսուած էր ենթական …. կրկին մութին մէջ կորսուած էր Արդարութիւնը:

Յոտնկայս ու որոտընդոստ ծափերու մէջ, յարգելի արուեստագէտը արտայայտուեցաւ, թէ այս ներկայացումը կը նուիրէր իր մեծ հօր ու այլ պարագաներու, որոնք տարիներ առաջ նոյն ճակատագրին զոհ գացած էին: Եւ ահա, ներկայութեամբ մեծ վարպետ՝ Արթօ Չաքմաքճեանի եւ ի պատիւ անոր գործունէութեան ու հայրենասիրութեան, անցեալի այդ ողբերգութիւնն է, որ կը յիշուէր: Այսօր դարձեալ կը մատնանշուէր մեծ վարպետին հանդէպ պատահած բարոյական ու արուեստի անիրաւութիւնը:

Սակայն այսօր «հին ցաւալի յիշատակներ» քրքրելու օրը չէ: Այսօր պրն. Արթօ Չաքմաքճեանի՝ յարգանքի ու երախտագիտութեան տուրքը մատուցանելու օրն է. եւ յուզումով այլ գոհունակութեամբ լի սրահին մէջէն, բեմ բարձրացաւ պրն. Յարութիւն Պէրպէրեան:

Բառին բուն առումով՝ «Սրտի խօսք»ն էր որ ըրաւ ան. յստակ ու անկեղծ սրտի խօսք մը, որուն մէջ կը ցոլար, մեծ Վարպետը՝ իբրեւ արուեստագէտ, իբրեւ մա’րդ եւ մանաւանդ իբրեւ հայրենասէր հսկա’յ մը:

Հուսկ ուրեմն, հեւելով իր դստեր ու միութեանս ատենապետին, պրն. Արթ Չմաքրինաճեն՝ դողդոջուն քայլերով յառաջացաւ դէպի բեմ:

Թէեւ ժամանակը՝ իր զգալի հետքը ձգած էր անոր վրայ, բայց այդ միայն ֆիզիքական էր:

Պրն. Չաքմաքճեան մնացած էր միշտ նո՛յնը: Նոյն հայրենասէրն ու արուեստագէտը, նոյն վաղեմի այլ մի՛շտ երիտասարդ պրն. Արթօ Չաքմաքճեանը: Ճիշդ է,  թէ հազիւ լսելի էին իր խօսքերը, անցեալի յիշատակներն ու նուաճումները, սակայն մագնիսացած հանդիսատեսը շունչը զսպած զինք մտիկ կ’ընէր: Տարօրինակ ուժ մը (energy) լեցուած էր սրահին մէջ:

Չկրցանք զսպել մեր յուզումը: Կրկին յոտնկայս անկեղծ ու երկար ծափահարութիւններ:

Յուզուած էր եւ ԹՄՄ եան յարգելի ատենապետը: Գիրկընդխառն սեղմումներ աւելի կը շեշտէին փոխադարձ յարգանքն ու երախտագիտութիւնը: ԹՄՄ եան կողմէ, ան յիշատակի արձանագրութիւն մը յանձնեց, որուն բառերուն իմաստը անկեղծ նկարագրականը կը հանդիսանար բոլոր ներկաներու զգացումներուն .- «… իր անգին ստեղծագործութիւններով, Հայրենիքի եւ Սփիւռքի ազգային ու համազգային երկնակամարի իբրեւ անշէջ աստղ…»: Պրն. Արթօ Մանուկեանի պատշաճ փակման խօսքը շնորհակալական մը եղաւ, բոլոր ներկաներուն ու մասնակցող ուժերուն, մանաւանդ պրն. Արթիւր Էլպաքեանի: Նոյն ժամանակ հրաւէր մըն ալ՝ այն պատուասիրութեան, որուն ընթացքին կրնայինք աւելի պատահականօրէն միանալ իրարու ու շրջապատել մեր պատուոյ հիւրերը:

Ունեցանք վայելքը բեմէն անդին, մօտէն ծանօթանալու, անձնակա’ն պրն. Էլպաքեանը եւ գտանք ամենակենսական յատկանիշը՝ իր համեստութիւնը, որ վստահաբար մղիչ ուժն էր, իր բացառիկ յաջողութեան:

Հպարտութեան ամէն իրաւունք ունի ԹՄՄ ը կազմակերպելով այսպիսի որակաւոր 40 ամեայ փառատօն մը: Սա’ թատերական փառատօն չէր միայն, սա’  փոխադարձ յարգանքի ու երախտագիտութեան փառատօն մը:  Փառատօն մը ուր անգամ մը եւս կը շեշտուի ԹՄՄ. Եան առաքելութիւնը:

*  *  *

Փա՜ռք ու պատիւ բոլոր այն ներկաներուն, որոնք իրենց գլուխները խոնարհեցուցին ի յարգանս այս երկու տիտաններուն. իսկ անոնք, որոնք բացակայ էին, կամաւ թէ ակամայ, գիտութեամբ թէ անգիտութեամբ՝ մեղա՜յ, մեղա՜յ Արարատի այս արուեստի – զոյգ գագաթներուն:

 

(շար. նախորդէն եւ վերջ)

Պերճ Գոգորեան