Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարի առաջին տեղակալ Գարեգին Մելքոնեան ըսած է, որ Եւրոպական Միութեան հետ ընդհանուր օդային գօտիի մասին համաձայնագիրը կ’ենթադրէ շարք մը կարգաւորումներու ազատականացում:
«Օդագնացութեան ծառայութիւններ իրականացնելիս օդանաւային ընկերութիւնները կը գործեն հնարաւորինս ազատ դաշտում, կաշկանդուած չեն լինի թոյլտւութիւններով եւ պետական օդագնացութեան մարմինների հետ համաձայնեցումներով: Այսինքն` շուկայի ուսումնասիրութիւններում աւելի ինքնուրոյն որոշումներ կը կայացնեն»,- ըսած է Գարեգին Մելքոնեան «Մեդիամաքս»-ին:
Անոր խօսքով` «համաձայնագրի առկայութիւնը պիտի բերէ Հայաստանի օդանաւագնացութեան շուկայի մէջ մրցակցութեան բարձրացման, որ կ’ենթադրէ տոմսերու աժանացում»:
Գարեգին Մելքոնեանի փոխանցմամբ` բացի ազատականացումէ համաձայնագիրը որոշ կարգաւորումներու հետ մէկտեղ կը նախատեսէ համապատասխանեցում եւրոպական չափանիշներու հետ, ինչ որ ԵՄ օդանաւային ընկերութիւններու համար Հայաստանը պիտի դարձնէ աւելի ընկալելի եւ համընդհանուր կարգաւորում ունեցող երկիր:
Խօսելով ժամկէտներու մասին` փոխ նախարարը ըսած է, որ բանակցութիւնները հնարաւոր պիտի ըլլայ աւարտել քանի մը ամիսէն:
Հարցումին, թէ այս համաձայնագիրի առկայութիւնը պիտի նպաստի՞ Հայաստանի մէջ lօw-cost ընկերութիւններու աւելացման, Գարեգին Մելքոնեան պատասխանած է.
«Կարծում եմ, այս մասով նոյնպէս հետաքրքրութիւնը կ’աւելանայ: Աւիաընկերութիւնները իրենց հաշուարկները իրականացնելիս կ’իմանան, որ գործելու են աւելի ազատ կարգաւորում ունեցող շուկայում»:
ՀՀ կառավարութեան առընթեր Քաղաքացիական աւիացիայի գլխաւոր վարչութիւնը Դեկտեմբեր 6-ին յայտնած էր, որ «յառաջիկային կը նախատեսուի ձեւաւորել բանակցային խումբեր»: