ԱԶԱՏ ԲԵՄ – Յիմարներուն Ժամանցը

Ամէն մարդ իրա­ւունք ու­նի հան­գիս­տի: Հան­գիս­տը սա­կայն, մրա­փին կամ գի­շեր­ուան քու­նին հետ չեն հա­մե­մա­տեր մար­դիկ միայն, այլ` նա­եւ զայն կ՛ըն­կա­լեն զբօ­սան­քի ձե­ւով, որ պահ­ուան մը հա­մար զի­րենք կը հե­ռաց­նէ իրենց տաղտ­կա­լի առօր­եա­յէն: Աւան­դա­կան մա­մու­լի էջե­րը ու­նին «ժա­մանց եւ զբօս» վեր­տա­ռու­թեամբ սիւ­նակ­ներ, որոնք մտա­ւոր աշ­խա­տան­քէ ծան­րա­բեռն ու­ղեղ­նե­րուն զբօ­սանք կը շնոր­հեն:

Ընդ­հան­րա­պէս այն­պէս կը կարծ­ուի, թէ միայն բազ­մազ­բաղ մար­դիկ զբօ­սան­քի իրա­ւունք ու­նին, ճիշդ այն­պէս, ինչ­պէս ոմանց կար­ծի­քով միայն ու­ժի տէր մար­դիկ բար­կա­նա­լու իրա­ւունք ու­նին: Շատ սխալ են վե­րո­յիշ­եալ կար­ծիք­նե­րը: Նախ, ամէն մարդ ալ զբօս­նե­լու իրա­ւունք ու­նի, չնա­յած այն իրո­ղութ­եան, որ ոմանք մի՛շտ զբօ­սան­քի մէջ են, իրենց ամ­բո՛ղջ կեան­քի տե­ւո­ղու­թեան…

Երկ­րորդ, նոյ­նիսկ ամէ­նէն փոքր մուկն իսկ կատ­ղե­լու իրա­ւունք ու­նի, եւ տեսն­ուած է, թէ ինչ­պէս իր կա­տա­ղու­թեան ըն­թաց­քին ահա­գին ծվծ­վոց­նե­րով իր հա­կա­ռա­կոր­դին դէմ կռիւ կը մղէ փոք­րիկ ու անն­շան մու­կը:

Զբօ­սան­քի ձե­ւե­րը եւ տե­սակ­նե­րը կը տար­բե­րին իրար­մէ, նա­յած զայն կազ­մա­կեր­պող ու վա­յե­լող ան­ձե­րուն նիւ­թա­կան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն: Անոնք, որոնք նիւ­թա­պէս բա­ւա­րար­ուած կեանք մը կ՛ապ­րին, անոնց հա­մար զբօ­սան­քը շատ աւե­լին է, քան` կէս ժամ­ուան պտոյ­տը, հան­րա­յին պար­տէ­զի մը մէջ զբօս­նու­լը կամ հո­վա­սուն վայ­րե­րու մէջ կա­տար­ուած քա­նի մը ժամ­ուան շր­ջա­գա­յու­թիւնը:

Հան­գիստն ու զբօ­սան­քը վա­յել­քի կը վե­րած­ուին իս­կա­պէս, եթէ կա­րե­նայ մարդ ամ­բող­ջո­վին մոռ­նալ այն մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը, որոնք իր առօր­եա­յին մաս կը կազ­մեն: Ոմանք այն կար­ծի­քին հետ հա­մա­ձայն են, ըստ որուն` մտա­հո­գու­թեան չա­փը որո­շո­ղը մտա­հո­գու­թեան տէր ան­ձը ի՛նք է: Այ­սինքն, ինչ­քա՛ն մտա­հո­գու­թեան «ար­ժէք տաս», այն­քան աւե­լի ծանր կը ճն­շէ անի­կա վրադ: Իսկ եթէ թե­թե­ւի առ­նես տու­եալ մտա­հո­գու­թիւնը, անի­կա նոյն­քան թե­թե­ւու­թեամբ ալ կը հե­ռա­նայ քեզ­մէ, կամ` լաւ եւս, շու­տով իր լու­ծու­մը կը գտ­նէ անի­կա: Կա­րե­ւոր չէ՛, այս պա­րա­գա­յին, այդ լուծ­ման ի նպաստ քե­զի ըլ­լա­լը, կամ` ոչ: Կա­րե­ւո­րը ան­լոյծ մնա­ցած մտա­հո­գու­թիւն մը չըլ­լայ անի­կա, եւ մնա­յուն տագ­նա­պի չի՛ վե­րած­ուի քե­զի հա­մար: Իրենց մտա­հո­գու­թիւն­նե­րուն հետ այս ձե­ւով վա­րուող իմաս­տուն­նե­րուն հա­մար կ՛ըսեն, թէ իրենց դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րը «թե­թե­ւի կ՛առ­նեն»: Ճշ­մար­տու­թիւն մը կայ ան­շուշտ այս խօս­քին մէջ, եթէ տու­եալ իմաս­տուն­նե­րը ներք­նա­պէս տա­ռա­պող մար­դոց տե­սա­կէն չեն: Այս վեր­ջին­նե­րը կր­նան ար­տաք­նա­պէս հան­դարտ ու ան­տար­բեր երե­ւիլ իրենց մտա­հո­գու­թիւն­նե­րուն հան­դէպ, սա­կայն ներք­նա­պէս կը տա­ռա­պին ան­տա­նե­լի ցա­ւե­րով ու մտա­տան­ջու­թիւն­նե­րով:

Վե­րոնշ­եալ մար­դոց պա­րա­գան իւ­րա­յա­տուկ է այն իմաս­տով նա­եւ, որ անոնք իրենց ներ­քին ցա­ւի դար­մա­նու­մին ալ մաս­նա­գէտ­ներն են ընդ­հան­րա­պէս: Մոր­մո­քող իրենց սիր­տը ամո­քե­լու փոր­ձա­ռու­թեամբ օժտ­ուած այս ան­ձե­րը գի­տեն հո­գե­կան մա­կար­դա­կի վրայ ինք­նա­բուժ­ման սկ­սիլ, իրենց մտա­հո­գու­թեան ար­տա­քին տես­քին տա­լով հան­դարտ կար­գա­վի­ճակ:

Հա­մոզ­ուե­ցանք ու­րեմն, թէ ամէն մարդ իրա­ւունք ու­նի զբօս­նե­լու, եւ ո՛չ թէ միայն բազ­մազ­բաղ մար­դիկ: Այս բո­լո­րին մէջ, սա­կայն, ո՞ւր է տե­ղը յի­մար­նե­րուն: Անոնք ալ իրա­ւունք ու­նի՞ն արդ­եօք զբօս­նե­լու: Այս­տեղ խօս­քը չի՛ վե­րա­բե­րիր յի­մա­րա­նո­ցի շր­ջա­փա­կին մէջ զբօս­նող հո­գե­կան հիւանդ­նե­րուն, որոնք իրենց առօր­եայ «արե­ւու լո­գանք»ը կ՛ըն­դու­նին շր­ջա­գա­յե­լով ծա­ռե­րու շու­քին, այ­ցե­լու­նե­րուն «իմաս­տուն» հար­ցում­ներ ուղ­ղե­լով եւ հիւ­րե­րուն հետ իրենց զրոյ­ցին իբ­րեւ եզ­րա­կա­ցու­թիւն, անոնց­մէ ծխա­խոտ խընդ­րե­լով:

Աշ­խար­հի մայ­թե­րը լե­ցուն են յի­մար­նե­րով, որոնք պարս­պա­պատ մաս­նա­ւոր հիմ­նար­կու­թիւն­նե­րու դար­պաս­նե­րէն դուրս` ազա­տութ­եան մէջ կ՛ապ­րին: Անոնց հա­մար չկան պա­տաս­խա­նա­տու­ներ, որոնք զբօս­նե­լու ժամ որո­շեն: Ան­գործ­ներն ալ կա­րե­լի է շա­րել շար­քին յա­ւի­տե­նա­պէս զբօս­նե­լու ախոր­ժակ ու­նե­ցող­նե­րուն, որոնց կա­րե­ւոր գոր­ծե­րէն է ան­շուշտ` ու­րի­շի գոր­ծին խառն­ուի­լը: Սա­կայն, այս բո­լո­րէն տար­բեր են յի­մար­նե­րը, որոնք իրենց վե­րա­պա­հած են զբօս­նե­լու յա­տուկ մի­ջոց մը:

Յի­մար­նե­րուն ժա­ման­ցը վի­ճա­բա­նու­թիւնն է: Վս­տա­հա­բար հան­դի­պած էք այն­պի­սի ան­ձե­րու, որոնք անի­մաստ վի­ճա­բա­նու­թե­նէ հա­ճոյք կ՛առ­նեն: Ահա անոնք են իս­կա­կան յի­մար­նե­րը, որոնք ո՛չ միայն ժա­մա­վա­ճառ կ՛ըլ­լան, այ­լեւ ժա­մա­վա­ճառ կը դարձ­նեն նա­եւ ու­րիշ­նե­րը:

Վի­ճա­բա­նու­թեան սէր ու­նե­ցող յի­մար­նե­րը միշտ ներ­կա­յին կառ­չած եւ ապա­գան չտես­նող ան­ձեր են: Իրենց ու­նե­ցած գի­տե­լիք­նե­րուն մա­սին բա­ցար­ձակ վս­տա­հու­թեամբ լեց­ուած, անց­եա­լի եւ ներ­կա­յի մի­ջեւ կ՛եր­թե­ւե­կեն անոնք, ապա­գա­յի մա­սին ո՛չ մէկ տես­լա­կան ու­նե­նա­լով իրենց միտ­քին մէջ: Մինչ, վի­ճա­բա­նու­թե­նէ հե­ռու մնա­ցող­նե­րը, իրենց միտ­քի հո­րի­զո­նը ըն­դար­ձա­կե­լով, կը նա­յին ապա­գա­յին: Անց­եա­լի եւ ներ­կա­յի նեղ պա­րու­նա­կը, միտ­քի լայն հո­րի­զոն ու­նե­ցո­ղին հա­մար ճա­հիճ մըն է, որուն ջու­րը ուշ կամ կա­նուխ պի­տի նե­խի, իր մէջ ջրա­մոյն ընե­լով դա­տար­կա­պորտ վի­ճա­բա­նող­նե­րը:

Վի­ճա­բա­նող ախ­տա­ժէտ­նե­րուն կի­րար­կած հիմ­նա­կան զէն­քը` իրենց իմա­ցա­ծին վրայ պն­դե­լու ող­բա­լի ու­նա­կու­թիւնն է: Անոնց կա­րո­ղու­թե­նէն վեր է ըստ էու­թեան քն­նար­կել գա­ղա­փար­ներ: Անոնք ո՛չ ալ կր­նան վեր­լու­ծել իրա­դար­ձու­թիւն­ներ, այլ` միայն կը կեդ­րո­նա­նան մար­դոց սխալ­նե­րուն վրայ, փոր­ձե­լով իրենց տե­սա­կէ­տը պար­տադ­րել` ուղ­ղե­լու հա­մար մար­դի­կը:

Առա­ջին իսկ հայ­եաց­քով կա­րե­լի է իտ­է­ա­լա­կան մօ­տե­ցում հա­մա­րել անոնց այս կեց­ուած­քը: Սա­կայն երբ անդ­րա­դառ­նանք, թէ մար­դոց սխալ­նե­րը ուղ­ղե­լու ձգ­տող ան­ձը վի­ճա­բա­նու­թեամբ յա­ռաջ կը տա­նի իր թէ­զը, յու­սա­խաբ կ՛ըլլանք: Որով­հե­տեւ վի­ճա­բա­նո­ղը հա­ւա­սա­րակշռը­ւած լու­ծում­ներ չի՛ կր­նար առա­ջար­կել, այլ` վի­ճա­բա­նու­թեամբ սնու­ցած իր ատե­լու­թիւնը պատ­ճառ կը դառ­նայ, որ ան պն­դէ իր տե­սա­կէ­տին վրայ, իսկ այդ տե­սա­կէ­տը կր­նայ ճիշդ չըլ­լալ…

Վի­ճա­բա­նու­թիւնը զբօ­սանք հա­մա­րող յի­մար­ներ, ցարդ իրենց «զբօ­սան­քէն չեն վե­րա­դար­ձած»: Այ­սինքն` անոնք լու­ծու­մի մը չեն յան­գած, հա­կա­ռակ եր­կար վի­ճա­բա­նու­թիւն­նե­րու եւ ժա­մա­վա­ճա­ռու­թեան: Ին­չո՞ւ: Որով­հե­տեւ ու­րիշ ու­նա­կու­թիւն մըն ալ ու­նին վի­ճա­բա­նու­թեան ախ­տով վա­րակ­ուած­նե­րը: Անոնք ու­րի­շին ըսա­ծը լսե­լու դժ­ուա­րու­թիւն ու­նին: Վի­ճա­բա­նո­ղին կրած դժ­բախ­տու­թիւն­նե­րէն մէկն ալ լսո­ղու­թեան տկա­րու­թիւնն է, որ հետզ­հե­տէ կը յա­ռա­ջա­նայ ու խլու­թեան կը տա­նի: Վի­ճա­բա­նո­ղը այն­քան բարձր կը խօ­սի եր­բեմն, որ խօ­սա­կի­ցին ըսա­ծը չի՛ հասկ­նար: Անոր ու­ղե­ղա­յին բո­լոր արա­հետ­նե­րը կը փակ­ուին տրա­մա­բա­նու­թեան դի­մաց, եւ միտ­քին ուղղ­ուա­ծու­թիւնը սե­ւեռ­ուած կը մնայ իր իմա­ցա­ծին ու պն­դա­ծին վրայ:

Վի­ճա­բա­նո­ղը կը կար­ծէ, թէ ճըշ­մար­տու­թեան պի­տի հաս­նի, եթէ շատ խօս­քեր շա­րէ իրա­րու ետե­ւէ: Մինչ­դեռ ճշ­մար­տու­թիւնը ըսե­լու հա­մար շատ խօս­քեր ու տասն­եակ­նե­րով նա­խա­դա­սու­թիւն­ներ հար­կա­ւոր չեն: Ճշ­մար­տու­թիւնը մէկ նա­խա­դա­սու­թեամբ ու նոյ­նիսկ մէկ բա­ռով ալ կա­րե­լի է ըսել… Այդ կարճ բա­ռե­րէն օրի­նակ­ներ են պար­զա­պէս «այո»ն ու «ոչ»ը: Սա­կայն վի­ճա­բա­նե­լու «շնորհք» ու­նե­ցո­ղը այս­պի­սի բա­ռեր գոր­ծա­ծե­լու շնորհ­քէն զուրկ էակ մըն է:

Յի­մար­նե­րուն կող­մէ վա­յելք հա­մա­րուող այս զբօ­սան­քը` վի­ճա­բա­նու­թիւնը, հաս­տա­տա­կամ ու գոր­ծուն­եայ մար­դոց հա­մար աւե­լի՛ քան ժա­մա­վա­ճա­ռու­թիւն է, որուն փո­խա­րէն դրա­կան աշ­խա­տան­քով մեծ իրա­գոր­ծում­ներ կր­նան կտա­կել յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րուն:

 

Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեան