ԱԶԱՏ ԲԵՄ – Օժանդակութիւն

Բա­րե­սի­րա­կան կեդ­րո­նէ մը իմ հեր­թա­կան պա­րէ­նի օժան­դա­կու­թիւնս ստա­ցայ: Երբ հա­յաս­տան­ցի դրա­ցու­հիս եր­կու խո­շոր տոպ­րակ­նե­րուն պա­րու­նա­կու­թիւնը տե­սաւ, զար­մա­ցաւ, որ այս­քան առատ եւ բազ­մա­տե­սակ ծրար­ներ տրա­մադ­րած են ին­ծի ու հա­զա­րա­ւոր ապաս­տան­եալ հա­լէ­պա­հա­յե­րու: Ծրար­ներ, որոնց մէջ ճա­շե­րու պատ­րաս­տութ­եան հա­մար անհ­րա­ժեշտ գրե­թէ ամէն ինչ կը գտնուի, առա­ւել, լուաց­քի ու բաղ­նի­քի յա­տուկ մաք­րո­ղա­կան պի­տոյք: Բո­լորն ալ առաջ­նա­կարգ եւ որա­կա­ւոր: Դրա­ցու­հիս զար­մա­ցաւ ու ցա­ւով գլու­խը տա­րու­բե­րեց:

-Ափ­սոս,- ըսաւ,- իսկ մեր պե­տու­թիւնը ի՞նչ էր ու­ղար­կել Հա­լէպ… ան­մա­կար­դակ ու էժա­նա­գին…:

Փոր­ձե­ցի հա­կա­ճա­ռել: Ըսի, որ Հա­յաս­տա­նը իր կա­րո­ղու­թեան հա­մե­մատ օգ­նու­թիւն ու­ղար­կած է հա­լէպ­ցի­նե­րուն եւ մենք շնոր­հա­կալ ենք: Ո՛չ,- ըսաւ,- իրար չխա­բենք, մի երկ­րից,  մի ու­րիշ եր­կիր պե­տա­կան նուէ­րը այդ որա­կի լի­նե­լու չէր, դա մեր երկ­րի, մեր պե­տու­թեան դէմքն է, մեր պա­տիւն ու ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւնն է: Ստա­ցող­նե­րը քա­ղա­քա­վա­րօ­րէն շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­ցին, սա­կայն, վս­տահ եմ, ներ­քուստ դժ­գո­հե­ցին…:

Ես հասկ­ցայ դրա­ցուհի­իս ընդվ­զու­մին պատ­ճա­ռը: Ան  լաւ գի­տէր, թէ ի՛նչ շռայ­լու­թեան մէջ կը լո­ղան այս­տե­ղի պե­տա­կան այ­րերն ու ապօ­րի­նի միլի­ոն­նե­րու հետ խա­ղա­ցող­նե­րը ու կը հա­մե­մա­տէր այս­տե­ղի զե­խու­թիւնը Հա­լէպ առաք­ուած­նե­րուն հետ:

Ինչ որ է, անց­նինք: Քա­նի  օժան­դա­կու­թիւններու նիւ­թը բա­ցինք, լաւ կ՛ըլ­լայ որ եր­կու խօսք ալ ըսենք Հա­յաս­տան ապաս­տա­նած հա­լէ­պա­հա­յե­րուն օգ­նու­թեան լծ­ուած բա­րե­սի­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն մա­սին:

Դժ­բախ­տու­թեան ու նե­ղու­թեան մատն­ուած մար­դիկ սո­վո­րա­բար բո­ղո­քող կ՛ըլ­լան, ամէն ին­չէ դժ­գոհ եւ պա­հանջ­կոտ, իսկ հա­լէ­պա­հա­յե­րը` քիչ մը աւե­լի, այն պարզ պատ­ճա­ռով, որ իրենց քա­ղա­քին մէջ, բա­ւա­կան բա­րօր կեանք մը ու­նե­նա­լէ ետք մէկ օրէն միւ­սը նպաս­տընկ­ալ դար­ձան եւ ամէն ինչ գլ­խի­վայր շրջ­ուե­ցաւ:

Ես կը կար­ծեմ, որ ոչ մէկ երկ­րի մէջ ապաս­տան­եալ կամ գաղ­թա­կանը այն­քան կը խնամ­ուի, որ­քան հա­լէ­պա­հա­յե­րը Հա­յաս­տա­նի մէջ, որոնց տր­ուած օժան­դա­կու­թիւնը եր­բեմն տե­ղացի­ին նա­խան­ձը կը գրգը­ռէ: Սուր­իոյ պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րուն, երբ հա­զա­րա­ւոր սուր­ի­ա­հա­յեր ապաս­տա­նե­ցան Մայր Հայ­րե­նիք, վեց-եօթ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ լըծ­ուե­ցան բա­րե­սի­րա­կան այս գոր­ծին: Բա­ցի պա­րէ­նէն եւ մաք­րու­թեան անհ­րա­ժեշտ պի­տոյ­քէն, դի­մում ներ­կա­յաց­նող սուր­ի­ա­հա­յե­րուն կը տրա­մադր­ուի դե­ղո­րայք, բժշ­կա­կան-հիւան­դա­նո­ցա­յին  օգ­նու­թիւն, ըստ պա­րա­գա­նե­րու, ժա­մա­նա­կա­ւոր տան վարձ­քի օժան­դա­կու­թիւն, նոր գործի ձեռ­նար­կող­նե­րուն անհ­րա­ժեշտ գոր­ծիք­ներ ու կազ­մած­ներ, զա­նա­զան նիւ­թե­րու դա­սըն­թացք­ներ` բո­լոր դի­մորդ­նե­րուն, առանց նկա­տի առ­նե­լու անոնց նիւ­թա­կան վի­ճա­կը:

Ես չեմ ու­զեր մէկ առ մէկ թուել յիշ­եալ կազ­մա­կեր­պու­թիւններուն անուն­նե­րը, սա­կայն չեմ կր­նար նա­եւ երախ­տա­գէտ չըլ­լալ անոնց կա­տա­րած մեծ գոր­ծին հա­մար:

ՀՀ Սփիւռ­քի Նա­խա­րա­րու­թիւնը իր կա­րե­ւոր ներդ­րու­մը ու­նի այս գոր­ծին մէջ, որուն կող­քին նա­եւ կարգ մը մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ, ինչ­պէս` UNHCR (ՄԱԿ-ի Գաղ­թա­կա­նաց գրա­սեն­եա­կը), Կար­միր Խա­չը, եկե­ղե­ցա­կան-հա­մայն­քա­յին հաս­տա­տու­թիւն­ներ եւ այլն:

Մի­ով-բա­նիւ, լաւ կ՛ըլ­լայ որ յա­ճախ լսուող գան­գատ­նե­րուն տէ­րե­րը, ինչ­պէս կ՛ըսեն, բա­ժա­կին լե­ցուն մա­սը տես­նեն:

Յակոբ Միքայէլեան