Թէքէեան Մշակութային Միութեան Ամերիկայի եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութիւնը իր հերթական ժողովը գումարեց նոյեմբեր 10-11, 2016ին Ուաթըրթաունի իր կեդրոնատեղին՝ Պայքար շէնքին մէջ:
Հաշուետու զեկոյցներու եւ խորհրդակցութեանց կարգին կատարուեցան վարչական կազմի ընտրութիւնները, Կեդրոնական Վարչութեան մնայուն անդամներու մասնակցութեամբ: Ատենապետի պաշտօնը Տոքթ. Յարութիւն Արզումանեանէն փոխարինուեցաւ Երուանդ Ազատեանին: Ժողովականները խոր գնահատանքով արտայայտուեցան Տոքթ. Արզումանեանի աւելի քան տասը տարիներու անբասիր ծառայութեան եւ ղեկավարութեան համար: Միաձայնութեամբ ընտրուած նոր ատենապետը առաջին հերթին իր երախտագիտութիւնները յայտնեց Տոքթ. Արզումանեանին անոր ուղիղ ու տեսլապաշտ առաջնորդութեան համար:
Տոքթ. Արշաւիր Կէօնճեան եւ Բաբգէն Մկրեան ընտրուեցան փոխ ատենապետներ, իսկ Յակոբ Վարդիվառեան՝ փոխ ատենադպիր եւ Գէորգ Մարաշլեան փոխ գանձապահ: (Դժբախտաբար Տոքթ. Նուպար Պէրպէրեան մահացաւ վերոյիշեալ ընտրութիւններէն երկու շաբաթ վերջ:)
Նորընտիր ատենապետ Ազատեան ըսաւ, «Կը ստանձնեմ ատենապետի պաշտօնը խոնարհաբար, գիտակցելով որ մեր կազմակերպութիւնը կը գտնուի նոր մարտահրաւէրներու դիմաց՝ իրականացնելու համար ղեկավարութեան սերնդափոխութիւնը որպէսզի կարելի ըլլայ ապագան դիմագրաւել վճռակամութեամբ: Բնականաբար ԹՄՄը լաւագոյնս պիտի շարունակէ իր գործը՝ պահպանելու նպատակով հայկական մշակութային ու ազգային ժառանգութիւնը, եւ իրականացնելու իր աւանդական կրթական ծրագիրները:»