Մեծարող Բամբասանքներ

Եր­բեմն այն­քան կը փա­փա­քիմ վե­րաց­նել դռն­փակ սեն­եակ­նե­րու դռ­ներն ու պա­տուհան­նե­րը ու թոյլ տալ այն­տեղ սե­ղան­նե­րու շուրջ ըս­ուած խօս­քե­րուն, որ թե­ւեր առ­նեն ու սփռ­ուին ամէ­նու­րեք: Եր­թան իրենց հաս­ց­է­ա­տէ­րե­րուն, եր­թան եւ լսե­լի դառ­նան անոնց` իրենց մա­սին խօս­ուած­նե­րը: Եր­թան եւ ան­կեղ­ծութ-եամբ փո­խան­ցեն այն բո­լոր իրա­կա­նու­թիւն­նե­րը, որ կեր­պա­րա­նա­փոխ­ուած կը լսեն իրենք:

Քա­ղա­քա­վա­րա­կան, ամօթ­խա­ծու­թեան, թշ­նա­մու­թիւն չսեր­մա­նե­լու կամ այլ պատ­ճառ­նե­րով կ՛ար­դա­րա­նայ մար­դոց վե­րա­բեր­մուն­քը իրենց իս­կա­կան տե­սա­կէտ­նե­րը չյայտ­նե­լու կամ վե­րա­պահ գտն­ուե­լու առն­չու­թեամբ: Սա­կայն ար­դա­րա­ցում կա­րե­լի չէ գտ­նել անոնց հա­մար, որոնք իրենց տե­սա­կէ­տը բո­լո­րո­վին կը խե­ղա­թիւ­րեն եւ ճշ­մար­տու­թիւնը շրջ­ուած կը փո­խան­ցեն:

Սեղմ շր­ջա­նակ­նե­րու կամ մտեր­միկ հան­դի­պում­նե­րու մէջ կը լսես մէ­կու մը նկա­րա­գի­րին կամ վարք ու բար­քին մա­սին ար­տա­յայտ­ուած վատ տե­սա­կէտ­ներ, ուր պատ­կե­րա­ւոր ոճով կը ներ­կա­յաց­ուին անոր մեր­ժե­լի կամ խո­ցե­լի կող­մե­րը: Ապա յան­կարծ կը կաս­կա­ծիս ըմբռ­նո­ղու­թեանդ վրայ, երբ ական­ջա­լուր կ՛ըլ­լաս այն խօ­սակ­ցու­թեան, ուր նոյն անձ­նա­ւո­րու­թիւնը, որ այդ­քան քն­նա­դա­տեց, եր­բեմն բամ­բա­սեց տու­եալ ան­ձը` մե­ծա­պէս կը գո­վեր­գէ անոր պար­կեշտ նկա­րա­գի­րը կամ առա­քի­նի վար­քը: Կ՛երե­ւի եր­բեմն բամ­բա­սանք­նե­րը կը մե­ծա­րեն:

Յե­տոյ չես զար­մա­նար, երբ այդ նկա­րագ­րա­յին բազ­մա­պի­սի թե­րու­թիւն­ներ ու­նե­ցո­ղը անս­պա­սելի­օ­րէն դիր­քե­րու վրայ յայտն­ուի եւ մար­դիկ կա­մայ-ակա­մայ պար­տա­ւոր­ուին զինք յար­գել: Յե­տոյ կը հարց­նես` արդ­եօք ին­չո՞ւ բա­րո­յա­կան չա­փա­նիշ­նե­րը կը նա­հան­ջեն: Արդ­եօք ին­չո՞ւ:

Թե­րեւս կար­ճա­ժամ­կէտ կամ եր­կա­րա­ժամ­կէտ յի­շո­ղու­թեան կո­րուս­տի հիւան­դու­թիւնը վեր­ջերս ընդ­հան­րա­ցած է: Կր­նայ ըլ­լալ որ այս հիւան­դու­թիւնը վա­րա­կիչ է, կըր­նայ ըլ­լալ մար­դիկ այ­սօր մոռ­նան երէկ­ուան իրենց խօ­սա­ծը: Կ՛երե­ւի այդ­պէս է, թէ ոչ շատ բան փոխ­ուած կ՛ըլ­լար այ­սօր:

Դպ­րոց­նե­րու կար­գա­պա­հա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ շատ լաւ ըն­թա­ցա­կարգ մը կը գոր­ծէ, ըստ որուն իւ­րա­քան­չիւր աշա­կերտ իր դաս-տ­ի­ա­րա­կին մօտ կ՛ու­նե­նայ կար­գա­պա­հա­կան էջ մը: Այդ էջին վրայ կ՛ար­ձա­նագր­ուին տար­ուան ըն­թաց­քին աշա­կեր­տին գոր­ծած սխալ­նե­րը եւ ստա­ցած պա­տիժ­նե­րը: Տա­րե­վեր­ջին, երբ պի­տի գնա­հատ­ուի աշա­կեր­տին վարք ու բար­քը եւ նիշ ար­ձա­նագր­ուի, դաստ­ի­ա­րա­կը կը վե­րա­դառ­նայ այդ տետ­րա­կին եւ հոն­կէ կ՛որո­շէ տար­ուան կար­գա­պահ, օրի­նա­պահ եւ օրի­նա­կե­լի աշա­կեր­տը, նա­եւ ան­կար­գա­պահ ու անօ­րէն աշա­կեր­տը, որուն էջին վրայ գրե­լու տեղ մնա­ցած չըլ­լար եւ կը մտած­ուի զինք յա­ջորդ տա­րեշըր-­ջա­նին դպ­րոց չըն­դու­նե­լու մա­սին:

Ինչ լաւ կ՛ըլ­լայ, եթէ այս ձե­ւը ընդ­հան­րա­նայ շատ ու շատ տե­ղեր, գէթ կա­րե­լի կ՛ըլ­լայ սր­բագ­րել բազ­մա­թիւ սխալ­ներ, երբ տա­կա­ւին ուշ չէ:

Մարիա Գաբրիէլեան