Շաբաթ Դեկտեմբեր 10, 2016-ին երեկոյեան ժամը 8:ՕՕ-ին, Թորոնթոյի «Լարա» հայկական ճաշարանի մէջ, ընտանեկան ու բարեկամական սեղմ շրջանակի մէջ, տօնուեցաւ Տիկ. Արշալոյս Գանտահարեանի ծննդեան 90-րդ տարեդարձը:
Օրուայ թամատան Տիկ. Թամար Մամուրեան, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ըսաւ. «այս երեկոյ ուրախ առիթ մըն է գնահատելու նուիրեալ մօր, մեծ մօր եւ բարեկամի կեանքն ու գործունէութիւնը». Ապա կարդաց պրն. Անդրանիկ Չիլինկիրեանի ուղարկած բարեմաղթութիւններու եւ շնորհաւորութիւններու գիրը: Բարեմաղթութեան խօսքերով ելոյթ ունեցան մեծարեալի զաւակները, թոռները, ծոռերը եւ բարեկամները:
Գանատահայոց Թեմի Փոխ Առաջնորդ եւ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան, իր սրտագին շնորհաւորանքը փոխանցելով, Տիկ. Գանտահարեանի տասնեակ տարիներու նուիրեալ ծառայութիւնը Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցիէն ներս իբրեւ Ծխական Խորհուրդի անդամուհի եւ սիրայօժար մասնակցութիւնը զանազան մարմիններու մէջ:
Տէր Հայրը յատկապէս գնահատեց Տիկ. Գանտահարեանը իր կարեւոր ներդրումի համար եկեղեցւոյս Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ Շաբաթօրեայ վարժարանէն ներս իբրեւ տնօրէնուհի:
Բարի մաղթանքներու մթնոլորտի մէջ, ներս բերուեցաւ տարեդարձի կարկանդակը ներկաներուն եւ «Բարի Տարեդարձ» երգեցողութեամբ:
Շնորհակալութիւն ընտանիքին եւ բարեկամներուն, տարեդարձի ուրախ առթիւ Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ Ազգային Շաբաթօրեայ վարժարանին կատարած իրենց նուիրատուութիւններուն համար:
Տիկ. Արշալոյս Գանտահարեան շնորհակալութիւն յայտնեց ընտանեկան պարագաներուն, բարեկամներուն, որոնք կազմակերպած էին սոյն յիշատակելի երեկոն:
Որովհետեւ Աստուած անարդար չէ որ մոռնայ Ձեր գործքը եւ այն սէրի աշխատանքը, որ նորա անունի համար ցոյց տուիք, որ սուրբերուն ծառայեցիք ու կը ծառայէք: Եբրայեցիս 6:10
Ստորեւ հատուածներ Տօքթ. Կարպիս Միրճանեանի գրութենէն ձօնուած Արշալոյս Գանտահարեանի 90-րդ տարեդարձին առթիւ:
Դեկտեմբեր ամսուն էր երբ դու ծնար,
Ժպիտ ու լացով, դու աշխարհ եկար,
Ազնիւ ու Միհրան Աստծոյ փառք տալով,
Վկայեցին քու ծնունդը մեծ հրճուանքով:
Թորոնթոյի մէջ, չմոռցար երբեք Հայ մանուկին
Եղար ուսուցիչ Հայ Շաբաթօրեայ դպրոցին,
Ջամբելով Մեսրոպի լեզուն պանդուխտ պատանիին,
Դարձար նաեւ տնօրէնուհի Սուրբ Սահակ վարժարանին:
Քսան երեք բեղուն երկար տարիներ,
Տուիր լաւագոյնդ ուսման այս օճախին,
Կոնդակ վկայագիրով, Վազգէն Կաթողիկոսի
Դու արժանացար՝ ազգային մեծ գնահատանքի:
Հայ Եկեղեցին քեզ համար Սուրբ էր
Անոր ծառայելը, քեզ համար մեծ նուիրում էր,
Ծխականի մէջ անդամ ընտրուելով,
Բերիր նոր միտք գաղափար մեծ եռանդով:
Եկէք խմենք կենացը մեր եզակի Արշոյին,
Մաղթելով նրան ոյժ եւ կորով սրտագին
Որ ապրի մտքով ու ֆիզիքով առողջ տենդագին
Տօնելու համար, նաեւ, իր Հարիւրամեակը խմբովին: