ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՈՒՂՂԱԿԻ ԹՌԻՉՔՆԵՐ ՊԻՏԻ ՀԱՍՏԱՏԷ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԵՒ ՍԻՆԿԱՓՈՒՐԻ ՀԵՏ

Opening and presentation of “Air Armenia” air company’s flight took place at “Zvartnots” airport

PanArmenian.net կը հաղորդէ թէ Յունուար 26-ին Հայաստան համաձայնութիւն մը ստորագրած է Գանատայի եւ Սինկափուրի հետ որ ուղղակի թռիչքներ հաստատուին այդ երկու երկիրներու հետ: Հայաստանի քաղաքացիական օդային ճամբորդութիւններու (Civil Aviation) նախագահ Սերկէյ Աւետիսեան յայտնած է թէ այս երեք երկիրներու միջեւ պետական մակարդակով համաձայնութիւններ պէտք է ստորագրուին:

Աւետիսեան ըսած է թէ այս ծրագրի իրագործումով պիտի աշխուժանայ այս երկու երկիրներու եւ Հայաստանի միջեւ զբօսաշրջութիւնն ու առեւտուրը: