Արտակարգ իրավիճակներու փոխնախարար Հայկարամ Մխիթարեան՝ Փետրուար 9-ին, Ազգային ժողովի նիստին ընթացքին յայտարարած է, որ Ֆրանսա Հայաստանին երկրաշարժի ուժգնութիւնը չափող 6 սարք պիտի տրամադրէ:
Պատգամաւորներու հարցումներուն պատասխանելով, Մխիթարեան նշած է, որ վերջին 10 տարիներուն երկրաշարժի պատրաստուածութեան մակարդակը զգալիօրէն բարձրացած է: Ան զեկուցած է, որ Գառնիի երկրաֆիզիքական աստղադիտարանը օժտուած է ամերիկեան, ֆրանսական եւ շարք մը այլ երկիրներէ բերուած սարքերով: Իսկ Վայքի երկրաշարժ չափող կայանը շուտով Ֆրանսայէն պիտի ստանայ երկրաշարժի ուժգնութիւնը չափող 6 նոր սարք: