Միսիսոկայի hայութիւնը տօնախմբեց եկեղեցւոյ 25-ամեակը

Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Գանատահայոց թեմի բարեխնամ Առաջնորդ գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանի, Ուրբաթ, 10 Փետրուար 2017-ին, Միսիսոկայի Crystal Grand սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Միսիսոկայի Ս. Վարդան ծուխի հիմնադրութեան 25-ամեակը, պատուոյ ներկայութեամբ Գանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ն.Գ. տիար Արմէն Եգանեանի եւ իր ազնուափայլ տիկնոջ՝ տիկ. Մարիա Եգանեանի, ինչպէս նաեւ Միսիսոկա քաղաքի քաղաքապետուհի Ն.Վ. տիկ. Պօննի Քրօմպիյի։ Սոյն ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ Գանատահայոց թեմի Թեմական Խորհուրդի փոխ-ատենապետ տիար Օհան Օհաննէսեանն ու Գանատահայոց թեմի Առաջնորդական փոխանորդ եւ հոգեւոր հովիւ Թորօնթոյի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ, Արժ. Տ. Զարեհ Աւ. Քհնյ. Զարգարեանը, եւ այլ պատուարժան հիւրեր։ Պատուոյ հիւրերուն դիմաւորեցին Միսիսոկայի Ս. Վարդան ծուխի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Միւռոն քհնյ. Սարգիսեանը, եւ ծուխի ատենապետ տիար Լօրիս Տումանեանը։ Հացի ու աղի օրհնութենէն ետք կատարուեցաւ Գանատայի եւ Հայաստանի քայլերգները։

Ծխական Խորհուրդի անունով բարի գալստեան խօսք ուղղեց ծխական խորհուրդի անդամ տիկ. Հուրի Սիմոնեանը, եւ ապա հրաւիրեց ծուխի ատենապետ տիար Լօրիս Տումանեանին որ հակիրճ ներկայացուց ծուխի 25-ամայ գործունէութիւնը եւ յառաջիկայի մեծ նախաձեռնութեան նպատակաւ, յայտարարեց որ ծուխը իր ամէն ջանքը պիտի ընէ 2020-ին հիմնելու իր համայնքային կեդրոնը, ՀԱՅՈՑ ՏՈՒՆ անուամբ, եւ յիշեալ նպատակաւ սկիզբ կը դրուի համայնքային կեդրոնի նուիրահաւաքի նոր ծրագիրը։ Հոգեւոր Հովիւն ու ատենապետը գնահատագրերով պարգեւատրեցին 25 տարիներուն ընթացքին նուիրեալ ծառայութիւն մատուցած 7 ընտանիքներ, որոնք մեծ դեր ունեցած են, հիմնադրման, առաւել աշխուժացման եւ ծառայութեանց մէջ։ 7 ընտանիքներն էին՝ տոքթ. եւ տիկ. Պերճ եւ Մանօ Արթինեան (ճամբորդութան պատճառաւ գնահատագիրը փոխանցուցեաւ իրենց դուստրերուն), տէր եւ տիկ. Մարտիկ եւ Լիլիան Սվաճեան, տէր եւ տիկ. Սարգիս եւ Լիւսի Համպոյեան, տէր եւ տիկ. Պերճ եւ Անի Շալվարճեան, տէր եւ տիկ. Վազգէն եւ Անի Ալթունեան, տէր եւ տիկ. Լօրիս եւ Ճուլիա Տումանեան, բարեշնորհ Առնօ Սարկաւագ եւ տիկ. Քրիսթին Էրմարգարեան։ Ծխական խորհուրդի անունով տիկ. Հուրի Սիմոնեան գնահատանքի եւ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց ծուխի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Միւռոն քհնյ. Սարգիսեանին որ վերջին 5 տարիներուն կը հովուէ Միսիսոկայի եւ Հալթըն-Փիլ շրջանի փոքրիկ ծուխը. Ներկաները յոտնկայս ծափահարութեամբ ընդունեցին գնահատանքի խօսքը ուղղուած հովիւին։

Տ. Միւռոն քհնյ. Սարգիսեանը իր շնորհակալութեան խօսքը ուղղեց Սրբազան հօրը, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանին եւ ներկայ պատուոյ հիւրերուն որոնք յարգեցին փոքրիկ ծուխի 25-ամեակի յատուկ այս երեկոն իրենց ներկայութեամբ։ Գնահատեց հիմնադիր անդամներուն, նախկին եւ ներկայ ծխական խորհուրդի անդամներուն եւ բոլոր կամաւորներուն, յարգանք եւ խոնարհութիւն տածելով բոլոր նախկին Առաջնորդներուն, ներկայ Առաջնորդ Սրբազանին, նախկին հոգեւոր հովիւներուն, որոնց ծառայութեամբ այսօր կանգուն է եւ կը ծաղկի Միսիսոկայի համայնքը։

Գանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ն.Գ. տիար Արմէն Եգանեան շնորհաւորեց Միսիսոկայի եւ Հալթըն-Փիլ շրջանի հայութեանը, հոգեւոր հովիւին եւ ծխական խորհուրդին մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ։ Ան նշեց որ այս տարի Հայաստան եւ Գանատա դիւանագիտական յարաբերութեան հաստատման 25 տարին է եւ անոր մէջ մեծ դեր ունեցած են, յատկապէս տնտեսական գետնի վրայ նաեւ Գանատայի հայ համայնքները ամենուր։ Գնահատեց Տէր հօր ծառայութիւնը, իր կողքին ունենալով ժրաջան ծխական անդամներ եւ կամաւորներ։

Գանատահայոց թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանը իր օրհնութիւնը փոխանցեց ներկաներուն, անդրադառնալով բոլոր նախկին հիմնադիրներուն որոնց աշխատանքի արդիւնքն է ներկայ 25-ամեակի տօնախմբութիւնը, յիշելով 1991 թ. թեմակալ Առաջնորդին՝ Բրձրշ. Տ. Յովնան Արքեպս. Տէրտէրեանին որու օրհնութեան ներքոյ հիմնադրուեցաւ ծուխը։ Սրբազան հայրը անդրադարձաւ թէ հովիւի ծառայութեան հիմնական առաքելութիւնն է ժողովուրդին առ Աստուած բերել եւ զԱստուած փառաբանող հաւատացեալներով բազմացնել եկեղեցին։ Գնահատեց Տ. Միւռոնի եւ ծխական խորհուրդի ծառայութիւնը եւ 25-ամեակի գեղեցիկ կազմակերպումը։

Օնթարիօ նահանգի պահպանողական կուսակցութեան ղեկավար Փաթրիք Պրաունի անունով շնորհաւորանքի եւ գնահատանքի նամակ մը ուղղուած էր Ս. Վարդան ծուխին որն ընթերցեց Միսիսոկա-Էրընմիլզ շրջանի պահպանողական կուսակցութեան թեկնածու տիար Շըրիֆ Էլ Սապաուին։

Առաջին ագամ ըլլալով Միսիսոկայի քաղաքապետարանը իր մասնակցութիւնը կը բերէ տարածաշրջանի մէջ հայկական ծուխի ձեռնարկին յանձին քաղաքապետուհու՝ Ն.Վ. տիկ. Պօննի Քրօմպիյի։ Ողջունելով ներկաներուն քաղաքապետուհին շնորհաւորեց Միսիսոկայի Ս. Վարդան եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 25-ամեակը, յատկապէս գնահատելով կամաւոր ծառայասերներուն եւ Միսիսոկա քաղաքի եւ քաղաքապետարանի անունով շնորհաւորանքի եւ գնահատանքի նամակը փոխանցեց Տ. Միւռոնին եւ ատենապետ Լօրիս Տումանեանին։

Միսիսոկայի համայնքի շնորհալի երիտասարդ երգչուհի Անայիս Ճէլիլեան գեղեցիկ ձայնով ելոյթ ունեցաւ ներկայացնելով Ավէ Մարիան եւ Քօն Թէ Փարթիրօ երգերը, իսկ Հայոց հեզաճկուն պարով ելոյթ ունեցաւ Մարիա Ճէլիլեանը. Երկու շնորհալի երիտասարդներու ելոյթը գնահատուեցաւ մեծ ծափողջոյններով։

Մինչ պարային ուրախ երեկոյին անցնիլը, Տ. Միւռոն կրկին անգամ շնորհակալութիւն յայտնեց պատուոյ հիւրերուն, եւ նշեց թէ երեք կարեւոր մղիչ ուժեր կան զոր ոգեւորած եւ քաջալերած են մեր եկեղեցին եւ համայնքը, ուստի 25-ամեակի նուիրուած երեք մրցանակ-պարգեւները կը փոխանցուին՝ հայութեան հոգեւոր կեդրոն Ս. Էջմիածինը ներկայացնող եկեղեցական թեմին յանձին Առաջնորդ Սրբազանին, Հայաստան աշխարհ հայրենիքը ներկայացնող դիւանագիտական հաստատութեանը յանձին դեսպանին եւ հիւրընկալ Միսիսոկա քաղաքի ներկայացուցիչ քաղաքապետուհուն։ Պատուոյ հիւրերու ներկայութեամբ Հալթըն-Փիլ Հայ գործարարներու միութեան կողմէ գնահատուեցան 2016 տարուան ընթացքին ընտրուած չորս ընկերութիւնները որոնք մեծ դեր ունեցած են Եկեղեցւոյ եւ համայնքին օժանդակելու ինչպէս նաեւ Սուրիահայ գաղթականներու օգնութեան մէջ։ Չորս ընկերութիւններն էին՝ Raffi Jewelers յանձին տիար Պետրոս Կարապետեանի, Lorne Park Jewelers յանձին տիար Վանիկ Ճէլիլեանի եւ Ռաֆֆի Գէորգեանի, Crystal Grand Banquet Hall յանձին Գրիգոր Մարգարեանի եւ Կարեն Մարգարեանի եւ Moneysworth & Best հաստատութեան Նալպանտեան ընտանիքին (վերջինս ներկայ չէին օրուան ձեռնարկին)։

Նորանոր 25 տարիներու յաջողութիւններու հեռանկարներով Միսիսոկայի Ս. Վարդան եկեղեցին եւ համայնքը պիտի շարունակէ իր նուիրեալ աշխատանքը ի ծառայութիւն Հալթըն-Փիլ տարածաշրջանի հայութեանն անխտիր։

Մամլոյ Դիւան

Միսիսոկա, Փետրուար 14, 2017