Այս տարուան Յունուարին ՀՀ տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը, 2016 թուականի նոյն ամսուան համեմատ, աճած է 6,5%-ով: Այս մասին կը տեղեկանանք ՀՀ ազգային վիճակագրական ծառայութեան (ՀՀ ԱՒԾ) տուեալներէն:
Մասնաւորապէս, արդիւնաբերութեան արտադրանքի ծաւալը կազմած է 108,1 միլիառ դրամ, աճը` 12,2%
Գիւղատնտեսութեան համախառն արտադրանքի ծաւալը` 16 միլիառ դրամ, աճը` 0.2%
Ծառայութիւններու ծաւալը` 96,2 միլիառ դրամ, աճը` 12,1%
Առեւտրաշրջանառութիւնը` 128,7 միլիառ դրամ, աճը` 9,4%
Եւ միայն շինարարութեան ոլորտին մէջ ծաւալներու անկում արձանագրուած է` 5,3%-ով, ծաւալը` 7,5 միլիառ դրամ:
Յիշեցնենք, որ 2016 թուականին Հայաստանի տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը, 2015 թուականի համեմատ, աճած է ընդամէնը 0,5%-ով: