Շաբաթ Յունուար 28, 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին տեղի ունեցաւ, Առաջնորդի եւ փոխ-Առաջնորդ- հոգեւոր հովիւի վերանորոգուած գրասենեակներու բացման հանդիսութիւնը, նուիրատուութեամբ գաղութիս ծանօթ ազգայիններէն Տէր եւ Տիկ. Պերճ Սվազլեան եւ Տէր եւ Տիկ. Լեւոն Ղարիպեանի, ի յիշատակ իրենց սիրեցեալ մայրերուն Ռեբեկա Սվազլեանի եւ Մարուսիա Հայրապետովա-ի յիշատակին:
Փոխ-Առաջնորդ եւ եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան, շնորհակալութիւններ յայտնեց նուիրատուներուն եւ արեւշատ օրեր մաղթեց իրենց ու ընտանեկան պարագաներուն, Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեան, օրհնեց նուիրատուները եւ .հոգւոց» կարդաց Ռեբեկա Սվազլեանի եւ Մարուսիա Հայրապետովա-ի հոգիներու ի հանգիստ:
Երեկոն շարունակուեցաւ եկեղեցւոյ «Մակարոս Արթինեան» Սրահին մէջ, հոգեւոր հովիւի եւ Ծխական խորհուրդի հրաւէրով, եկեղեցւոյս յարակից մարմիններու եւ կամաւոր ծառայողներու գնահատանքի ճաշկերոյթ-խրախճանքը, ի ներկայութեան 250 անդամ-անդամուհիներու:
Բարի գալստեան խօսքերով հանդէս եկաւ Ծխական խորհուրդի Ատենապետ Պրն. Օհան Օհաննէսեան:
Հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան գնահատանքով արտայայտուեցաւ յարակից մարմիններու տարած աշխատանքները ի փառս եկեղեցւոյ պայծառութեան:
Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Սրբազան հայրը, շնորհաւորեց Տէր Զարեհ Աւագ Քահանան, Ծխական խորհուրդը եւ յարակից մարմինները, եկեղեցիէն ներս իրենց տարած աշխատանքներուն համար եւ ապա կատարեց սեղանի օրհնութիւնը:
Հ.Հ. Պատուակալ հիւպատոս (Թորոնթօ-Օնթարիօ) Տիար Պերճ Սվազլեան, փոխանցեց Հ.Հ. Արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Եգանեանի բարեմաղթութիւնները, ինքն ալ իր կարգին գնահատանքով արտայայտուեցաւ եկեղեցիէն ներս տարուած աշխատանքներուն, Հ.Հ. Սփիւռքի նախարարի խորհրդական Գանատայի մէջ, Պրն. Խորէն Մարտոյեան Տէր Զարեհ Աւագ Քահանային յանձնեց Արցախի Պաշտպանութեան նախարարի ուղարկած շնորհաւորագիրը:
Երեկոյթը շարունակուեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ, մէջ ընդ մէջ հայկական ժողովրդական երգերով ելոյթ ունեցան պրնք. Լեւոն Գալեմքէրեան եւ Տիրան Պարնաքօղլու, եկեղեցւոյ «Սասուն» պարախումբի խումբ մը պարման-պարմանուհիներ ելոյթ ունեցան հայկական պարերով: Պրն. Հրանդ Քէթէնճեան, հայկական եւ օտար պարեղանակներով միշտ լեցուն պահեց պարահարթակը:
Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն եւ բախտաւորները շահեցան գեղեցիկ նուէրներ:
Ներկաները մեծ ուրախութեամբ եւ գնահատանքով շնորհաւորեցին հովիւն ու Ծխական խորհուրդի անդամ-անդամուհիները: