Աշխարհահռչակ երգիչ Էլթոն Ճոն իր հիմնադրամի երեկոյթին պիտի ներկայացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող The Promise ֆիլմը: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը՝ վկայակոչելով Էլթոն Ճոնի հիմնադրամը։
Երեկոյթը պիտի կայանայ Փետրուար 26ին, որուն պիտի մասնակցի նաեւ հիմնադրամի նախագահ Տէյվիտ Ֆուրնիշը:
«Մեզի համար բաւական է միայն տեսնել ՄԻԱՒ/Ձիահի համաճարակի տարածման ընթացքը 1990-ականներու կէսերուն Ռուանտայի ցեղասպանութենէն ետք, որպէսզի հասկնանք մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտումներուն եւ վայրագութիւններու ու հանրային առողջութեան ճգնաժամին կապը: Մանուկեաններու ընտանիքի եւ արտադրող Էրիք Էսրայէլեանի հետ ընկերութեան իբրեւ արդիւնք ես եւ Տէյվիտը աւելի շատ տեղեկացած են Հայոց Ցեղասպանութեան եւ այսօր հասարակական կեանքի վրայ անոնց ազդեցութեան մասին»,- ըսած է Էլթոն Ճոն:
Ան աւելցուցած է, որ The Promise ֆիլմը կ՝արտացոլէ, թէ ինչպէս կարելի է յիշել անցեալի վայրագութիւնները եւ սորվիլ սխալներու վրայ: «Մենք լի ենք վճռականութեամբ այս հրաշալի ֆիլմին մասին տեղեկատւութիւն տարածելու հարցով, որպէսզի ստիպենք մարդոց անմիջապէս գործելու: Մենք պատիւ ունինք մեր երեկոյին ընթացքին ձեզի ներկայացնելու The Promise ֆիլմը»,- ըսած է երգիչը:
Էլթոն Ճոնի հիմնադրամի նախագահ Տէյվիտ Ֆուրնիշ, իր հերթին, ընդգծած է, որ իրենց համար մեծ պատիւ է հիմնադրամի շարժանկարի ակադեմիայի մրցանակաբաշխութեան ծիրէն ներս ներկայացնել մեծ բարերար Գըրգ Գըրգորեանի միջոցներով նկարահանուած ֆիլմը: