Անհրաժեշտ եւ Յապաղած Գնահատանքի Ձեռնարկ
Ի Պատիւ
Րէյմօն Սէթլաքուէ եւ Սարգիս Ասատուրեան
Երկարամեայ Գանատայի Սէնաթէօր եւ Երեսփոխան Մեր Հայրենակիցներուն
Անցեալ Շաբաթ օր Փետրուար 25-ին Armenian Canadian Council- Գանատահայ Քաղաքական Խորհուրդի կազմակերպութեամբ, գնահատանքի եւ շնորհակալութեան՝ բարձր մակարդակով, տպաւորիչ եւ բացառիկ ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան կեդրոնին մէջ: Երեկոյթը նուիրուած էր երկար տարիներ Գանատայի Սէնաթէօր անդամ պրն. Րէյմօն Սէթլաքուէ եւ Գանատական Խորհրդարանի երեսփոխան պրն. Սարգիս Ասատուրեանին:
Այս երկու Գանատահայ անձնաւորութիւնները բացի երկար տարիներ Գանատայի պետական կառոյցի միակ հայ ներկայացուցիչները ըլլալէ, նաեւ բարձր գնահատանքի արժանի են, 2004 թուականին Գանատայի Սէնաթին եւ Խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ընդունման գործը յաջողցնելու աշխատանքին բերած իրենց թանկագին մասնակցութեան համար:
Գնահատանքի այս գեղեցիկ ձեռնարկին ներկայ էր ընտրանի հասարակութիւն մը, ինչպէս նաեւ Գանատայի քաղաքական շրջանակներէն բազմաթիւ անձնաւորութիւններ եւ տարբեր կուսակցութեանց ներկայացուցիչներ:
Նկարին մէջտեղ կ’երեւան Յոբելեար պրններ Րէյմօն Սէթլաքուէ եւ Սարգիս Ասատուրեան շրջապատուած ACC. Վարչական անդամներէ եւ կարգ մը ներկաներէ:
Ձեռնարկի մանրամասնութեանց կ’անդրադառնանք մեր յաջորդ թիւով: