ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՄԻՋ-ՅԱՐԱՆՈՒԱՆԱԿԱՆ ՄԱՐՄՆԻ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Մատաթ Բ. Մամուրեան

Փետրուար 21, 2017-ին Ս. Աստուածածին Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ մէջ, երեկոյեան ժամը 8:00-ին տեղի ունեցաւ Վարդանանց Զօրավարաց եւ Ղեւոնդեանց հերոսամարտի 1566-ամեակի տօնակատարութիւնը՝ հաւաքական աղօթք եւ երգահանդէս, կազմակերպութեամբ Թորոնթոյի Միջ-Յարանուանական մարմնի (Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ, Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք., Ս. Աստուածածին Հայց. Առաք. եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու) եւ մասնակցութեամբ՝ Գանատայի հայ Առաքելական, հայ Կաթողիկէ եւ հայ Աւետարանական հոգեւոր հովիւներու:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հոգշ. Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւէսպէկեան (Հովիւ Ս. Աստուածածին Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ), որ իր բարի գալստեան խօսքերէն ետք ներկայ հաւատացեալներուն ուրախութեամբ յայտնեց Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանայից տօնին առթիւ գանատահայ հոգեւորականներու երկրորդ յաջող հաւաքի մասին, որպէս շարունակութիւն առաջին հաւաքին, որ տեղի ունեցած  էր Մոնթրէալի մէջ Մարտ 1, 2016-ին:

Հաւաքական Տէրունական Աղօթքով սկսաւ յայտագիրը, որուն յաջորդեցին Ս. Գրային ընթերցումները: Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ Հովիւ Վեր. Սերոբ Մկրտիչեան ընթերցեց «Աղօթք Յաղթանակի համար» Սաղմոսներու Գիրքէն (20:1-9),  Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան, ընթերցեց Սաղմոսներու Գիրքէն «Փառաբանութեան Աղօթք» (27:1-9),  Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Հովիւ Գերյ. Եղիա Ծ. Վրդ.  Գիրէջեան ընթերցեց Պօղոս Առաքեալի կողմէ Տիմոթէոսին գրուած երկրորդ նամակէն՝ «Քրիստոս Յիսուսի Հաւատարիմ Զինուորը» (2:1-13):

Յայտագրի երկրորդ մասը սկսաւ դասական եւ հոգեւոր երգահանդէսով, կատարողութեամբ՝ թորոնթոհայ գաղութի շնորհալի երգչուհիներ Լին Անուշ Իշնարի, Արմինիա Սարգիսեանի եւ Աթինա Պապայեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Թալին Գըլպոզեանի: Արմինիա Սարգիսեան մեներգեց «Երանուհի Մարիամ» (Մխիթարեան Շարական), «Պլպուլն Աւարայրի» (Գուրգէն Ալեմշահ), “Ils sont Tombes” (ՇառլԱզնաւուր-Գէորգ Կառվարենց) եւ «Կռունկ Բարով Դառնաս» (Ալեքսեյ Հեքիմեան»: Լին Անուշ Իշնար մեներգեց՝ Կոմիտասի «Տլէ Եաման», «Ձայն Տուր Ով Ծովակ», «Կռունկ»,  «Բարի Արագիլ» (Ալեքսեյ Հեքիմեան) եւ «Ազգ Փառապանծ» (Առնօ Բաբաջանեան): Աթինա Պապայեան մեներգեց «Վարդանի Երգը (Հիմի էլ լռենք)» , «Զինուորի Մօր Երգը»  եւ «Հայորդիք» ազգային երգերը, Կոմիտասի «Անտունի»-ն եւ Մակար Եկմալեանի «Ամեն Հայր Սուրբ»-ը: Երրեակը ելոյթ ունեցաւ Մակար Եկմալեանի «Լռեց Ամպերը», «Ով Հայոց Աշխարհ» եւ Կոմիտասի «Ազգային Օրհներգ» երգերով: Ներկաները ծափահարութիւններով գնահատեցին շնորհալի երգչուհիներու ելոյթը:

Միջ-Յարանուանական Մարմնի Ատենապետ՝ Պրն. Յակոբ Ճանպազեան իր շնորհակալական խօսքին մէջ ըսաւ. «Մեր ուրախութիւնը մեծ է այսօր, որ կրկին անգամ կրցանք միասնական ջանքերով յաջողութեամբ պսակել Վարդանանց Դիւցազնամարտի սրբացած հերոսներու տօնակատարութիւնը: Այսօր մեր ուրախութիւնը եղաւ անսահման, քանզի մեզի հիւր եղան ու իրենց օրհնարար աղօթքներով մասնակցութիւն բերին Գանատահայոց Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանը եւ ինչպէս նաեւ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանը: Այս տօնակատարութեան մեզ հետ մասնակից եղան նաեւ Գանատայի հայ Առաքելական, Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւները: Սիրելիներ, այսօր դուք Ղեւոնդեանց համախմբումը վերածեցիք իսկական միասնական ցնծալի տօնախմբութեան…»: Իր խօսքի աւարտին Պրն. Ճանպազեան շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրընկալ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հովիւին եւ Հոգաբարձութեան, որոնք սիրայօժար տրամադրեցին եկեղեցւոյ բոլոր յարմարութիւնները: Շնորհակալութիւններ նաեւ Թորոնթոհայ գաղութի շնորհալի երգչուհիներ Լին Անուշ Իշնարին, Արմինիա Սարգիսեանին եւ Աթինա Պապայեանին, ինչպէս նաեւ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Դպրաց Դասի անդամներուն, Դպրապետ Շահէ Ալթունեանին եւ երգեհոնահարուհի Սօնա Արթինեանին: Եւ վերջապէս շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, որ ներկայ գտնուեցան Միջ-Յարանուանական Մարմնի կազմակերպած Վարդանանց Դիւցազնամարտի տօնակատարութեան եւ բաժնեկից դարձան մեր միասնութեան կանչին:

«Աղօթք ի Տօն Մարտիրոսաց» աղօթքը ընթերցեցին Գերյ. Եղիա Ծ. Վրդ.  Գիրէջեան, Հոգշ. Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւէսպէկեան եւ Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան: Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Դպրաց Դասը՝ ղեկավարութեամբ Դպրապետ Շահէ Ալթունեանի եւ երգեհոնի ընկերակցութեամբ Սօնա Արթինեանի, խմբերգեցին «Զքեզ Օրհնեմք Թագաւոր յաւիտենից»-ը (Կոմիտաս-Մեսրոպ Մաշտոց):

Հանդիսութեան աւարտին Գանատահայոց Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեան եւ ինչպէս նաեւ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, իրենց պատգամներով շեշտեցին Վարդանանց աննկուն կամքի անժամանցելիութիւնն ու Վարդանի հոգին, որպէս հրագունդ անշէջ մտնէ մեր բոլորին, մանաւանդ նորահաս երիտասարդներուն հոգիներէն ներս, ի սէր մեր ազգի գոյատեւման, մեր զոյգ հայրենիքներու հզօրացման ու Սուրբ Եկեղեցւոյ պայծառութեան: Սրբազան Հայրերու Պահպանիչով եւ Տէրունական Աղօթքի երգեցողութեամբ ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ: