Մարտ 2, 2017-ին, Գանատահայոց Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեանի նախագահութեամբ կազմակերպուած էր ընդունելութիւն ի պատիւ Հայաստանի Հանրապետութեան բանակի Հոգեւոր Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Վրթանէս Եպիսկոպոս Աբրահամեանի, որ հրաւիրուած էր Գանատայի բանակի գլխաւոր հոգեւոր առաջնորդին կողմէ, այցելելու Գանատա փոխադարձ ծանօթացման եւ գործակցութեան ամրապնդումի համար: Ներկայ էին Առաջնորդութեան եւ մեր եկեղեցիներու հոգեւոր հայրերը, Թեմական եւ ծխական ու ազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները:
Առաջնորդ Աբգար Եպիսկոպոս ներկայացուց Տ. Վրթանէս Եպիսկոպոսը որպէս հիմնադիրն ու մղիչ ուժը եւ հոգեւոր Առաջնորդը Հայկական բանակին, որ շուրջ երկու տասնամեակներէ ի վեր, հոգեւոր ծառայութեան ընդարձակ ցանցով մը ամբողջ Հայաստանի եւ Արցախի սահմաններուն վրայ հաստատուած աւելի քան 50 կեդրոններով, մատուռներով ու մասնագիտացած հոգեւոր սպասարկուներով հայ զինուորին կը ջամբէ հոգեկան ուժ եւ հոգեբուժական խնամք:
Տ. Վրթանէս Սրբազան նախ ընթերցումը կատարեց ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարար Վիգէն Սարգսեանի վկայագրութեան ուր կը յայտնուէր թէ Գանատահայոց Առաջնորդ Տ. Աբգար Սրբազան կ’արժանարար Պաշտպանութեան Նախարարի Անդրանիկ Օզանեան շքանշանը իր այլազան ծառայութիւններուն առ ի երախտագիտութիւն, ու Աբգար Սրբազանի կուրծքը կը զարդարէր յատուկ մետայլով: Ներկաները բազմաթիւ հարցումներով կը ստանային Հայկական բանակի այս նորայայտ մանրամասնութիւնները ու երկարատեւ ծափահարութիւններով կ’արտայայտէին իրենց գնահատանքը:
Մինչ կը սպասարկուէր ուտեստեղէններու հիւրասիրութիւնը, մեծադիր պաստառի վրայ կը ցուցադրուէր սրտառուչ տեսարաններ ամբողջ բանակին կողմէ Տէրունական Աղօթքի խմբային արտասանութեան եւ հոգեւոր աշխատողներու ու զինուորներու տողանցքի ու խմբային խրոխտ արտասանութիւններու եւ երգերու ներկայացման, խորապէս յուզելով ներկաները: