Կիրակի՝ 26 Փետրուար 2016-ին, Միսիսոկայի Ս. Վարդան ծուխէն ներս տեղի ունեցաւ Ս. Պատարագ եւ տարեկան անդամական ընդհանուր ժողովը նախագահութեամբ Գանատահայոց թեմի բարեխնամ Առաջնորդ գերշ. Տ. Աբգար Սրբ. Եպիսկոպոս Յովակիմեանի եւ ներկայութեամբ Գանատահայոց թեմի Թեմական Խորհուրդի փոխ-ատենապետ եւ Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ ծխական Խորհուրդի ատենապետ տիար Օհան Օհաննէսեանի։ Օրուան պատարագիչն էր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Միւռոն քհնյ. Սարգիսեանը։ Ս. Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ խնդրանօք Միսիսոկայի ՀՕՄ-ի Առագաստ մասնաճիւղի ի յիշատակ ննջեցեալ ծառայողաց։ Սրբազան հայրը իր օրհնութիւնը փոխանցեց եւ առիթն ունեցաւ զրուցելու ՀՕՄ-ի անդամներուն հետ գնահատելով անոնց նուիրեալ ծառայութիւնը։ Յաւարտ Ս. Պատարագի եւ հոգեհանգստեան, եկեղեցւոյ սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Միսիսոկայի ծուխի տարեկան անդամական ժողովը, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան հօր, ատենապետութեամբ Վազգէն Ալթունեանի եւ ատենադպրութեամբ Հուրի Սիմոնեանի։ Ժողովին ելոյթ ունեցան հոգեւոր հովիւն ու ատենապետը եւ յարակից մարմիններու նրկայացուցիչները իրենց տարեկան տեղեկագրերով, իսկ տարեկան հաշուետուութիւնն ու 2017-ի պիւտճէն ներկայացուց ծուխի հաշուապահուհի Լիլիան Սվաճեանը։ Ժողովի ընթացքին յատուկ գնահատանքի խօսքեր ուղղուեցան նախորդ տարուան ընթացքին ծառայած Ծխական Խորհուրդի անդամներուն, յատկապէս՝ տիար Լորիս Տումանեանին որ վերջին չորս տարիներուն ստանձնած էր փոխ-ատենապետի եւ ատենապետի պաշտօնները, սակայն իր խնդրանքով կը դադրի այսուհետ ծխական խորհուրդի անդամութենէն առիթ տալով այլոց իրենց ծառայութիւնը մատուցելու։ Ընտրուած եւ վերընտրուած 2017/2018 տարուան ծխական խորհուրդի անդամներ են` Վանիկ Ճէլիլեան, Ռաֆֆի Գէորգեան, Վարանդ Ապէտի, Քրիսթին Էրմարքարյան, Հուրի Սիմոնեան, Լիւսի Համպոյեան, Այտա Միրզայեան, Պօղոս Քէօշքէրեան, Քէթի Շահինեան, Մհեր Թորոսեան եւ Տիանա Միքայէլ։ Միսիսոկայի ծուխի պատգամաւորներն են՝ Պերճ Շալվարճեան, Վանիկ Ճէլիլեան եւ Լորիս Տումանեան, անձնափոխանորդ՝ Ռաֆֆի Գէորգեան։ Տէր Միւռոն շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին եւ յատկապէս Առաջնորդ Սրբազանին եւ տիար Օհան Օհաննէսեանին իրենց ներկայութեան համար։ Տիար Օհաննէսեան ուրախութեամբ նշեց, որ վերջին տարիներու ծուխի առաջխաղացումն ու յաջողութիւնները նկատելի են։ Սրբազան հայրը իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը փոխանցեց Միսիսոկայի ծուխի անդամներուն, նախկին եւ ներկայ ծխական խորհուրդի անդամներուն յոյս յայտնելով, որ անդամներու ժրաջան ծառայութեամբ կարելի պիտի ըլլայ իրագործել համայնքի ապագայի ծրագիրներն ու նպատակները։ Գնահատեց Միսիսոկայի անդամներուն կարեւոր դերը թեմական տարբեր մարմիններէն ներս որոնք իրենց ծառայութեամբ չեն սահմանափակուիր միայն ներծխական կեանքին մէջ այլ նաեւ կը փորձեն օժանդակել թեմական ծրագիրներուն, եւ այդ անկասկած օրինակելի եւ գնահատանքի արժանի քայլ է։ Սրբազանն իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը փոխանցեց հոգեւոր հովիւին եւ բոլոր մասնակիցներուն մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ։
Կազմակերպութեամբ Միսիսոկայի Ս. Վարդան ծուխի եւ ՀՕՄ-ի Առագաստ մասնաճիւղի նոյն օրը երեկոյեան Օքվիլ քաղաքի fim.ca cinemas սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Women of 1915 փաստագրական տեսաժապաւէնի ցուցադրութիւնը ներկայութեամբ Առաջնորդ Սրբազան հօր եւ տեսաժապաւէնի բեմադրիչ Պարէտ Մարոնեանի։
Փետրուար 28, 2017
Մամլոյ Դիւան
Միսիսոկայի Ս. Վարդան Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ